Արխիւ
Նորակազմ Կրօնական ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ-պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 դեկտեմբեր 2019, հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։
ԵՐԱՄ
Ձեռքերը գրպանը դրած, մատները բանալ-գոցելով կը քալէր ձեան կարծրացած շերտին վրայէն։ Զառիվարը կ՚՚իջնէր մայթով, որ վտանգաւոր էր այդ եղանակին։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Խշ՜շ, խշ՜շ, խշ՜շ ծովուն պէս կ՚ալեկոծին ցորենին հասկերը.
ննջած ծովուն շնչառութեան ձայնին նման շշուկ կ՚արձակեն:
տեղատուութի՜ւն,
մակընթացութի՜ւն...:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անուանի անձերու կենսագրութիւնը գիտնալ երկու բանի կը ծառայէ. նախ՝ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մըն է հանրութեան ծառայող անձերու հանդէպ, յետոյ՝ անոնք տիպար ըլլալու հանգամանքը կ՚ունենան եւ ցոյց կու տան, թէ ի՛նչպէս կարելի է երեւելի եւ հանրօգուտ անձ ըլլալ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով 1915 թուականի դէպքերը կ՚որակուին՝ որպէս ցեղասպանութիւն։ Սա այն բանաձեւն է, որ անցեալ հոկտեմբերին ընդունուած էր ԱՄՆ-ի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութեան փուլը սփիւռքի մէջ լաւ խմորուած նիւթ կը համարուէին Պոլսոյ դէպքերը։ Բնաւ զարմանալի չէր, որ սփիւռքի զանազան անկիւններէն բաւական բացասական գնահատականներ տրուէին նախկին տեղապահին, մինչեւ պատրիարք դառնալը Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ հնչեցուած գնահատականներուն կամ ողջոյնի խօսքերուն վերաբերեալ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ իր լրումին հասաւ Պոլսոյ պատմական Աթոռի նոր պատրիարքի ընտրութեան շրջափուլը։
Պատգամաւորներ ու Աթոռի միաբաններ միասնաբար ընտրեցին արդէն նոր պատրիարքը։
«Միայն շնորհակալութեան չէ, այլեւ՝ յարգանքի եւ պարտքի խօսքեր պիտի ուղղեմ դէպի Սուրբ Էջմիածին, դէպի Մայր Աթոռ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Սրբազնագոյն Կաթողիկոսին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի Աթոռը մեր ազգի միութեան, եղբայրութեան խորհրդանիշն է։ Այնպէս որ մենք կը կրկնենք մեր հաւատարմութիւնը մեր լուսաւորչական մեծ ուխտին նկատմամբ։ Ընտրութիւններու այս բոլոր ընթացքով Վեհափառ Հայրապետը շատ մօտէն հետաքրքրուեցաւ, նաեւ առաջին շնորհաւորողը եղաւ։ Մեծապէս շնորհակալ ենք իրեն»:
Բարիլոյս նոր օր, նոր շունչ:
Ս. Աստուածածին Մայր տաճարէն ներս, ազգային պատգամաւորական ժողովի աւարտին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ պատրիարքական գահուն վրայէն վերցուեցաւ սուգի սեւ քօղը եւ նորընտիր Պատրիարքը Հրաշափառի արարողութեամբ առաջնորդուելէ վերջ տուաւ իր առաջին պատգամը. «Եկեղեցին մեր ազգի գոյութեան գաղտնիքներէն, խորհուրդներէն մին է։ Երբ եկեղեցին զօրաւոր է, մեր ազգը զօրաւոր եղած է։ Երբ եկեղեցին տկարացած է՝ կը տեսնենք, որ մեր ազգն ալ տկարացած է»:
Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարքը երախտագիտութիւն յայտնեց Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանին, Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուին եւ Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայային: Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան երէկ երեկոյեան Գումգաբու փութալով յղեց իր շնորհաւորութիւններն ու բարեմաղթանքը:
Ազգային պատգամաւորական ժողովը այսօր կ՚ընտրէ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 85-րդ գահակալը։ Շաբաթավերջի քուէարկութեան արդիւնքին հետ ուղիղ համեմատութեամբ գահ կը բարձրանայ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, որ վերջին շրջանին կը վարէր տեղապահի պաշտօն եւ այժմ արդէն կը ստանձնէ մեր նուիրապետական ու սուրբ Աթոռին ղեկը։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ շնորհաւորական մը ուղարկած է ընտրեալ-պատրիարք Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Երջանկութիւնը յարաբերական հասկացողութիւն մըն է։ Իւրաքանչիւր ոք երջանիկ է իւրովի։ Այսինքն, երջանկութիւնը չունի չափ ու սահման…
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Սեղանիս վրայ «Պրոմէթէոս ազատագրուած» հատորը կայ, որ 1928 թուականին, Մարսէյլի «Թագւոր Խաչիկեան» տպարանէն լոյս տեսած գիրք մըն է եւ պոլսահայ նշանաւոր գրագիտուհի Զապէլ Եսայեանի ճամբորդական նօթերն են, որ ան գրի առած է Խորհրդային Միութեան իր այցէն ետք:
ՎԱՐԴԱՆ ԵՊՍԿ. ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ
Արտագրեց եւ արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
10 նոյեմբեր 2019-ին, Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան «Հանրային քննարկում» ծրագիրի հերթական յայտագիրը կը կրէր՝ «Կրթական բարեփոխումներ» խորագիրը, վերջին շրջանին Հայաստանէն ներս տեղի ունեցող կարգ մը իրադարձութիւններու հետ, լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան դասանիւթերուն շուրջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անհատական կեանքի համար, եւ նո՛յնպէս հաւաքական կեանքի համար կան սկզբունքներ, որոնք անհրաժեշտ են կեանքին գոյապահպանման եւ գոյատեւման համար։ Այս սկզբունքներէն են «իրաւունք» եւ «արդարութիւն», որոնց վրայ կը հիմնուի ընկերութիւնը։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր,
Թէեւ տակաւին վաղահաս է ընտրեալ-պատրիարքիդ այսպէս դիմելու համար, սակայն թող ներուի այդքանը, որովհետեւ իսկապէս մեր համայնքը կարօտցած է իր նոր հոգեւոր պետը, երկար ատենէ ի վեր կը զգայ անոր հովանիին զրկանքը, օրհնութեան պակասը եւ ծարաւ է անոր սիրոյն։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը հասնի իր աւարտին. Ազգային պատգամաւորական ժողովը այս առաւօտ գումարուեցաւ Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ սրբազան կամարներուն ներքեւ: Գումգաբուի մէջ յետմիջօրէին տեղի կ՚ունենայ Հրաշափառի արարողութիւն:
Պատգամաւորները գահ կը բարձրացնեն տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, որ արժանացաւ մեր ժողովուրդի անվերապահ զօրակցութեան: Այսօր կ՚ընտրուի նաեւ Կրօնական ժողովի նոր կազմը:
Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր նորընտիր հոգեւոր պետը՝ ակնկալելով, որ անոր օրհնութեամբ եւ իմաստուն մականին ներքեւ կարողանայ կերտել լաւ ապագայ մը եւ ունենայ ծաղկուն շրջան մը:
Տեսակցեցաւ՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
1990-ական թուականներէն սկսեալ՝ աշխարհի ամենահին ու յայտնի քաղաքներէն մին՝ Պոլիսը, որ Վոսփորի նեղուցով իրարմէ կը բաժնէ Եւրոպան ու Ասիան։ Այս քաղաքը ինչպէս բազմաթիւ ազգերը, այնպէս ալ իր գեղեցկութեամբ ու խորհրդաւորութեամբ դիւթած է հայաստանցիները։
ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Կեանքի հոլովոյթին մէջ կը մշակուին ծանօթութիւններ, որոնք մշտանորոգ դրոշմ կը թողուն մեր յիշողութեան պաստառին վրայ:
Երբեմն բախտաւորութիւնը կը վիճակուի ջերմ բարեկամութիւններու հաստատ կամուրջներ հաստատել անձնաւորութիւններու հետ, որոնք ճշմարիտ մարմնաւորումը կը պատկերացնեն գլխագիր մարդու:
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Այս յօդուածաշարքիս առաջին երեք մասերուն վրայ հիմնուելով թերեւս կարելի է այնպիսի տպաւորութիւն ունենալ, որ Թուրքիոյ մէջ հայերն ու հայկականութիւնը հետազօտողիս հայ ըլլալը սոսկ բարդութիւններ յառաջացուցած է, եւ որ, ըստ այնմ, ոչ հայու մը համար աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլար այսպիսի ուսումնասիրութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բարոյական իմաստով միջակութիւն կամ գաղջութիւն, մարդս կ՚առաջնորդէ թուլութեան, ուրիշ խօսքով առանց աշխատանքի, առանց պայքարի դիւրին ճամբով միայն կացութիւնը փրկելու։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ուրիշները չվշտացնելու, հակառակորդ եւ թշնամի չշահելու, բարի եւ համակրելի երեւելու համար միջակ եւ գաղջ կը վարուին իրենց շուրջիններուն հանդէպ։