Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը հարցազրոյց մը տուաւ Սլովենիոյ «Delo» օրաթերթին։
Նալպանտեան. «Ատրպէյճան կը հրահրէ լարուածութիւնը մեր տարածքաշրջանէն ներս։ Մենք այսօր հնարաւորութիւն ունինք շարունակելու բանակցութիւնները ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ։ Բոլորին յայտնի է, որ պատերազմը խնդրի լուծման միջոց չէ եւ բոլոր պատերազմներէն վերջ պէտք է վերադառնալ սեղանի շուրջ»։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան Քուէյ­թի շփում­նե­րը ա­ւար­տե­լով ան­ցաւ Գա­հի­րէ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեա­նի կող­մէ գլխա­ւորուած պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը ներ­կայ կը գտնուի «Ե­գիպ­տո­սի տնտե­սու­թեան ա­ջակ­ցու­թեան եւ զար­գաց­ման» մի­ջազ­գա­յին տնտե­սա­կան հա­մա­ժո­ղո­վին։

Շաբաթ, Մարտ 14, 2015

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու յայ­տա­րարեց, որ Ապ­րի­լի 24-ի նա­խա­շե­մին Թուր­քիա մի­ջոց­նե­րու կը ձեռ­նար­կէ Հա­յաս­տա­նի քայ­լե­րուն դէմ։ «A Haber» ­կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ Չա­վու­շօղ­լու ը­սաւ, թէ Հա­րա­ւա­յին Կով­կա­սի բո­լոր խնդիր­նե­րու կի­զա­կէ­տին կը գտնուի Հա­յաս­տան։ Իր այս յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ար­ձա­գանգ գտած են ինչ­պէս Ատր­պէյ­ճա­նի, այն­պէս ալ Հա­յաս­տա­նի զա­նգուա­ծա­յին լրատուու­թեան մի­ջոց­նե­րուն մօտ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ֆրան­սա­ցի դաշ­նա­կա­հար Ռի­շար Քլայ­տէր­ման այ­սօր հա­մեր­գով մը հան­դէս կու գայ Ե­րե­ւա­նի մէջ։ Օ­փե­րա­յի եր­դի­քին տակ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ այս ձեռ­նար­կը։ Վա­ղը եւս Քլայ­տէր­ման գե­ղարուես­տա­սէր­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յա­նայ երկ­րորդ հա­մեր­գով մը։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

«Պո­ղա­զի­չի» հա­մալ­սա­րա­նի «Տէ­միր Տէ­միր­կիլ» սրա­հին մէջ ե­րէկ ի­րի­կուն բե­մադ­րուե­ցաւ «Զա­պէլ» թա­տե­րա­խա­ղը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յա­ռա­ջի­կայ Ապ­րի­լի 24-ին ո՛վ, ո՛ւր պի­տի եր­թայ։ Ո՛ր ղե­կա­վա­րը պի­տի նա­խընտ­րէ ո՛ր հաս­ցէն. Հա­յաս­տա՞ն, թէ Թուր­քիա, Ծի­ծեռ­նա­կա­բե՞րդ, թէ Չա­նաքքա­լէ։ Այս հար­ցու­մը հետզ­հե­տէ ա­ւե­լի կա­րե­ւոր ի­մաստ մը կը ստա­նայ հայ­կա­կան հար­ցին տե­սան­կիւ­նէն։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հայ կա­թո­ղի­կէից վիճակաւոր Տ․ Լե­ւոն Արք․ Զե­քիեան ե­րէկ երեկոյեան բա­նա­խօ­սու­թիւն մը սար­քեց Ս․ Յա­կոբ հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճան կը շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­վա­րա­կան այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու շար­քը՝ պաշ­տօ­նը նոր ստանձ­նե­լու կա­պակ­ցու­թեամբ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ մարդ մար­մի­նէ եւ հո­գիէ բաղ­կա­ցած ամ­բող­ջու­թիւն մը, էակ մըն է։ Մար­մի­նին ու հո­գիին մի­ջեւ կեն­սա­կան կապ մը կայ եւ ուս­տի ինչ տե­սակ թոյն կ՚ազ­դէ մար­մի­նին, եւ կ՚եղ­ծա­նէ, կ՚ա­պա­կա­նէ զայն, կ՚ազ­դէ նաեւ հո­գիին, ինչ­պէս ան­պայ­ման՝ մտքին, եւ կը տկա­րաց­նէ զա­նոնք, եւ կամ, բո­լո­րո­վին կը փճաց­նէ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ փառաշուք յուղարկաւորութիւն:
Համայնքային շրջանակները խոնարհեցան տիրամայր Արաքսի Անուշեանի բարի յիշատակին առջեւ:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ կը շա­րու­նա­կուին 2015-ի տա­րե­լի­ցին ձօ­նուած ո­գե­կոչ­ման ձեռ­նարկ­նե­րը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մէջ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­տեա­նի նիստ։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի համանախագահին յայտարարութիւնները:
«Հաշուի պէտք է առնուին նաեւ Արցախի ժողովուրդին հետաքրքրութիւնները»:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան նախագահներուն միջեւ երէկ տեղի ունեցաւ կարեւոր հեռախօսազրոյց մը: 
Վլատիմիր Փութին  մասնակցութիւն պիտի բերէ 2015 թուականի տարելիցին շրջագծով Երեւանի մէջ նախատեսուած 100-ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն:
Համահայկական հռչակագիրը յանձնուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին: Էօզտէմիրի գլխաւորած Գերմանիոյ խորհրդարանական պատուիրակութիւնը այցելեց Ծիծեռնակաբերդ:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան, որ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեամբ կը գտնուի Քուէյ­թի մէջ, ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ կը հիւ­րըն­կա­լուի այդ երկ­րի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

Ե­րէկ, «Carrefour» ֆրան­սա­կան հսկայ հան­րա­խա­նութ­նե­րու աշ­խար­հաց­րիւ ցան­ցին Հա­յաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցաւ նաեւ Հան­րա­պե­տու­թեան Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը երէկ Վիեննայի մէջ ելոյթ մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մշտական խորհուրդի յատուկ նիստին ընթացքին։
Նախարար Եդուարդ Նալպանտեան.«Ատրպէյճան մեր համատեղ որոշումները պատանդ կը դարձնէ՝ փորձելով պարտադրել իր նեղ նպատակները»։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ժամերգութեան արարողութեան։
Պէզճեան սրահի երդիքին տակ սարքուած աւանդական սեղանին մասնակիցները ապրեցան հոգեւոր մեծ ուրախութիւն ներկայ նուիրական շրջանին։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

«Tarih Vakfı»ի եւ «Վերսուս Սթիւտիօ»ի ներկայացուցիչները այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերբերեալ ժապաւէնին պատրաստութիւնները կ՚ընթանան թափով:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2015

Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեանի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը:
Վեհափառ Հայրապետը կանգ առաւ հոգելոյս սրբազանի կերպարին ու ծառայութիւններուն վրայ:

Էջեր