Արխիւ
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Դասուելով այն բարեբախտներու շարքին, որոնք յաջողած էին իրենց բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակել հայոց մայրաքաղաքի համբաւաւոր համալսարաններէն մէկուն մէջ, ես նոյնպէս՝ ուսման ծարաւս յագեցնելու նպատակաւ հասայ Երեւան։
Այսպէսով, սկսաւ կեանքիս՝ իմ հաստափոր գիրքի տարաբը-նոյթ բովանդակութիւն պարունակող էջերէն ամենայիշարժանն ու հետաքրքրականը։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ հայագէտ, բանաստեղծ, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Թորոս Ազատեան Կոմիտասի մասին կը գրէ.
Քսաներորդ դարու հայ գեղարուեստական ու մշակութային կեանքի ամենէն շքեղ երեւոյթը կարելի է համարել Գործը, զոր կատարեց Կոմիտաս Վարդապետ, միս մինակը, բարձր եւ անգերազանցելի առաքելութեամբ մը:
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Պարթեւ Քհնյ. Գարագաշեանի, որ հիւրաբար կը գտնուի քաղաքիս մէջ։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Կսսրկ. Իչլինալչայի։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Չեխիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր «Հիլթըն» պանդոկէն ներս։ Սոյն տօնը ծանօթ է նաեւ «Բարի արքայ Վենսեսլաս» անունով եւ ձօնուած է այդ արքայի սրբացման, որ տեղի ունեցած է 935 թուականին՝ իր սպանութենէն վերջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան ներկայ գտնուեցաւ Մալթայի Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վազգէն Վարդանօղլուն եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Զաքար Քհնյ. Քոփարեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։ Մայր եկեղեցւոյ եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը այս տարի նախատեսուած է 13 հոկտեմբերին։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու աշխոյժ անդամներէն Նուրհան Տավուլճեանը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը, որու ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները այցելեցին խմբագրատունս եւ բացատրութիւններ տուին թաղի ընդհանուր կացութեան շուրջ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան համար պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ։ Իր ընդհանուր արժեւորումին մէջ ատենապետ Մանուկ Էօղէր ըսաւ հետեւեալը.
Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան աղբիւրները երէկ համայնքային մամուլին տեղեկացուցին՝ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան կողմէ ուղարկուած նամակ-զեկուցագրի մը մասին։ 20 սեպտեմբեր 2019 թուակիր այս զեկուցագիրը կը կրէ Հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի եւ փոխ-ատենապետ Հերման Պալեանի ստորագրութիւնը։
Հայաստանի վարչապետը ԱՄՆ-ի մէջ խօսեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ:
Նիկոլ Փաշինեան կը սպասէ Իլհամ Ալիեւի արձագանգին՝ կարգաւորման իր բանաձեւին համար:
«Հարաւային Կովկասը պէտք է դադրի՝ աշխարհի խնդրայարոյց տարածքաշրջաններէն մին ըլլալէ»:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցին:
Ներքին գործոց նախարարութեան կողմէ մեզի յանձնուած 85-րդ Թուրքիոյ Հայոց պատրիարքի ընտրութեան հրահանգի (Թալիմաթնամէ) վերաբերեալ տեղապահի իմ կարծիքներս կ՚ուզեմ բաժնել մեր հանրութեան հետ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմինը այսօր Գումգաբուի մէջ կը գումարէ արտահերթ ժողով մը՝ յստակեցնելու համար իր դիրքորոշումը պետութեան կողմէ ուղարկուած կանոնադրութեան շուրջ եւ որոշելու համար, թէ ինչպիսի հունով մը պիտի ուղղորդուի գործընթացին շարունակութիւնը:
Կա՛մ կուսակալութենէն հասած փաստաթուղթի հիման վրայ առանց ժամանակ կորսնցնելու պիտի ընտրուի Պատրիարքական Աթոռի նոր գահակալը եւ կա՛մ նոր պահանջներով ու դատական դիմումներով դարձեալ անորոշ ժամկէտով պիտի յետաձգուին գործնական քայլերը - Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընկերային ցանցերու վրայ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը «ովկիանոս» մըն է իր հոգւով՝ խորք եւ տարածութիւն անոնց հասարակաց յատկութիւններն են։ Ուստի ովկիանոսին խորութիւնը եւ տարածութիւնը յաւիտենականութեան, անհունութեան խորհրդանիշներն են, ինչպէս՝ հոգիին։
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հաւասարութեան համար արդար պայքարը կը շարունակուի: Պէտք չէ ըլլան երկրորդ կարգի քաղաքացիներ, մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը անխախտելի իրաւունք է: Մարդոց հաւասարութիւն, անոնք ըլլան այր թէ կին:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ յօդուածովս սկիզբ տուի ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ բնակող տարբեր հայկական խմբաւորումներու միջեւ յարաբերութիւններու, փոխընկալումներու եւ փոխադարձ կարծիքներու ու դատողութիւններու նիւթին։ Յիշեցման կարգով նշեմ, որ խօսքն այստեղ ա) Քրիստոնեայ-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու (աւանդական համայնք), բ) Հայաստանէն Պոլիս գաղթած հայերու եւ գ) Մահմետական կամ ալեւի-հայ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մասին է։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օրէնքն ու իրաւունքները հիմնուած են մեր կեանքն ու առօրեան առաւել անվտանգ ու ապահով դարձնելու համար։ Երբեւէ խորհած էք, թէ ինչո՞ւ կը գրուին օրէնքներ եւ արդեօք այդ օրէնքները մեզ որմէ՞ կամ ի՞նչ բանէ կը պաշտպանեն։ Այո՛, ճիշդ էք. մեր յօրինած օրէնքները կը պաշտպանեն մեզ՝ մեզմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի խօսք մըն է. «Գայլին անունը ելած է, մինչ աղուէսն է որ աշխարհ կը քանդէ»։
Շատ անգամ անմեղ մարդիկ կը մեղադրուին պարզապէս անոր համար, որ իրենք «մեղաւոր» ճանչցուած են։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի անկախութեան 28-րդ տարեդարձը այս տարի առանձնակի շուքով նշուեցաւ: Ձեռնարկներուն մեծ մասը Կիւմրիի մէջ էր: Կիւմրին էր այս տարուան անկախութեան օրուան տօնական քաղաքը, որ պատշաճ կերպով ընդունեց եւ ճանապարհեց անկախութեան օրուան ձեռնարկին մասնակից հիւրերը: