Արխիւ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Հարկ է նշել, որ Վեհափառ Հայրապետը շաբաթավերջին մեկնած էր Իտալիա, ուր Վատիկանի մէջ շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենար, աւելի վերջ ալ Միլանօ անցնելով պիտի տեսակցէր իտալահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մատաղօրհնութեան ու իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն: Քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, այս տարի միայն Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ու սիրոյ սեղան տեղի չունեցաւ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 28, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ֆրանսայի կողմէ Լիբանանի քաղաքական տագնապի լուծման համար նախտեսուած նախաձեռնութիւնը կ՚ապրի դժուար ատեններ։
Խնդիրն այն է, որ Մուսթաֆա Ատիպի վարչապետ նշանակուելէն անցած է բաւական երկար ժամանակ, երբ վարչապետին համար գրեթէ «անկարելի» դարձած է յաջողցնել իր վրայ դրուած առաքելութեան կարեւորագոյն կէտը, որն է նոր կառավարութեան կազմութիւնը։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի՝ վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններու շղթային վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն աւելցաւ նոր օղակ մը։ Այսպէս, կալանաւորուեցաւ յայտնի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին շրջանին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէին երկրի օրակարգին վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Մայրենի լեզուն կենսունակ պահելու եւ թարմացնելու ուղղեալ յարատեւ ջանքեր:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ iOS համակարգի օգտագործմամբ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Միջազգային վերջին իրադարձութիւնները կրնան Ատրպէյճանի նշանակութիւնը նուազեցնել՝ յաչս Իսրայէլի:
Արաբական ծոցի երկիրներու հետ նոր որակի յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարները, աւելի յարմար սակագինով քարիւղ ներածելու կարելիութիւնը եւ արեւելեան Միջերկրականի պատկերը տարբեր իրավիճակ մը կրնան ստեղծել:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական-միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Երբ հիւսել ըսենք, յաճախ կը մտաբերենք տարեց կին մը, որ բրդեայ բան մը կը հիւսէ սիրելիի մը համար…
Մինչդեռ այսօր բազմաթիւ երկիրներու մէջ հիւսելը դարձած է ընկերային երեւոյթ, որուն շնորհիւ կարելի է մեծ օգուտներ քաղել ֆիզիքական եւ հոգեկան առողջութեան համար:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Հարցումս ուղղուած է Հայաստանի եւ սփիւռքի ղեկավարութիւններուն:
Փաստօրէն 2011-էն մինչեւ օրս՝ Սուրիոյ պատերազմի սկիզբէն մինչեւ 4 օգոստոսի Լիբանանի նաւահանգիստի պայթումը, զանազան փուլերով թէ՛ սուրիահայ եւ թէ՛ լիբանանահայ ընտանիքներ ուղղուեցան դէպի Հայաստան:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Պէյրութի հանդէպ երեւելի դարձած հոգատարութիւնը ուշագրաւ էր։ Նախքան Պէյրութը հարուածած աղէտը, կարգ մը գաղութներու մէջ կար որոշ հետաքրքրութիւն, որուն հիմքով եւ հոգատարութեան միտումով ալ մասնաւորապէս Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի հայկական համայնքները կազմակերպեցին տարբեր մակարդակի միջոցառումներ, որոնց հիմնական նպատակը լիբանանահայերուն օգնութիւն ցոյց տալն էր։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

​Հարցում. Ի՞նչ կը նշանակէ քառասնորդացը, Պահքը, Ապաշխարանքը։
Պատասխան.
Պահք կը նշանակէ որոշ ուտելիքներէ զրկուիլ կամ դադրիլ ճաշակելէ որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եկեղեցւոյ կեանքին մասնակցելու պարտականութիւնը կը մղէ քրիստոնեաները գործելու իբրեւ «վկաներ Աւետարանին» եւ անկէ բխող պարտաւորութիւններուն։ Այս վկայութիւնը փոխանցո՛ւմն է հաւատքին, խօսքով եւ գործով։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Ուքրայնոյ Խարքովի շրջանէն ներս անկում ունեցաւ ռազմաօդանաւ մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքին հետեւանքով 25 հոգի զոհուեցաւ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ շրջաններու ուղղեալ թիրախաւորուած աշխատանքներու արդիւնքները հետզհետէ սկսած են նկատելի դառնալ եւ յառաջիկայ շրջանին ի յայտ պիտի գայ, որ քորոնաժահրով նոր վարակուածներու թիւը եւ ընդհանրապէս համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնուած է։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։ «Վահտետտին» ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու հանդիպումը, որու ընթացքին շօշափուեցան Անգարա-Պելկրատ համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Ամերիկեան Օդագնացութեան եւ տիեզերական տարածութեան հետազօտութիւններու ազգային գործակալութիւնը (ՆԱՍԱ) առաջարկած է Լուսնի մակերեսէն հող բերելու համար մասնաւոր ընկերութիւններու միջեւ մրցոյթ կազմակերպել։ Այսպէս, ՆԱՍԱ-ն ամերիկեան եւ այլ մասնաւոր ընկերութիւններու առաջարկած է պարգեւատրման փոխարէն մասնակցիլ Լուսնի մակերեսէն ռեկոլիթ նիւթը հաւաքելու եւ Երկիր հասցնելու մրցոյթին:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ բնակող հրուշակագործ Տիլիա Քապիլովա մասնագէտ դարձած է սննդային խորհրդապաշտ գեղեցիկ արձանիկներ պատրաստելու գործին մէջ։ Անոնք կը նմանին յախճապակիէ տիկնիկներու:

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Բրիտանական Daily Mail պարբերականը ամենամեայ Comedy Wildlife Photography Awards մրցանակաբաշխութեան արդիւնքներուն անդրադարձած է՝ ներկայացնելով վայրի բնութեան մէջ ապրող կենդանիներու ամենազուարճալի լուսանկարներու շարքը։
Յայտնի է, որ ամբողջ աշխարհէն տաղանդաւոր լուսանկարիչներ ամէն տարի այս մրցոյթին մասնակցելու համար հազարաւոր լուսանկարներ կ՚ուղակեն՝ յոյս ունենալով յայտնուիլ լաւագոյններու շարքին մէջ։

Էջեր