Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Երեւանի փողոցները միշտ կը մնան եռուն։ Իրերայաջորդ ցոյցեր, երթեր տեղի կ՚ունենան՝ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Պրիւքսել։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան հանդիպում մը կ՚ունենայ ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Քրեմլինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման նպատակով աշխատանքները կը շարունակուին»:
Վլատիմիր Փութին եւ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղեալ քայլերը - Թրամփի վարչակազմն ալ կ՚աշխուժանայ՝ իր ներդրումը բերելու համար:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այսօր կարճատեւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները իր շփումներու ծրագրին մասին մանրամասնութիւններ չեն հաղորդած։ Պարզապէս հաղորդուած է, որ Մնացականեան կը տեսակցի իր ռուս պաշտօնակցին՝ Սերկէյ Լաւրովի հետ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ Արցախ տարուեցաւ հայոց բանակի՝ Աշոտ Երկաթի խաչը, որու մէջ զետեղուած են Քրիստոսի խաչափայտի սուրբ մասունքները։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նխագահեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Անցեալ շաբաթավերջին, Վազգէն Վարդանօղլուի գլխաւորած թաղային խորհուրդը եւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան հիւրընկալեցին Նորին Ամենապատուութիւնը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Օլիվիէր Կաուվին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 21, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

ԽՕՍԻԼ. Երեխաները առաւել դիւրին կ՚արտայայտեն իրենց մտքերը, քան զգացումները, ուստի սկսէ՛ք խօսիլ երեխային հետ եւ խօսեցնել զայն: Այդ խօսակցութիւնը պէտք է համապատասխան ըլլայ երեխայի տարիքին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Փաշինեան. «Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ռազմավարական դեր ունի մեզի համար»:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները ռուսական «ԹԱՍՍ» գործակալութեան հարցազրոյցներ տալով պատրաստակամութիւն յայտնեցին Մոսկուայի մէջ հանդիպելու ուղղութեամբ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կը պատրաստուի թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան։ Թէեւ նուիրահաւաքը ընթացիկ է, սակայն Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին տեսակէտէ ան արտասովոր ու ճակատագրական նշանակութիւն ունի։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շաբաթ երեկոյեան Երեւանի մէջ դրական շունչ մը սկսաւ տարածուիլ։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնները միասնաբար հանդէս կու գային «անսպասելի» յայտարարութեամբ մը՝ նշելով եւ «աւետելով», որ մարդասիրական հրադադար պիտի հաստատուի Երեւանի ժամանակով կէս գիշերին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Կարճ ժամանակ մըն ալ ձեզի հետ եմ» (Յհ 7.33):
Մեկնութիւն.
Չորս բանէ կ՚երեւի. նախ՝ թէ այժմ չէք կրնար բռնել զիս, սակայն կարճ ժամանակ մը ետք, Ես կամովին Ինքզինքս ձեր ձեռքը պիտի տամ՝ խաչելու, որովհետեւ այս օրէն մինչեւ խաչելութիւնը վեց ամիս կը թուի:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դարձեալ կանգնած ենք պատերազմի աւերներուն դէմ յանդիման՝ փախստականներ, զոհեր, կռուի գացած զինուորին սպասող եւ զոհուած զինուորին վիշտը սրտին ապրող կին եւ մայր…

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Գործի մը կամ գործիքի մը արժէքը ո՞ր մէկը կ՚որոշէ. քանա՞կը թէ որակը։ Ուրիշ խօսքով, շատ աշխատիլ եւ արդիւնաբեր չըլլալ եւ կամ շատ բան ունենալ բայց օգտակար, օգտագործելի ոչինչ ունենալ. ո՞րն է նախընտրելին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Արցախի ճակատին վրայ լայնածաւալ պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Ամէն վայրկեան թէժ մարտերու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին ռազմաճակատէն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ քննարկում մը իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը արդէն երկրորդ անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Արցախի թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք կը տանի ճգնաժամային իրավիճակը կառավարելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած ու համակրելի դէմքերէն իրաւաբան Նուպար Եըլտըզ։ Վերջին օրերուն ան Շիշլիի «Օսմանօղլու» հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ կը գտնուէր։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի սաստիկ պատերազմին հետեւանքով արտասովոր իրավիճակ մը ստեղծուած է նաեւ Հայաստանի Սիւնիքի մարզէն ներս։ Երկրի հարաւին, Իրանի սահմանակից այս մարզը լուրջ բարդութիւններ կը դիմագրաւէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու մթնոլորտին մէջ։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակէ պայմանաւորել համայն հայութեան օրակարգը։ Սփիւռքի հայաշատ կեդրոններէն ներս տեղի կ՚ունենան բողոքի ցոյցեր եւ զօրակցութեան հանրահաւաքներ։

Էջեր