Արխիւ
Հայկական շարժանկարին առջեւ նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծուին՝ գործակցութեան հնարաւորութիւններով:
Եւրոխորհուրդի հիմնադրամին միջոցները հասանելի պիտի ըլլան՝ ֆիլմերու արտադրութեան կամ ցուցադրութեան համար:
Արցախի ճակատին վրայ լարուածութիւնը կը մնայ առկայ՝ Ատրպէյճանի կողմէ հրադադարի խախտումներուն հետեւանքով։ Ատրպէյճան-Լեռնային Ղարաբաղ շփման գծին եւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին երկայնքով բախումները կը շարունակուին։
«Հայփոստ»ի հիւրընկալմամբ PostEurope-ի համաժողովը տեղի ունեցաւ Հարաւային Կովկասէ ներս:
Հայաստանի կառավարութիւնը անմիջական ուշադրութիւն կը ցուցաբերէ այս բնագաւառի բարեփոխումներուն նկատմամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յառաջիկայ 16 Մայիսին իր լրումին պիտի հասնի Միջին Արեւելքի համար մշակուած «Սայքս-Փիքօ» համաձայնագրին 100-ամեակը: Այս համաձայնութեամբ է, որ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման նախօրէին Մեծն Բրիտանիան եւ Ֆրանսան սեղանի վրայ դրին Միջին Արեւելքը իրենց միջեւ բաժնելու ծրագիրը:
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը արտահերթ ժողով մը կը գումարէ Սուրիոյ ճգնաժամին օրակարգով:
Կատաղի կռիւներու մթնոլորտին մէջ Հալէպի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը կը ստեղծէ խոր մտահոգութիւն:
Համաշխարհային պարի օրը Երեւանի մէջ նշուեցաւ հանդիսաւոր ձեւով, խանդավառ ձեռնարկներով։ Երեւանի քաղաքապետարանն ու «Կարին» աւանդական երգի-պարի համոյթը միասնաբար կազմակերպեցին «Հիրուր խեդ» խորագրեալ ծրագիրը։ Այս շրջագծով, Ազատութեան հրապարակին վրայ աւելի քան 15 համոյթներու 400 պարողներ հանդէս եկան ելոյթով մը։
«Ժողովուրդներու բարեկամութիւն» խորագրին ներքեւ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային մանկապատանեկան ստեղծագործական մրցոյթ-փառատօն մը, որ համախմբեց աշխարհի զանազան երկիրներէն նոր սերունդի ներկայացուցիչներ։
Ճազի միջազգային օրը անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ նշուեցաւ խանդավառութեամբ։ 2011 թուականէն ի վեր Ապրիլի 30-ը կը նշուի որպէս ճազի միջազգային օր։
Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ տօնուեցաւ Մայրերու օրը։ Այսպէս, մանկապարտէզի աշակերտները Մայրերու օրուան առթիւ յայտագիր մը պատրաստեցին եւ մեծ խանդավառութեամբ ներկայացուցին իրենց մայրերուն եւ ուսուցչաց կազմին:
Շաբաթավերջի Մայրերու օրուան ընդառաջ, Էսաեան վարժարանի երդիքին տակ կը կայանայ երկօրեայ քէրմէս մը, որ իր դռները հասարակութեան առջեւ բացաւ երէկ։ Վարժարանի քէրմէսի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած ձեռնարկին նպաստած է նաեւ ծնողաց միութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս մեր նախորդ գրութիւններուն մէջ յիշեցինք, Յովհաննէս Թ Կոլոտ Բաղիշեցիի 13 Փետրուար 1741 թուականին վախճանման երկրորդ օրը Յակոբ Վարդապետ Նալեան Պատրիարք կոչուեցաւ, քանի որ 1739 թուականին Կոլոտ Պատրիարք հրաժարած էր եւ Աթոռը յանձնած՝ իր կարող աշակերտին՝ Յակոբ Վարդապետին։
Ճոխութեան ու շքեղութեան «մայրաքաղաք» Տուպայիի մէջ ներկայացուած են տղամարդոց համար բացառիկ կօշիկներ` կիսով չափ պատրաստուած 24 քարատ ոսկիէ:
Ամէն կին գեղեցիկ ու վայելուչ կրնայ երեւիլ նոյնիկս հարիւր տարեկանին… Եթէ ան բարեձեւ է…
Մամլոյ ազատութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որ համախմբեց ոլորտի ներկայացուցիչները։ Հայաստանի Լրագրողներու տան երդիքին տակ այս առթիւ յանձնուեցաւ նաեւ «Մամլոյ ազատութեան ժամանակը» տարեկան մրցանակը։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ կազմակերպուած «Հայոց եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի ողիմպիականներուն ընդհանուր՝ եզրափակիչ փուլը։
Պոննի պայմանագրի միջազգային կեդրոնի 2015 թուականի զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստան աշխարհի ամենառազմականացած երրորդ երկիրն է։ BBC-ի հաղորդումներու հիման վրայ «Արմէնփրէս» տեղեկացուց, թէ այդ ցուցակը կը գլխաւորէ Իսրայէլ, որուն կը յաջորդէ Սինկափուր։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մայրավանքի գրասենեակին մէջ ընդունեց Նորվեկիոյ Եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ Պորկի Եպիսկոպոս Ատլէ Սոմըրֆելտը։ Հանդիպումին նաեւ ներկայ էր Կաթողիկոսարանի Միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան։ Շուրջ ժամ մը տեւող հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հիւրին լայն տեղեկութիւն տուաւ Միջին Արեւելքի ներկայ կացութեան մասին։
Աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի կեանքին ու գործունէութեան ձօնուած «Իսթանպուլի աչքը» խորագրեալ փաստավաւերագրական ժապաւէնը ցուցադրուեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Եդուարդ Նալպանտեան. «Ժամանակն է, որ միջազգային հանրութիւնը յստակ քայլերով կարգի հրաւիրէ Ատրպէյճանը»:
Ճոն Քերի եւ Սէրկէյ Լաւրով հեռախօսազրոյցի ընթացքին հերթական անգամ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան:
Հայ Երուսաղէմի Սուրբ Զատկուան փայլուն տօնակատարութիւններուն արձագանգները կը շարունակուին:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան այսօր կը վերադառնայ քաղաքս: