Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021

Հայաստանի Ազգային ֆիլհարմոնիք նուագախումբը փետրուարի 13-14 թուականներուն «Արամ Խաչատուրեան» համերգասրահին մէջ հանդէս կու գայ «Սէր» համերգային ծրագրով՝ շնորհաւորելով բոլոր սիրահարներու տօնը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 8, 2021

Ըստ աւանդութեան, ամէն տարի յունուարի երրորդ շաբթուան ընթացքին տեղի կ՚ունենայ «Եկեղեցիներու միութեան համար աղօթքի շաբաթը», որու շրջանակներէն ներս քոյր եկեղեցիներ կը համախմբուին եւ շաբթուան մը տեւողութեամբ՝ նախապէս ճշդուած բնաբանի մը շուրջ կը խոկան, միասին կ՚աղօթեն եւ կ՚ունկնդրեն քարոզխօսութիւններուն։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Լին Թրէյսիի հետ։ Տէր-Պետրոսեանի գլխաւորած Հայ ազգային քոնկրէսի աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցը տեւեց աւելի քան ժամ մը։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Եւրոասիոյ միջկառավարական խորհուրդի հերթական ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Ալմաթիի մէջ:
Փաշինեան. «Հայաստան պատրաստ՝ համարկման գծով սերտ համագործակցութիւն ծաւալելու իր գործընկերներուն հետ»:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ԵՄ ու Ռուսաստանը համաձայն գտնուեցան միայն իրենց առկայ անհամաձայնութիւններուն շուրջ:
Ժոզէֆ Պորել եւ Սերկէյ Լաւրով Մոսկուայի մէջ երէկ բանակցութիւններ վարեցին, հանդէս եկան համատեղ մամլոյ ասուլիսով:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՀԵՀԵՄ կը կարեւորէ եկեղեցւոյ եւ նոր սերունդի միջեւ առողջ կապի ձեւաւորուիլը:
Վեհ. Հայրապետը ընդունեց՝ զանազան ոլորտներու մէջ յաջողութեան հասած խումբ մը երիտասարդներ:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ երէկ պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Պալըքլըի գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատուռը, որ վերջերս բարենորոգման ենթարկուած էր։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Աշխարհի ամենէն հրատապ հարցը կը մնայ քորոնա ժահրի դէմ պայքարը, որուն ծիրին մէջ պետութիւններ ամբողջական փակումի կ՚ենթարկեն երկիրները: Այս միջոցառումը, անշուշտ իր դրական ազդեցութեան կողքին ունի, անպատեհութիւններ, որոնք պէտք չէ անտեսել:

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ինքնաշարժը շատ անհրաժեշտ է մարդուն համար՝ նամանաւանդ Արեւմուտքի քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ։ Մարդիկ թէ՛ գործի կ՚երթան ինքնաշարժով եւ թէ շուկայ՝ իրենց ընտանիքի զանազան գնումները կատարելու։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Կիւմրի քաղաքի Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ պատուելի Արամ Պապաճանեան պատասխանեց մեր հարցերուն։

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Հպարտութեամբ տառապղներն ու իրենց հպարտ կուռքով ապրողներն ու շնչողները լաւ կ՚ըլլայ, որ գոնէ մէկ անգամ այս տողը կարդան, ու կարդալէ ետք մէ՛կ վայրկեան գոնէ մտմտան, հասկնալու համար արդեօք ճշմարիտ Աստուծոյ հետ իրենց կապը առո՞ղջ հիմքերու վրայ է, թէ՞....

Շաբաթ, Փետրուար 6, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբաշխ արարք մըն է, որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն խօսք է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ԵՐԱՄ

Երբեմն, բոլորովին անսպասելի, ամբողջովին զուրկ դրդապատճառէ, եւ չեմ գիտեր ուրկէ՞, յիշատակ պատկերներ կու գան, կը կախուին ուղեղիս պաստառին։ Անկոչ հիւրեր։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Գիրքը բացաւ, բացիկը ձախ ձեռքով քնքշօրէն բռնեց, աջով գոց գիրքը տեղաւորեց գզրոցին մէջ, բազմեցաւ իր անկիւնը, շունչը պահեց ու կարդաց տասնեակ տարիներ առաջ գրուած իր միակ սիրոյն ձեռագիրը՝ «Կը սիրեմ քեզ»:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Եթէ ուշադրութեամբ դիտուի բնութիւնը, պիտի տեսնուի որ հոն ամէն ինչ յարաբերական է։ Երեւոյթներ թէեւ կը նմանին իրարու, բայց երբեք նոյնը չեն, անոնք իրարմէ կը տարբերին էապէս։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

«HBO»ն եւ «Warner Bros»ը Հերի Փոթըրի մասին հեռուստաշար մը կը նկարահանեն։ Այսպէս, ամերիկեան «HBO» հեռուստաընկերութիւնը «Warner Bros»ի հետ համագործակցաբար կը նկարահանեն՝ մանկահասակ հրաշագործ Հերի Փոթըրի մասին պատմող շարժանկարի հիման վրայ հեռուստաշար մը։

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Ինաքատաթէ գիւղին մէջ բրինձի արտասովոր դաշտերը կը յիշեցնեն սքանչելի կտաւներ։ Այսպէս, Ճաբոնի Աոմորի նահանգի Ինաքատաթէ գիւղը, որ շուրջ 7 հազար բնակիչ ունի, յայտնի է բրինձի արտասովոր դաշտերով, ուր ներկայացուած գլուխգործոցները հնարաւոր չէ տեսնել աշխարհի որեւէ այլ կէտէն:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Հոլանտացի նկարիչը հազարաւոր գունաւոր LED լոյսերու միջոցով պրասի դաշտը վերածած է «գիշերային հրաշքի»։ Այսպէս, հոլանտացի նկարիչ Տաան Ռոշկարտ իր վերջին նախագծի՝ GROW-ի շրջանակներէն ներս, պրասի դաշտին մէջ հազարաւոր կապոյտ եւ կարմիր LED լոյսեր տեղադրած է ոչ միայն գեղագիտական, այլեւ՝ գործնական նպատակներով:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Իլհամ Ալիեւ Շուշիի եւ մերձակայքին համար նշանակած է նախագահական յատուկ ներկայացուցիչ մը:
Արցախի՝ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն համար Պաքուէն կը կատարուին տնօրինութիւններ:

Ուրբաթ, Փետրուար 5, 2021

Արցախի նախկին պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան նշանակուեցաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական վերահսկողութեան ծառայութեան պետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները երէկ պաշտօնապէս արձագանգ հանդիսացան այս կարգադրութեան։

Էջեր