Արխիւ
«Մեր հայեր» հարթակի ներկայացուցիչները երէկ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Կեդրոնական սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, մամլոյ ասուլիսի ատենախօսներն էին՝ Նաժտա Շատեան, Նաթալի Ճեպէճի, Յովհաննէս Եանճը, Արաս Ալաքուշ եւ Արեւ Ճեպէճի։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անկասկած, որ Պէյրութի օրացոյցի 4 օգոստոս, 2020-ը տակաւին երկար ատեն պիտի մնայ աշխարհի եւ յատկապէս հայութեան յիշողութեան մէջ՝ իբրեւ մեծ աղէտ եւ քաղաքական անորոշութեան եւ ընկերային մրրիկի արդիւնք: Այլ խօսքով՝ պատմութեան պատմական հարուած:
Մինչ այժմ դուք, անկասկած, գտած էք «COVID-19»ի հետ կապուած տագնապը յաղթահարելու միջոց: Հնարաւոր է՝ դուք կը հանգստանաք խոր շունչ քաշելով կամ պարզապէս թունդ խմիչք կը լեցնէք ձեզի համար:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ցուցանիշները կը շարունակեն մտահոգիչ պատկեր մը պարզել։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց երկրի վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարներուն տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Տոմինիքեան Հանրապետութեան մայրաքաղաքին՝ Սանթօ Տոմինկոյի մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցան Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի եռօրեայ ժողովներ:
Վեհ. Հայրապետի նախագահութեամբ ծաւալուն քննարկումներ՝ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութիւններուն շուրջ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սուրբ Աստուածածնի վերափոխման մեծ տաղաւարը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի խաղողօրհնէքի արարողութեան:
Թրքահայութիւնը շաբաթավերջին հոգեւոր հրճուանքի, խանդավառութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր ժողովուրդը Սուրբ Աստուածածնի տօնի խորհուրդով փութաց մեր եկեղեցիները։
ԶԱՐՄԻՆԷ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց հայ ամէնօրեայ վարժարանին (ՍՆԱՎ) տնօրէնութիւնը 1987-1988 դպրոցական տարեշրջանին երբ ստանձնեցի, ծրագիրներէս մին մեր աշակերտութիւնը ծանօթացնել էր մեր անմիջական համայնքին երախտաւորներուն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անհանգիստ վիճակ կը տիրէ Լիբանանի մէջ, որ ազդեցութիւն ունի Մերձաւոր Արեւելքի տարածքին վրայ։ Զանազան առիթներով ալ գրած եմ, որ Պէյրութը թէեւ վերջին տասնամեակներուն զրկուեցաւ «Արեւելքի Զուիցերիա» ըլլալու հին դրոյթէն, սակայն կը շարունակէ մեծ կարեւորութիւն ներկայացնել այն տէրութիւններուն, որոնցմէ իւրաքանչիւրը իր ձեւով կը փորձէ առկայ խաղերուն մէջ կարեւոր մասնաբաժին ունենալ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երկիր մոլորակը հարուստ է իր գեղեցկութեամբ առինքնող վայրերով: Այդ հրապուրիչ, հմայիչ վայրերը ամէն տարի կ՚այցելեն աշխարհի զանազան երկիրներէ միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներ, որոնք իրենց հետ կը տանին մոգական, կախարդական անբացատրելի տպաւորութիւններ ու յուշեր, մինչ այդ զանոնք կը յաւերժացնեն լուսանկարներով կամ տեսանիւթերով։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ եթէ փնտռէ որեւէ բան, մեծ հաւանականութեամբ կը գտնէ զայն, եթէ իրապէս կ՚ուզէ գտնել։ Բայց փնտռուածը գտնելէ աւելի կարեւոր է գտնելէ վերջ զայն պահել։ Արդարեւ ոչինչ պիտի արժէ փնտռուածը գտնել, եթէ զայն պահելու մասին բծախնդիր չէ մարդ։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածամօր Վերափոխման տաղաւարը անգամ մը եւս կը յայտնուի որպէս առիթ՝ հոգեւոր ուրախութեան։ Իրաւ է, թէ հաւատացեալ հոգիներու համար եկեղեցւոյ բոլոր օրերը կը ներկայանան տարբեր պատգամներով, որոնք ատակ են հոգիներ հարստացնելու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի վերափոխման տօնը Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ չորրորդ տաղաւար տօնն է, որ այս տարի կը հանդիպի 16 օգոստոս, կիրակի օրուան, քանի որ տօնը կը կատարուի օգոստոս 15-ի մերձակայ, այսինքն օգոստոս 12-էն մինչեւ 18 հանդիպող կիրակին։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Վաքըֆլըգիւղ։ Տեղւոյն Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վաղը կը նախագահէ Վերափոխման տաղաւարի արարողութիւններուն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Կիրակի, 16 օգոստոս 2020-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի նշէ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման տօնը: Ըստ աւանդութեան, Սուրբ Կոյս Մարիամ երբ ֆիզիքապէս կը բաժնուի այս աշխարհէն, անոր թաղումէն օրեր ետք, երբ Բարդուղիմէոս Առաքեալ Երուսաղէմ կը հասնի, անպայման կ՚ուզէ իր վերջին յարգանքը մատուցելու Տիրամօր:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին այս շաբաթավերջին կը նշէ Սուրբ Կոյսի տաղաւարը։
Աշխարհի բնակչութիւնը պէտք է գիտակցութիւնը ունենայ ուտելիքի նկատմամբ խնայողական վարուելու։ Մանաւանդ վերջին քորոնաժահրի համավարակի օրերուն այս պայմանը ա՛լ աւելի ուշագրաւ կը դառնայ։
Շիքակոյի մէջ, Միացեալ Նահանգներ, վաճառուած է ինքնատիպ բնակարան մը։ Ան ուշադրութիւն կը գրաւէ իր 1 մեթր լայնութեամբ։ Բնակարանը կը գտնուի Շիքակոյի Տիըրֆիլըլտ բնակավայրին մէջ, որու բնակիչները զայն նմանցնելով կարկանդակի շերտի՝ անուանած են «կարկանդակ-տուն»։
Արձակագիր ու թարգմանիչ Հմայեակ Ոսկանեան ծնած է 1902 թուականի փետրուար 15-ին, Ալաշկերտ գաւառի Քարաքիլիսէ գիւղաքաղաքին մէջ, Աղրը։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է տեղւոյ ութամեայ դպրոցին մէջ։