Արխիւ

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Օքս­ֆոր­տի հա­մալ­սա­րա­նը կը նա­խա­տե­սէ ի­րա­կա­նաց­նել հայ­կա­կան ձե­ռագ­րե­րու թուայ­նաց­ման ձեռ­նարկ մը։ Վեր­ջերս, Վիեն­նա­յի հա­մալ­սա­րա­նի Պատ­մա­կան եւ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ֆա­քիւլ­թէի Բիւ­զան­դա­կան եւ յու­նա­կան ժա­մա­նա­կա­կից ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ամ­պիո­նը կազ­մա­կեր­պեց հա­յա­գի­տա­կան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րու ձօ­նուած ձեռ­նարկ մը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մաս­նա­կից­նե­րու շար­քին էր Վիեն­նա­յի մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րով յայ­տա­րա­րեց, որ Ուք­րայ­նոյ հա­կա­մար­տու­թեան հար­ցին շուրջ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թրամ­փի տե­սա­կէ­տը ո­րա­կա­պէս տար­բեր է՝ նախ­կին նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի բաղ­դատ­մամբ։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Նախկին Խորհրդային Միութեան վերջին ղեկավարին ուշագրաւ յօդուածը՝ Time-ի մէջ:
Միխայիլ Կորպաչովի դիտարկումներով, աշխարհ կարծես թէ կը պատրաստուի պատերազմի մը:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Հայաստանի կառավարութիւնը զարկ կու տայ երկրի ենթակառուցուածքներու կատարելագործման:
Ճանապարհաշինութեան, հեռահաղորդակցութեան եւ տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու բնագաւառները առաջնահերթ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ի­րա­նի Նա­խա­գահ Հա­սան Ռու­հա­նի կը պատ­րաս­տուի այ­ցե­լել Մոս­կուա, ուր պի­տի հիւ­րըն­կա­լուի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի կող­մէ։ Կը հա­ղոր­դուի, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը նա­խա­տե­սուած է յա­ռա­ջի­կայ Մար­տի վեր­ջա­ւո­րու­թեան։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ար­դա­րա­տու­թեան նա­խա­րար Պե­քիր Պոզ­տաղ այս ա­ռա­ւօտ յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ TRT-էն։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ սահ­մա­նադ­րու­թեան բա­րե­փոխ­ման ուղ­ղեալ հան­րա­քուէին հա­մար որ­պէս թուա­կան կը նա­խա­տե­սուի Ապ­րի­լի 16-ը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

CIA-ի տնօրէն Մայք Փոմփէոյի այսօրուան Անգարա այցելութիւնը կը պայմանաւորէ ԻՇԻՊ-ի դէմ միջազգային պայքարի ապագան:
Թուրք զինեալ ուժերու «Եփրատի վահան» գործողութիւնը կը շարունակուի ամենայն սաստկութեամբ: Թուրքիա կը սգայ երէկ նահատակուած հինգ զինուորներուն յիշատակը: Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ գոյացած փոխըմբռնումը կրնայ նոր հարթութեան մը վրայ դնել հաշուարկները: Վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի խօսքերով, մեծ բծախնդրութիւն եւ ուշադրութիւն կը ցուցաբերուի Սուրիայէ ներս առնուած քայլերու համակարգման համար:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեա­նը։ Ող­ջու­նե­լով վար­չա­պե­տին այ­ցե­լու­թիւ­նը Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին՝ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը կա­րե­ւո­րեց երկ­րին առ­ջեւ ծա­ռա­ցած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման եւ ժո­ղո­վուր­դը յու­զող առ­կայ խնդիր­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ կա­ռա­վա­րու­թեան ջան­քերն ու ձեռ­նար­կուած ծրագ­րե­րը։

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնը Հայաստանի մէջ ընդունուած է նշել ոչ միայն եկեղեցական ծէսով, այլ նաեւ՝ ժողովրդական սովորութիւններով, որոնք նուիրական աւանդութիւններ դարձած են եւ տարուէ տարի կ՚ընդարձակին: Հետեւելով այս տօնին ժողովուրդին կողմէ սիրուած ըլլալուն՝ այս տարի Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը սկիզբ դրած է Երիտասարդներու եւ սիրոյ արագահաս բարեխօս Սուրբ Սարգիսի տօնին նուիրուած փառատօնի մը, որ առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենայ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

ՅԱԿՈԲ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ

Յու­նուար 26-ին, կը մա­հա­նայ ա­մե­րի­կա­հա­յու­թեան ար­ժէ­քա­ւոր դէմ­քե­րէն՝ Գրի­գոր Օ­հա­նեան, Կրտսեր, ֆիլ­մա­րուես­տի աշ­խար­հին ծա­նօթ իբ­րեւ Մայք Գա­նըրզ ա­նու­նով: Կար ժա­մա­նակ մը, երբ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յեր, ի մաս­նա­ւո­րի ա­մե­րի­կա­հայ նոր սե­րուն­դը կը հպար­տա­նար իր հայ­րե­նա­կից աստ­ղե­րով, ո­րոնք ա­րուես­տի զա­նա­զան բնա­գա­ւառ­նե­րուն մէջ դար­ձած էին փնտըռ-ւած ա­նուն­ներ:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱ­ԶԱ­ՐԵԱՆ

Առ­տուան ժա­մը տասն­մէկն է, վա­րէն կան­չող մը չկայ, ի՞նչ կայ ար­դեօք, ի՞նչ պա­տա­հած կրնայ ըլ­լալ: Վատ բա­ներ չան­ցը­նեմ մտքէս ու սրճեփ մը սուրճ ե­փեմ ու ի­ջեց­նեմ դրա­ցի­նե­րուս:

Հինգշաբթի, Փետրուար 9, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խիղճ»ը՝ մար­դուս մէջ Աս­տու­ծոյ ձայնն է, ո­րուն պէտք է անդ­րա­դառ­նալ եւ լսել, պար­զա­պէս սխալ քայլ չնե­տե­լու եւ երբ սխալ մը գոր­ծուած է՝ սխա­լը սրբագ­րե­լու եւ չկրկնե­լու հա­մար։ Այս ի­մաս­տով «խիղճ»ը ա­պա­հո­վագ­րու­թիւն մըն է՝ գոր­ծուած եւ կամ գոր­ծուե­լով գո­յա­ցած վտանգ­նե­րու եւ վնաս­նե­րու դէմ