Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց «Երիտասարդի աղօթագիրք»ը՝ նախաձեռնութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդական միաւորման կեդրոնական գրասենեակի։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած են Գեղամ Սրկ. Աւետիսեան եւ Սեւակ Սրկ. Գրիգորեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 14, 2020

Արմէն Սարգսեան Ապու Տապիի միջազգային հաւաքի ժամանակ ունեցաւ ելոյթ մը՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Աւելի քան տասնամեակ մը վերջ այլեւս թափուր չէ Պոլսոյ Աթոռը: Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շաբաթավերջի արարողութիւններով պաշտօնապէս հասաւ իր աւարտին: Նորընտիր գահակալը կատարեց երդումը, ստացաւ ասան եւ գահ բարձրացաւ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց անդրանիկ Սուրբ Պատարագը: Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր տարեգրութեանց մէջ սպիտակ էջի մը բացուիլը: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաքելութեան ձեռնարկեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, համաքրիստոնէական ընտանիքի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան զօրակցութեամբ ու մեր համայնքի ջերմ վերաբերմունքով: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութիւն շնորհեց Նորին Ամենապատուութեան:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն։ Տեառն մերոյ եւ Փրկչին՝ Յիսուսի Քրիստոսի ծառայ Սահակ Եպիսկոպոս, միաբան՝ Պատրիարքական Աթոռոյս Պոլսոյ եւ Սրբոյ ուխտին նախամեծար Մայր Աթոռոյ Սրբոյ Էջմիածնի, կամօքն Աստուծոյ եւ ընտրութեամբ ազգիս կոչեցեալ յԱթոռ Պատրիարքութեան Կ.Պոլսոյ՝ ապաւինեալ յօգնականութիւն շնորհաց Բարձրելոյն եւ ի ներկայութեան հոգեւորական եւ աշխարհական պատգամաւորաց եւ ժողովրդեան՝ հրապարակաւ ուխտեմ բոլորապտուղ նուիրմամբ եւ հաւատարմութեամբ ընծայել զանձն իմ յառաջնորդութիւն մերազն ժողովրդեան ի ճանապարհս առաքինութեան եւ արդարութեան, ըստ աստուածադիր օրինաց եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան եւ ուղղափառ վարդապետութեան Քրիստոնէական կրօնի, ըստ մերոյս Եկեղեցւոյ դաւանութեան, ի պահպանութիւն եւ ի պաշտպանութիւն կրօնական, համայնքային, ընկերային եւ բարեսիրական հաստատութեանց իրաւանց։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Ծէսի ամբողջ հարստութեան, արարողակարգային ամբողջ ճոխութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւններուն ժամանակ իսկապէս շատ ուշագրաւ հնչեց պատգամ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն այդ պատգամը յիշեցուց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի յիշատակութեան պահուն առաջին անգամ նշուեցաւ Ամենապատիւ Տէր Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հօր անունը: Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ երանաշնորհ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի համար:
«Աղօթեցէք, որ միշտ ունենամ Աստուծոյ երկիւղը իմ մէջս։ Ներելը եւ ներուիլը Յիսուսի ժառանգ թողած մեծագոյն ուսուցումն է», ըսաւ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրանիկ քարոզին:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վարդապետ Անուշեանի խօսքը՝ ասայի յանձնման պահուն:
«Ազգային ու եկեղեցական արժէքները պահպանող զէնքը թող հանդիսանայ այս ցուպը։ Գթալով հսկեցէք նաեւ ձեր անառակ որդիները ու դրան առջեւ սպասեցէք իրենց վերադարձին՝ ամուր գրկելու համար զիրենք»:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր պատգամը՝ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, գահակալութեան պատմական արարողութեան ընթացքին:
«Ունիմ անձնական երախտիքի խոշոր բաժին մը Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին համար: Ինքն էր, որ գնահատեց իմ տաղանդն ու կարողութիւնները եւ ծառայութեան ընդարձակ դաշտ մը բացաւ իմ առջեւ, քաջալերեց եւ նեցուկ կանգնեցաւ այն բոլոր աշխատանքին ու առաքելութիւններուս, որոնք դարձան կեանքիս ամենէն արդիւնաւէտ տարիները Հայաստանի մէջ: Ի վերջոյ զիս եպիսկոպոսացնելով հոգեւոր ծնող դարձաւ: Իր շինարարական աշխուժութիւնը եւ անխոնջ աշխատասիրութիւնը միշտ տպաւորեցին զիս եւ ներշնչեցին խորապէս։ Սուրբ Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը, որ Մայր Աթոռն է Լուսաւորիչեան մեր հաւատքին եւ միւս բոլոր աթոռները կը սերին իրմէ պատմական ածանցումով: Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Վեհափառ Հայրապետին մեր եւ մեր միաբանութեան սիրոյ հաւատարմութիւնը կ՚ուղարկենք»:

Երկուշաբթի, Յունուար 13, 2020

Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնը կը յղենք Ձեզի՝ Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ վաստակեալ սպասաւորիդ:
Շուրջ երեք տասնամեակ, իբրեւ կուսակրօն հոգեւորական, Դուք Քրիստոսը կը վկայէք տէրունապատուէր Ձեր առաքելութեամբ եւ Տիրոջ կենարար խօսքի քարոզչութեամբ՝ հոգեւոր սնունդ մատուցելով հաւատաւոր մեր ժողովրդին եւ արդիւնաշատ սպասաւորութեամբ առաւել լուսաւոր դարձնելով Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ անդաստանը:

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին:
Համայնքային շրջանակներուն ուշադրութիւնը կեդրոնացած է այս շաբաթավերջի պատմական արարողութիւններուն վրայ:

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատեր կը խորհին, որ արաբական աշխարհին մէջ ծաւալուող դէպքերը եւ յաճախ անսպասելի իրադարձութիւնները կրնան ազդեցութիւն չունենալ Հայաստանի վրայ։ Իրականութեան մէջ սակայն, եթէ ճիշդ դիտարկենք եւ իրերուն իրական գնահատական փորձենք տալ, ապա պիտի յանգինք այն համոզման, թէ դէպքերուն «տրամաբանական» շարունակութիւնը կրնայ մեծապէս ազդել կովկասեան տարածքին վրայ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

ՇԱՔԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

20-րդ դարու տաղանդաւոր արուեստագէտ, ֆրանսացի գեղանկարիչ ու քանդակագործ, «ֆովիզմ» ուղղութեան հիմնադիր-ներկայացուցիչ՝ Անրի (Հենրի) Մաթիսի ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի:
Անրի Էմիլ Պէնուա Մաթիս ծնած է 1869-ի դեկտեմբեր 31-ին, Ֆրանսայի Քաթօ Քամպէզի փոքրիկ քաղաքը: 

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Կազմեց ու հաւաքեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Սուրբ Աթանաս կ՚ըսէ. «Մարիամի արգանդէն կատարեալ մարդկութիւն առաւ եւ միացաւ մարդկային պատկերին, ու մարդացաւ: Արդարեւ, կրնայ ըսուիլ որ Ան ցաւեցաւ մարդու նման, սակայն առանց ցաւի եւ առանց փոփոխութեան մնաց որպէս Աստուած»:

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մենք, հակառակ որ մկրտութեան պատմուճանը զգեցած ենք, չենք դադրիր մեղք գործելէ՝ մենք մեզ Աստուծմէ հեռացնելէ, վշտացնելով զԱյն։ Ուստի, անառակ որդիին պէս ամէն անգամ կը վերադառնանք Անոր եւ մաքսաւորին պէս մենք մեզ Իր առջեւ մեղաւոր կը ճանչնանք։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ երեկոյեան մեծ ոգեւորութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի համերգին համար։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս համերգը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ իսկապէս տօնական մթնոլորտ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Ֆէրիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Tanrı Göçmen Çocukları Sever mi Anne?» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը, որ արժանացաւ գեղարուեստասէրներու մօտիկ հետաքրքրութեան։ Այս ժապաւէնի հեղինակն է Ռենա Լուսին Պիթմէզ։

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը աւարտեց երկօրեայ բարձրաստիճան շփումները մայրաքաղաքի մէջ:
Զեքիեան Գերապայծառ Անգարայէ վերադարձին ընդունուեցաւ նաեւ Խորհրդարանի նախագահ Մուսթաֆա Շենթոփի կողմէ:

Շաբաթ, Յունուար 11, 2020

«Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ»:
Հաքան Եիւճէլ եւ Ումուր Ետիքարտէշ ասուլիսի մը մասնակցեցան Կեդրոնական սանուց միութեան երդիքին տակ:

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020

Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր կացութեան, նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։

Ուրբաթ, Յունուար 10, 2020

Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս տարեմուտին մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Այսպէս, քաղաքապետ Իմամօղլու թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին ուղարկեց երկտող մը, որու մէջ շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։

Էջեր