Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 18, 2025

Վլատիմիր Փութին Մեսուտ Փեզեշքիանը հիւրընկալելու զուգահեռ՝ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Մոսկուա, որ Թեհրանի հետ ռազմավարական գործընկերութեան համաձայնագիր ստորագրեց, կը հետեւի Երեւանի՝ դէպի Պրիւքսէլ քայլերուն:

Շաբաթ, Յունուար 18, 2025

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական դասու արժէքաւոր եւ համակրելի անուններէն Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան կը թեւակոխէ իր ծննդեան 70-ամեակը։ Յոբելեար սրբազանի ծննդեան տարեդարձի օրն է վաղը. ան կը դառնայ 70 տարեկան։

Շաբաթ, Յունուար 18, 2025

«Ակօս» շաբաթաթերթի հիմնադիր Հրանդ Տինք այս շաբաթավերջին կ՚ոգեկոչուի իր սպանութեան 18-րդ տարելիցին։ 19 յունուար 2007-ին մահափորձի զոհ գացած էր Հրանդ Տինք, որու բացակայութեամբ պայմանաւորուած պարապութիւնն ու կարօտը կը խորանան տարուէ տարի։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Երեւանի Երաժիշտներու տան մէջ հանդիսաւոր հաւաքոյթ՝ մշակոյթի փոխ-նախարարի մասնակցութեամբ:
«Երաժշտական եւ արուեստի դպրոցներու համար ուսումնամեթոտական գրականութեան մշակում եւ հրապարակում»:

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Համաշխարհային արդի սպառնալիքներու եւ մարտահրաւէրներու շուրջ դաշնակիցներու միջեւ արժեւորում:
Հայաստանի ընդհանուր սպայակոյտի նախագահը մասնակցեցաւ ՆԱԹՕ-ի ռազմական կոմիտէի վերջին նիստին:

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէ այսօր կ՚այցելէ Ատրպէյճան։ Սա Քոպախիծէի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ վերընտրուելէ վերջ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպում մը՝ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն մասնակցութեամբ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Իրանի նախագահ Մեսուտ Փեզեշքիան այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ։ Քրեմլինի պալատէն ներս նախատեսուած է երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Զուիցերիա պիտի այցելէ՝ մասնակցելու համար Տաւոսի համաշխարհային տնտեսական ֆորումին։ Յունուարի 20-24-ին նախատեսուած է Տաւոսի այս տարուան հաւաքը, որու շրջանակներէն ներս Փաշինեան կ՚ունենայ նաեւ երկկողմանի հանդիպումներ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Թուրքիոյ հրեայ համայնքը յուղարկաւորեց իր նորոգ հանգուցեալ բազմամեայ հոգեւոր առաջնորդը:
Նեւէ Շալոմ սինակոկին մէջ ներկայ էին նաեւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Նաիրի Պետրոսեան:

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտնեց, որ Երեւանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ հաստատուած ռազմավարական գործընկերութիւնը էական նշանակութիւն ունի՝ աշխարհաքաղաքական բարդ իրավիճակի մէջ կողմնորոշուելու առումով։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

​Մարդիկ միշտ կ՚ունենան յարաբերութիւններու եւ մտերմութեան ձգտում: Այս ծարաւը կ՚ընդգծէ մարդկութեան պահանջը ընկերային կապերու համար եւ կրնայ ստիպել զանոնք որոնել յարաբերութիւններ, նոյնիսկ եթէ անոնք խուսափին ընկերային փոխազդեցութենէ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Աւանդ» իր ամենայն եւ ընդարձակ իմաստով կը նշանակէ՝ «պահ տրուած բան»։ Ուստի, «աւանդ»ը արժէք մըն է՝ որ պէտք է պահեն եւ պահպանեն իրերայաջորդ սերունդներ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2025

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 96 տարիներ առաջ՝ 1929 թուականին գրող եւ սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին նկատուող Շահան Շահնուր իր «Նահանջը առանց երգի» աշխատութեան մէջ կը բարձրաձայնէր մայրենի լեզուի նահանջը եւ այդ նահանջին դիմաց իր մեղա՜ն կը կարդար Արարատին։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Շիշլի մարզակումբի մարզիկները վերջին երկու օրերուն Աթագիւղի Ողիմպիական մարզասրահին մէջ մասնակցեցան Իսթանպուլի՝ մինչեւ 12, 14 եւ16 տարեկաններու քաղաքային զտման։ Շիշլիցիներուն տեսակէտէ սա եղաւ կարեւոր առիթ մը փորձառութիւն ձեռք բերելու տեսակէտէ։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց «Sıfır Atık» հիմնարկի նախագահ Սամետ Աղըրպաշը։ Հարկ է նշել, որ այս հիմնարկը նոր հաստատուած է եւ անոր նպատակն է նպաստել թափօններու քանակութիւնը իջեցնելու ուղղեալ ջանքերուն՝ զանոնք ի վերջոյ հասցնելու համար զերոյական մակարդակի։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Էսաեան վարժարանի միջնակարգի եւ լիսէի բաժիններու աւարտական դասարաններու սաները։ Աշակերտական խումբը առաջնորդեցին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան եւ վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կը մասնակցի ազգային բարերար Սարգիս Պետեւեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան։

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Հայ Երուսաղէմը այս օրերուն Ամանորի եւ Սուրբ Ծնունդի ուրախութիւնը կ՚ապրի։ Մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ ծանր մարտահրաւէրներ, տարեմուտի այս փուլին ստեղծուած միասնականութեան մթնոլորտը առիթ կը դառնայ, որ սաղիմահայութիւնը տոգորուի լաւատեսութեամբ եւ ինքնավստահութեամբ, նաեւ ամրապնդուի վճռականութեան մէջ։ 

Հինգշաբթի, Յունուար 16, 2025

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան յայտարարեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութիւնը պայմանաւորուած չէ միայն Երեւանով եւ Պաքուով։

Էջեր