Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ մարզի մէջ կարգապահութիւնը (discipline) անհրաժե՛շտ է։ Կարգապահութիւնը, արդարեւ յաջողութեան հոգին է։ Կեանքի մէջ նպատակի մը հասնելու համար որքան պէտք է աշխատութիւն, գիտութիւն եւ փորձառութիւն, նո՛յնքան անհրաժեշտ է կարգապահութիւնը, քանի որ եթէ կարգապահութիւնը պակսի աշխատանքի մը մէջ, այդ աշխատութիւնը որեւէ արժէք չ՚ունենար, ապարդիւն կ՚ըլլայ ամէն ջանք։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի աւարտին արցախահայութեան տեսակէտէ մարդկային ծանր կացութիւն մը ստեղծուած է։ Թէեւ կը հաղորդուի, որ Ստեփանակերտի մէջ կը վերականգնուի խաղաղ կեանքը, սակայն բազում հարցականներ կը մնան օրակարգի վրայ։
Հայաստանի մէջ այս կիրակին հռչակուած է՝ Արցախի պատերազմի ժամանակ հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած հերոսներու յիշատակութեան օր։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը օրեր առաջ հանդէս եկած էին համապատասխան կոչով մը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Ժընեւի մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհ գացած է նախկին պոլսահայ, զուիցերահայ համայնքի սիրուած ու յարգուած դէմքերէն՝
ՏԻԱՐ
ՍԱՐԳԻՍ ՃԻԼԱՃԵԱՆ
Այս կորուստը խոր յուզում յառաջացուցած է իր սիրելիներու շրջանակէն ներս։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը երէկ ցաւակցական նամակ մը ուղարկեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին:
Պոլսահայ եկեղեցիներու մէջ այս կիրակի հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարուի Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեանի համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Բաղձանքս
«Երազներս խունկ ու ծաղիկ
«Ինկան մութի քօղին մէջ.
«Մահը իջաւ հոգւոյս բաղձիկ
«Խըլել սէրն իմ լուսառէջ։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
«Կ՚ողբամ քեզ, հայոց աշխարհ: Կ՚ողբամ քեզ, բոլոր հիւսիսային ազգերուն մէջ վեհագոյնդ, որովհետեւ վերացան թագաւորդ ու քահանադ, խորհրդականդ ու ուսուցանողդ, վրդովեցաւ խաղաղութիւնդ, արմատացաւ անկարգութիւնը, խախտեցաւ ուղղափառութիւնը, հիմնաւորուեցաւ չարափառութիւնը տգիտութեամբ:
Կը նախատեսուի, որ 2021 թուականը աւելի լաւ տարի մը պիտի ըլլայ, քան 2020 թուականը՝ յատկապէս Tom and Jerry յայտնի երգիծանկարի սիրահարներու համար։ Վերջին օրերուն համացանցի մէջ լայն արձագանգ ստեղծեց յաջորդ տարուայ մարտի 5-ին թողարկուելիք շարժանկարի ծանօթացման տեսահոլովակը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի տագնապալի կացութիւնը կը շարունակուի՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին մէջ արձանագրուած ձախողումին հետեւանքով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնները կը ջանան ձեւով մը վերականգնել որոշ հաւասարակշռութիւններ, սակայն առայժմ յայտնի չէ, թէ այդ բոլորը ո՛ւր կրնան հասնիլ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մշտական կապի մէջ է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ՝ համակարգելու համար յետպատերազմեան աշխատանքները:
Փաշինեան-Մաքրոն եւ Այվազեան-Լաւրով հեռախօսազրոյցներու ընթացքին քննարկուեցան հրադադարի յայտարարութեան յաջորդած առկայ պայմաններուն ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը:
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան այս առաւօտ հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի պարտութեան հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակին մէջ Երեւանէ ներս կ՚ապրուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հրաժարականներու տարափ մը։
Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրով՝ Արա Այվազեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեամբ պայմանաւորուած քաղաքական ցնցումներու մթնոլորտին մէջ, Զօհրապ Մնացականեան վերջին օրերուն լքած էր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի անորոշութիւնը կը մնայ առկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով երկիրը կը ջանայ դիմագրաւել մեծ ձախողում մը, ինչ որ կ՚ուղղորդուի ցնցումներով եւ լարուածութեամբ։
Հայաստանի Ազգային ֆութպոլի հաւաքականը երէկ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Հիւսիսային Մակեդոնիան։ Երեւանի մէջ նախատեսուած այս մրցումը տեղի ունեցաւ Նիկոսիայի մէջ։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ ՈՒԷՖԱ-ի Ազգերու լիկի C խմբաւորման երկրորդ ենթախումբի մրցումներու ծիրէն ներս։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Դժբախտաբար, ան վերջին շրջանին վարակուած էր քորոնաժահրով եւ Երեւանի մէջ միջոցէ մը ի վեր կը գտնուէր դարմանման տակ։ Բժիշկները խտացեալ խնամք կը ցուցաբերէին նորին սրբազնութեան առողջութեան վերականգնման համար։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը Վատիկանի մէջ շուրջ շաբաթ մը առաջ հիւրընկալեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան քահանայապետական պատուիրակ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։
«Հաս» խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ միշտ տարակարծութիւն:
Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնը երէկ հրապարակեց մամլոյ հաղորդագրութիւն մը:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տան պատուհանէն կ՚երեւին Շուշիի ոլորապտոյտ ճանապարհները:
Վեր խոյացած անառիկ բերդաքաղաքը կը հսկէր Արցախի, մասնաւորապէս Ստեփանակերտի անդորրը:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վարդան Այգեկցին (ծննդեան թիւը անյայտ, մահացած է 1250թ.) Մխիթար Գօշի կրտսեր ժամանակակիցն է, միջնադարեան հայ աստուածաբան, մատենագիր, առակագիր, քարոզիչ, հասարակական գործիչ:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. կը նեղուիմ, երբ ուրիշները իմ մասիս լաւ կարծիք չունին:
-Շատ ապրիս, որ իմացուցիր զիս այդ մասին: