Արխիւ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեզ բոլորս մտատանջող եւ յաճախ լսելի դարձող կայ հարցում մը, որ ժամանակի եւ պայմաններու սահմանափակումներէն դուրս է. հարցումը կ՚ըսէ, արդեօք մենք՝ հայերս հասկցած ե՞նք զիրար։
Մէկ քաղաքի, մէկ թաղի, մէկ շէնքի, մէկ երկրի ու մէկ աշխարհի մէջ ապրող հայերս կարողացած ենք զիրար լսել, իրարու հետ ըլլալ, իրարու օգնել ու մանաւանդ մէկ նպատակի համար պայքարիլ...
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս այս շրջանին կը բացայայտուին գայթակղութիւններ:
Մեկնաբաններու համոզմամբ, վերջին ձերբակալութիւններով իրականութեան մէջ կը թիրախաւորուի նախարար Էլմար Մամետեարով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ» (ԱՌԱԿ. Գ 18)։
Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ. քանի որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց իմաստութեամբ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութիւնը վերջերս ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որու նպատակն է «Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագրի առողջապահական բաղադրիչի համատեղ իրականացումը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ երկրին մէջ կատարուեցաւ 48 հազար 787 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1003 նոր վարակեալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալւեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար կ՚որդեգրուի նոր հայեցակարգ մը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայկական պետութիւնը հայ ժողովուրդի գոյութեան միակ երաշխաւորն է»:
Վճռաբեկ ատեանի արձակած վճռի հիման վրայ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիր մը:
Այա Սոֆիան նախապատրաստական աշխատանքներէ վերջ պաշտամունքի պիտի վերաբացուի 24 յուլիսի ուրբաթի աղօթքով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համարկրելի մեներգչուհի Սեդա Քիւրքճիւօղլու վերջերս նուաճած է տոցենթի կոչում։ Սեդա Քիւրքճիւօղլու մեր համայնքի յայտնի արուեստագիտուհիներէն մին է։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
29 յունիս 1999 թուականին այս աշխարհին իր աչքերը յաւէտ փակեց վերջին հարիւրամեակի հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն, մեծագոյն հոգեւորականներէն ու աստուածաբաններէն մէկը՝ գրջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Քէսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այո՛, յաճախ կը խօսինք հայ ուսուցիչին, հայ դպրոցին, հայ կրթական մշակին մասին:
Բեմերէն, հանդէսներու ընթացքին եւ ճաշկերոյթներուն գովքը կը հիւսենք հայ ուսուցիչին եւ անոր նուիրական առաքելութեան:
ՍԵԼԼԱ
Ճեմարանականները «Հայ ճեմարանի» 90-ամեակի կոչը լսելով՝ նուիրատուութեան կողքին ուրախալի այլ երեոյթ մը պարզեցին. անոնցմէ շատեր անակնկալօրէն ձեռք առին իրենց գրիչը։
Մեզի ծանօթ քանի մը գրողներու կողքին, կը հանդիպինք անուններու, որոնք շատո՜նց հայերէն չէին գրած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուիններով պիտի ընդունուի՞ այն խօսքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան ապագան վտանգուած է եւ գալիքը աղօտ։
Կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդիկ չուզեն այս խօսքը իրատեսօրէն քննել, որովհետեւ նման խնդրի մը արծարծումը կ՚ուզէ նաեւ մեծ եւ արմատական լուծումներու յանգիլ։
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։
Ճաբոնցի մը լուսանկարած եւ իր ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած է Թոքիոյի մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, սակայն դիտարժան տեսարանը ոչ թէ կառոյցն է, այլ շէնքի երկարութեամբ աճող կանկատունկը:
Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։
Ներկայիս «շարժական տուներ»ու նկատմամբ ուշադրութիւնը աւելցած է, քանի որ մարդիկ այլեւս ձանձրացած են առօրեայի թոհուբոհէն եւ կ՚ուզեն գոնէ քիչ մը հեռանալ կեանքի հեւքէն։ Ռոպի եւ Փրիսիլա ամոլը երկար տարիներ երազած է «շարժական տուն» մը ունենալու մասին, որպէսզի քիչ մը փրկուի առօրեայ վազվզուքէն ու հանգստանայ։
ՆԱՍԱ-ն քորոնաժահրէն «պաշտպանող» վզնոց մը ստեղծած է, որ ամէն անգամ կը թրթռայ, երբ անոր տէրը կը փորձէ ձեռքը դէմքին տանիլ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը՝ ՆԱՍԱ, քորոնաժահրի դէմ վզնոց մը ստեղծած է։
Անհաւանական քանդակը կը փոխէ իր տեսքը՝ եղանակներուն համեմատ։
Անգլիոյ հարաւ-արեւմտեան կողմը գտնուող Քոռնուալը կախարդական վայր մըն է, որ յայտնի է Արթուր արքայի մասին հեքիաթներով եւ առասպելներով:
Հայաստան կը միանայ UEFA Playmaker ծրագրին։ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութիւնը միացած է UEFA Playmaker ծրագրին:
Երգը ընդդէմ քորոնաժահրի… Հայաստանի փոքրիկ երգիչներու նոր հոլովակը։ Այսպէս, Հայաստանի փոքրիկ երգիչները քորոնաժահրի դէմ պայքարին միացած են «Երգէ՛, եւ COVID-ը կը հեռանայ» երգով, որու հոլովակը արդէն հասանելի է երգչախումբի YouTube-ի առցանց հարթակով: