Արխիւ

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Երգը ընդդէմ քորոնաժահրի… Հայաստանի փոքրիկ երգիչներու նոր հոլովակը։ Այսպէս, Հայաստանի փոքրիկ երգիչները քորոնաժահրի դէմ պայքարին միացած են «Երգէ՛, եւ COVID-ը կը հեռանայ» երգով, որու հոլովակը արդէն հասանելի է երգչախումբի YouTube-ի առցանց հարթակով:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

«Արմմոնօ» թատերական փառատօնը 2020-ին պիտի նուիրուի Հրանդ Մատթէոսեանի 85-ամեակին։ Այսպէս, «Արմմոնօ» 18-րդ միջազգային թատերական փառատօնը այս տարի կը կայանայ օգոստոսի 1-10 թուականներուն միջեւ:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Աննա Նաղդալեան մեկնաբանեց Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին յայտարարութիւնները, որոնցմով ան քննադատած էր ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ խօսած՝ իր երկրի բանակցային գործընթացէ դուրս գալու հաւանականութեան մասին։ Այս բոլորի կապակցութեամբ բանբերը ըսաւ. «Հակահայկականութիւնը Ալիեւի իշխանութեան պաշտպանութեան վերջին գիծն է»։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակէն վերջ աշխարհի հաւանական զարգացումը կը տեսնէ երկու վարկածով։ Ըստ իրեն, համաճարակը խորացուցած է անվստահութեան մթնոլորտը աշխարհի երկիրներէն ներս, նաեւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու մէջ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Զուիցերիոյ Արտաքին յարաբերութիւններու դաշնակցային բաժանմունքի պետական քարտուղար Քրիստինա Մարթի Լանկի հետ։ Զրոյցի ընթացքին կարծիքներ փոխանակուեցան քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրներու շուրջ՝ կառավարութիւններու կողմէ համավարակի յաղթահարման ուղղեալ քայլերու հանգամանալից ներկայացումով։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Ամերիկահայ գիտնական ու գործարար Նուպար Աֆէեանի Moderna ընկերութիւնը կը շարունակէ աշխատանք տանիլ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը արտադրելու ուղղութեամբ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հաւանական այս պատուաստանիւթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէ դուրս մատակարարելու նպատակով Moderna ընկերութիւնը առաջին համաձայնագիրը կնքած է սպանական Laboratorios Farmacéuticos Rovi SA ընկերութեան հետ։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Սուրիոյ ապագային համար Մուսկուա կողմնակից է Դամասկոսի վարչակազմի եւ երկրի քիւրտերու միջեւ երկխօսութեան։ Զախարովա ըսաւ.
«Հարիւրամեակներ շարունակ Սուրիա եղած է երկիր մը, ուր զանազան էթնիք եւ կրօնական խումբեր խաղաղ գոյակցութիւն ունեցած են եւ ապահով ապրած։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ ամէն ատեն, ամէն տեղ եւ ամէն պարագայի մէջ ամէն մարդէ սորվելիք շա՜տ բան ունի։ Ուստի մարդ երբեք պէտք չէ ստորագնահատէ ոեւէ մէկը գիտութեան տեսակէտէ, քանի որ ամէն մարդ, իր նմաններուն անպայման սորվեցնելիք բան մը ունի եւ գիտութիւնը սահման չունի։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս նոր դէպքերը փոքր թափով կը նուազին։
Երէկ երեկոյեան նախարարը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց համաճարակի վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

4 յուլիս 2020.
Կարկուտի տարափով սկսաւ շքերթը: Կարկուտ. շքահանդէսի մը բացման ծափահարութիւնը կրնայ ըլլալ, կամ, եթէ այլաբանօրէն մտածենք, կարկուտի հատիկները կրնան տեղ չհասած աղերսներ ըլլալ, իրար հակասող ցանկութիւններ, օրինակ՝ հետզհետէ աճող հարկերուն թեթեւութիւնը աղերսող ժողովուրդին կրնան հակադրուիլ պետական շահերուն համար հարկերը աճեցնողներուն աղերսները, անձնականը գերադասողի մը աղերսը կրնայ հակադրուիլ իր հակառակորդին աղերսը...

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Եւրոխորհրդարանէ ներս Ժոզէֆ Պորել հակադրուեցաւ Թուրքիոյ դէմ խստութեան ակնկալութիւններուն:
ԵՄ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կը պատրաստուին քննարկել Անգարայի հետ յարաբերութիւնները:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

ԵՐԱՄ

Այդպէս թարմացած, դէմքին յայտնուած արեւը իբր նուէր ընդունած, դուրս եկաւ Նորան իրենց բակէն, սկսաւ քալել Սարեան փողոցի մայթով։ Զանայի հետ ժամադրուած էին ժամը չորսին, Մաշտոցի պուրակին մէջ։ Ձեռքը տարաւ ետեւ, մէջքէն կախուած թեթեւ պայուսակին. շօշափեց զայն, ստուգեց` տետրը առե՞ր էր. առեր էր։

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

«Համաճարակէն վերջ ամէն երկիր հնարաւորութիւն կ՚ունենայ դարձեալ ինքզինք ներկայացնելու ու շատ էական է, որ Հայաստան լաւ ներկայացուի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ քաղաքականութեան պէտք ունինք սփիւռքի կապակցութեամբ։ Սփիւռքահայը պէտք է զգայ, թէ այս երկրին մաս կը կազմէ»:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։
Ճաբոնցի մը լուսանկարած եւ իր ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած է Թոքիոյի մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, սակայն դիտարժան տեսարանը ոչ թէ կառոյցն է, այլ շէնքի երկարութեամբ աճող կանկատունկը:

Ուրբաթ, Յուլիս 10, 2020

Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայ մտքի հսկաներէն մէկուն՝ Ղեւոնդ Ալիշանի ծննդեան 200-ամեակը Հայաստանի մէջ այս օրերուն կը նշուի անսովոր պայմաններու տակ: Անցեալ տարի մեծ հայուն յոբելեանը նշելու մեծածաւալ ծրագիրներ կազմուած էին, բայց համավարակը գլխիվայր շրջած է ո՛չ միայն այս, այլեւ՝ շատ ուրիշ ձեռնարկներ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020

ԺԻՐԱՅՐ ԴԱՆԻԷԼԵԱՆ

1966 թուականի յունուարին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնական ամսագիրը «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ» խորագրին տակ կը ծանուցանէր հետեւեալը.-
«Հիւսիսային Ամերիկայի հայ պատուական ազգայիններէն տիար Գէորգ Թօփալեան (գրական անունով՝ Գ. Մելիտինեցի) եւ իր կինը՝ ազնուափայլ տիկին Նարդուհի, հաստատած են գրական մրցանակ մը հետեւեալ տրամադրութիւններով եւ առաջադրութիւններով» (տե՛ս «Հասկ», 1966, էջ 25):

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020

ԱԲՐԱՀԱՄ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
(Քաղաքագիտութեան Դոկտոր)
Արտագրեց եւ Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Անցնող օրերուն Կրթութեան նախարարութիւնը համացանցային քննարկումներու նիւթ տուաւ: Շուտով, կառավարութեան կը ներկայացուի հանրակրթութեան նոր չափորոշիչներու ծրարը, որ բաւական ընդարձակ է. յետագային կ՚անդրադառնամ այդ մասին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020

«Տաշիր» բարեսիրական հիմնադրամը 300 հազար տոլարի համարժէք դրամ նուիրած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին՝ Հայաստանի շտապ բժշկական օգնութեան ծառայութեան 1786 բժիշկներուն, հիւանդապուհիներուն եւ բժշկական կեդրոններու աշխատակիցներուն նիւթական աջակցութիւն տրամադրելու նպատակով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2020

Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթէն կը տեղեկանանք, թէ լիբանանահայ Ռիթա Շահինեան դարձած է արաբական աշխարհի հիւլէական բնագաւառի առաջին կին բժիշկը։
Ռիթա Շահինեան ծնած է 1987 թուականին, Լիբանան:

Էջեր