Արխիւ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) հայաշխարհէ ներս ստեղծուած ծանր կացութեան զուգահեռ երէկ հանդէս եկաւ զգաստութեան, արիութեան եւ միասնականութեան կոչով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Նիւ Եորքի աղբիւրներուն կողմէ հրապարակուած այս կոչին բնագիրը։
Ռուսաստանի միջնորդութեամբ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երէկ գիշեր Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տալու համար ստորագրեցին հրադադարի համաձայնագիր մը, որով բոլորովին նոր իրավիճակ մը կը ստեղծուի Հարաւային Կովկասէ ներս: 10 օդանաւով ռուս խաղաղապահներ կը հասնին տարածքաշրջան: Պաքուի մէջ տօնակատարութիւն: Երեւանի մէջ քաոս: Նիկոլ Փաշինեանին վիճակեցաւ հաւանութիւն տալ փաստաթուղթի մը, որով հայկական կողմը կը հրաժարի Արցախի հիմնախնդրին վերաբերեալ բոլոր յաւակնութիւններէն:
Թուրքիոյ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի մահուան 82-րդ տարելիցն է այսօր։ Բովանդակ Թուրքիան Մեծն Աթաթիւրքը կ՚ոգեկոչէ՝ երախտագիտութեամբ եւ իր թողած աւանդին տէր կանգնելու գիտակցութեամբ։ Թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան մէջ ան կը վերյիշուի մասնաւոր արարողութիւններով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս առաւօտ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հանդէս եկաւ պատգամով մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Վեհափառ Հայրապետին կողմէ ժողովուրդին ուղղեալ այս ուղերձը, որ պաշտօնապէս հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Պէ՞տք է Քրիստոսին մարգարէ ըսել, թէ ոչ:
Պատասխան. Պարզաբար մարգարէ չենք ըսեր Քրիստոսին, այլ՝ բաղդատաբար, ուստի յայտնի է, անոնք որոնք հաւատքը կատարեալ կերպով ունէին, կ՚ըսէին՝ սա՛ է Քրիստոսը, իսկ անկատար հաւատք ունեցողները կ՚ըսէին՝ ճշմարիտ մարգարէն է:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ընթացիկ նոյեմբեր ամսուն կը լրանայ հայ հոգեւորական, բանասէր-բանահաւաք, ազգագրագէտ, հասարակական գործիչ Գարեգին Եպիսկոպոս Սրուանձտեանցի ծննդեան 180-ամեակը: Հայոց մեծերէն յոբելեան մը եւս, որ մնաց ժամանակի թոհուբոհին տակ, եւ այս խառնակ օրերուն մամուլն է միակ վայրը, ուր կը յիշատակուին մեր երախտաւորները՝ իրենց յոբելեաններով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած զանազան բոյսերը ներկայացնել։
ԵՂԷԳ. (Գամըշ. «roseau»). Բարձր տունկ է սրածայր տերեւներով եւ երկայն եւ բազմայօդ ծղօտներէ՝ բոյսին եգէգնիկը՝ շիտակ կամ ծիլի պէս յօդ յօդներէ բաղկացեալ. կը բուսնի գետերու, առուներու եզերքը եւ ուրիշ խոնաւ տեղեր։
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը ընթացքի մէջ է շուրջ մէկուկէս ամիսէ ի վեր։ Այս ժամանակաշրջանին, հասկնալիօրէն, հակամարտ կողմերէն հանրութեան մատուցուած տուեալներու մէջ միշտ եղան հակասութիւններ կամ հակադիր, իրերամերժ հանգամանքներ։ Բայց եւ այնպէս, բոլորը համադրելով, վերջին հաշուով, կարելի էր տարրական պատկերացում մը կազմել, թէ ինչ տեղի կ՚ունենայ դաշտի վրայ։
Ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր հոգեւորականաց դասու երէց անդամներէն Տ. Տիրան Ա. Քհնյ. Ռէիսեան ենթարկուած է վիրահատութեան։ Վերջին շրջանին, դժբախտաբար, ան դուրս չէր կրնար գալ բնակարանէն՝ խտացեալ գլխապտոյտներու հետեւանքով։
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ
Բանաստեղծ, գրականագէտ, թարգմանիչ եւ բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Լուսինէ Աւետիսեան ծնած է 1975 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի Ասկերանի շրջանի Սարուշէն գիւղը: 1978 թուականին ընտանեօք տեղափոխուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Հոկտեմբերեան (այժմ՝ Արմաւիր) քաղաքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկուան առաւօտը ծանր էր Երեւան ապրողներուս համար։ Խնդիրը այն էր, թէ իւրաքանչիւր անձ, որ ռազմաճակատէն հեռու կը գտնուի, աւելի մեծ լարումներով կը հետեւի դէպքերու ընթացքին՝ քան անոնք, որոնք կը գտնուին ռազմական գործողութիւններու իրական հունին մէջ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Անհնար եւ անպատասխան սէրէ տառապած երիտասարդ Վերթեր խորհած է, թէ իր ցաւերէն փրկուելու միակ ելքը ինքնասպանութիւն գործելն է։ Տխուր, մելամաղձոտ տողերովը Կէօթէ իր ընթերցողները «ներքաշած» է այդ տանջանքներու մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Գիրքի մէջ յիշուած են զանազան բոյսեր, որոնք գիտնալ օգտակար կը համարենք Սուրբ Գիրքի ընթերցանութեան դիւրութեան նկատմամբ։ Ուստի բոյսերու ցանկը կը ներկայացնենք այբուբենի կարգով։
Փելէ նշեց իր 80-րդ տարեդարձը:
Աշխարհի մէջ արժէքներու արագ անկումին ընթացքին նորոյթ եղած է եւ ոմանց համար կարծես քաջագործութիւն, բանիմացութիւն է նսեմացնել նախկին աստղերու՝ արուեստագէտներու, մարզիկներու, գիտնականներու, ղեկավարներու նուաճումները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններէն վերջ ստեղծուած պղտորութիւնը շաբաթավերջին զգալիօրէն յաղթահարուեցաւ։ Քուէհամարը յառաջանալով այնպիսի պատկեր մը պարզեց, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած նախկին ծերակուտական ու փոխ-նախագահ Ճօ Պայտըն ընտրուած է ԱՄՆ-ի նախագահ։
Լեռնային Ղարաբաղի թէժ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) համար նշանակուեցաւ նոր տնօրէն մը։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով այդ պաշտօնին կոչուեցաւ Արմէն Աբազեան։
Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Պաքու առանցքին վրայ զօրակցութիւնն ու անմիջական շփումները կը շարունակուին։ Այս մթնոլորտին մէջ, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար շաբաթավերջին հերթական այցելութիւն մը տուին Պաքու, ուր հիւրընկալուեցան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։
Շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի ռազմական գործողութիւնները քննարկման նիւթ դարձան Էրտողան-Փութին եւ Փութին-Մաքրոն հեռախօսազրոյցներու ընթացքին:
Ռուսաստան կ՚ողջունէ Թուրքիոյ առաջարկը, որով կը նախատեսուի հակամարտութեան կարգաւորման համար ստեղծել նոր ձեւաչափով մը, աշխատանքային խումբ մը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակէն դուրս:
Արցախի եւ Հայաստանի տարածքէն ներս պատերազմի այս շրջանին Ատրպէյճանի կողմէ հրկիզուած է աւելի քան 2 հազար հեքթար անտառածածկ տարածք։ Բնապահպանական եւ կենսաբազմազանութեան ոչնչացման լուրջ սպառնալիք մըն է այս մէկը։
Մոսկուայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերաբերեալ անմիջական ուշադրութիւն ցուցաբերել։ Երէկ, նախագահ Վլատիմիր Փութինի գլխաւորութեամբ, Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց ժողով մը, որու ընթացքին քննարկման նիւթ դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը։