Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետին առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան լոյսին տակ:
Սուրբ Աթոռի համար առաջնայինը Մերձաւոր Արեւելքէ ներս արդար ու կայուն խաղաղութեան մը հաստատումն է, թէեւ Վատիկանի խօսոյթին մէջ չկայ ընդգծուած բառապաշար: Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի այցելութիւնը այժմ կ՚արժեւորուի՝ տարածաշրջանի տագնապալի իրավիճակի համայնապատկերին վրայ՝ մանաւանդ, որ Լիբանան նոր փուլի մը ընդառաջ կը գտնուի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յիսուս կը պատուիրէ, որ միա՛յն իմաստուն անձեր կը գործադրեն, մեծութիւնը չչափել մեր շահածովը եւ ունեցածովը, այլ անով՝ որ մենք կու տանք։ Արդարեւ, քանի հոգի ասկէ դար մը յետոյ պիտի յիշուի, երբ այսօրուան մեծատուները եւ համբաւ ունեցողները թառամին մթութեան մէջ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այս աշխարհի մէջ տրամաբանութիւն պէտք չէ փնտռել, որովհետեւ այդ մէկը փնտռելը ինքնին անտրամաբանական է, իսկ եթէ այդ մէկը փորձէք փնտռել Հայաստանի մէջ, ապա… ձեր մտային եւ հոգեկան առողջութիւնը քայքայուած է եւ գուցէ անբուժելի ախտով մը կը տառապիք:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Աստուածաբանական եւ ընկերաբարոյական նիւթեր. Բ. հատոր», Բերիոյ հայոց թեմի բարեջան առաջնորդին՝ Տ. Մակար արք. Աշգարեանի թարգմանական արգասիքի պտուղներէն մէկն է, որ լոյս տեսած է 2025-ին, Հալէպ:
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը այս տարի եւս քէրմէս մը կազմակերպեց՝ Ամանորի ընդառաջ։ Ծնողաց միութիւնը երկար տարիներէ ի վեր այս աւանդոյթը կը տեւականացնէ՝ աջակցելու համար դպրոցի շարք մը կրթական ծրագրերուն։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի հիմնադրութեան 60-ամեայ յոբելեանը այս շրջանին կը նշուի հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ՝ առաջնահերթ տեղ գտնելով թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգին վրայ։ Երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յոբելենական հանդիսութիւն մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ վերջին շրջանի հերթական յայտարարութեամբ՝ այս անգամ դիւանապետ Տ. Արշակ արք. Խաչատրեանի բանտարկութեան բերումով։
Տարուան վերջին ամիսը արդէն իր հետ բերած է Ամանորի ոգեւորութիւնը։ Թէեւ տակաւին բաւական երկար ժամանակ մը կայ մինչեւ Կաղանդ, սակայն, համայնքէն ներս բարձր տրամադրութիւնը գետի նման վարարիլ սկսած է։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Էրօլ Արա Չընարն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ խմբավար Յակոբ Մամիկոնեան։
Երէկ յետմիջօրէին, Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան հիւրընկալուեցաւ Կլոպալ յարաբերութիւններու ֆորումին (GIF-GRF) կողմէ:
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին կարեւոր նախաձեռնութիւնը:
Ծրագրի մեկնարկը բնորոշեց երէկուայ առցանց ծաւալուն քննարկումը՝ բազմակողմանի կարծիքի փոխանակումներու մթնոլորտին մէջ:
Երէկ, դէպի Եւրոպա կարճատեւ ուղեւորութեան ծիրէն ներս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը ընդունուեցաւ Մարսէյլի քաղաքապետ Պենուա Փայայի կողմէ։ Վեհափառ Հայրապետը նախ մեկնեցաւ Ժընեւ, ուր կեցութիւնը տեւեց օր մը։
Հայաստանի Քննչական կոմիտէի շէնքէն ներս Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը՝ կալանքի պահանջով ձերբակալեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետը:
Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան կը բանտարկուի 7 տարուայ վաղեմութեամբ կասկածի մը հետքով: Գործողութիւնը վրայ հասած է, երբ Վեհափառ Հայրապետը կը գտնուի արտասահմանի մէջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասու քսանեօթ անդամներ երէկ հանդէս եկան ուշագրաւ յայտարարութեամբ մը, որով անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեցին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նկատմամբ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
2008 թուականին Գերմանիոյ մէջ նկարահանուած է «Ալիքը» (Die Welle) ժապաւէնը, որու բուն նիւթն է հասարակութեան մէջ լիազօրութիւններու չարաշահումը, զանգուածային հետեւողականութիւնը եւ բռնապետութեան գործադրման ահռելի դիւրութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Տէ՛ր թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ։ Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ, ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 8-9)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային պատմութեան մէջ քաղաքականութիւնը միշտ ալ նկատուած է «վտանգաւոր», որովհետեւ իւրաքանչիւր քայլ ու որոշում կրնայ վիճակագրական ըլլալ եւ հասարակ խօսքն անգամ կրնայ զէնքի վերածուիլ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Համբերութիւնը զօրութիւն մըն է՝ ներուժ մը, որ վստահութիւն կը ներշնչէ ենթակային։ Յաջողութեան եւ նպատակի մը հասնելու ամենէն ապահով միջոցն է համբերութիւնը. զոր օրինակ, յուսացուած որեւէ բան եթէ զօրանայ հաւատքով եւ համբերութեամբ աւելի դիւրին կ՚իրականանայ, եւ այս իմաստով ահաւասիկ, համբերութիւնը՝ Հոգիին պտուղն է եւ առաքինութիւն է նաեւ այս պատճառով։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աշխարհի մէջ՝ ուր անասունները նոյնիսկ հաւասար չեն, ինչպէ՞ս կարելի է հաւասարութիւն ակնկալել. հազարաւոր դարեր մարդը պայքարեցաւ, որպէսզի հաւասարութիւն ստեղծէ, սակայն մնաց ապարդիւն. ես ու դուն ո՞վ ենք, որ կարենանք դարաւոր այդ վէրքին բուժում տալ, մա՛նաւանդ՝ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հաւասարութեան գաղափարը ինքնին անհաւասարութեան մէջ է՝ նկատի ունենալով, որ բոլոր անոնք, որոնք հաւասարութիւն ստեղծել կը փորձեն, պետութիւններու մէջ նոյնինքն անհաւասար ապրող անձերն են: