Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Սինկափուրի հայկական փողոցի նորաբաց այգիին մէջ «Վանտա Միսս Ճոակիմ» խոլորձի արձանին բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած է Հայաստանի պաշտօնական պատուիրակութիւնը՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ: Այս արարողութիւնը առիթ դարձած է, որպէսզի անցնող օրերուն, Սինկափուրի եւ Հայաստանի մէջ անգամ մը եւս յիշուի, որ Սինկափուրի ազգային խորհրդանիշ այդ ծաղիկը իր անուանումը ստացած է ի պատիւ Սինկափուրի մէջ բնակած հայազգի ծաղկաբոյծ, գիտնական Ակնէս Ճոակիմին (Աշխէն Յովակիմեան), որ այս ծաղիկը խաչասերած եւ ստացած է իր երիտասարդութեան տարիներուն:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանը միշտ կ՚արդարացնէ իր գոյութիւնը շրջանաւարտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութեամբ։ Դպրոցէն այս տարի շրջանաւարտ եղած են՝ Լիպարիտ Պաղտասարեան, Անդրանիկ Եդիգարեան, Լինա Մովսիսեան, Իոլա Ղուկասեան, Էլէն Սարգսեան, Կարինա Ղազարեան, Ռուզաննա Պապայեան եւ Լիա Սիմոնեան։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հայաստանէն Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան շնորհաւորական մը ուղարկեց Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանին։ Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան արդէն երկար տարիներ առաջ յայտարարած է, որ թեկնածու է Պոլսոյ պատրիարք ընտրուելու համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանի նախաձեռնութեամբ իրականացուող ծրագրի ծիրին մէջ, Արցախի դպրոցներու եւ նախադպրոցական հաստատութիւններու շուրջ 150 մանկավարժներ հետեւեցան բժշկական առաջին օգնութեան վերապատրաստման դասընթացքներու: Ապագայ բժիշկները երկու օր սորվեցան օձի եւ կարիճի խայթոցներու եւ այրուածքներու ատեն կենսական նշանակութիւն ունեցող հմտութիւններ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի «Ստեփան Շահումեան» հանրապետական մարզադաշտին մէջ կ՚ընթանան Արցախի մէջ տեղի ունենալիք Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու նախապատրաստական փորձերը:
Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեան ըսած է, որ փորձերը պիտի շարունակուին մինչեւ յուլիսի 25-ը, իսկ յուլիսի 27-էն սկսեալ պիտի ըլլան գլխաւոր փորձերը, որոնք պիտի տեւեն մինչեւ օգոստոսի 5-ը:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ» ակումբի միջնապահ Հենրիկ Մխիթարեան յուլիսի 14-27 թուականներուն, Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Եւրոպայի մինչեւ 19 տարեկան ֆութպոլ խաղացողներու ազգային հաւաքականներու ախոյենութեան աւարտական մրցաշարքին պաշտօնական դեսպանն է:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

4 յուլիսին Տաւուշի մարզին մէջ ինքնաշարժի արկածի հետեւանքով հայրենի անուանի ծանրաբարձ, 30 տարեկան Աղասի Աղասեան մահացաւ:
Անոր հետ ինքնաշարժին մէջ էին նաեւ անոր ընկերները՝ Յակոբ Լոբասեան (Հայաստանի ֆութսալի ազգային հաւաքականի նախկին մարզիկ) եւ Վարդան Դաւթեան:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերեալ շարք մը հարցեր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Նիկոլ Փաշինեան եւ Տոնալտ Թուսք Երեւանի երէկուան բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին:
ԵՄ քաջալերուած է այս տարուան զարգացումներու թափով, պատրաստակամ է՝ շեշտադրել մարդասիրական խնդիրները եւ սատարել ժողովուրդներու խաղաղութեան նախապատրաստման:

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպիսկոպոս Մաշալեան յառաջիկայ շաբթուան մէջ խորհրդակցութեան մը հրաւիրած է Կրօնական ժողովի անդամներն ու համայնքային մարմիններու ատենապետները։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս հանդիպման ընթացքին պիտի կազմուի պատրիարքական ընտրութեան նախաձեռնարկ մարմին մը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրիոյ հարցով Ռուսաստանի յատուկ ներկայացուցիչ Ալեքսանտր Լաւրենտեւը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները։

Հինգշաբթի, Յուլիս 11, 2019

Վեհափառ Հայրապետի մաղթանքն է, որ հայ ժողովուրդի զաւակները ապրին Ս. Էջմիածնի օրհնութեան ներքեւ:
Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան համար հանգանակութիւն պիտի կատարուի յառաջիկայ Սուրբ Աստուածածնի տօնին: Համակարգման յանձնախումբի աշխատանքները կը գլխաւորուին Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի կողմէ:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հաւատի աւանդութիւնը, այսինքն հաւատքին ժառանգութիւնը՝ բովանդակուած Սուրբ Աւանդութեան եւ Աստուածաշունչին մէջ, Եկեղեցւոյ ամբողջութեան վստահուած է առաքեալներուն կողմէ։ Իր հովիւներուն միացած ժողովուրդը՝ փարելով հաւատքի աւանդութեան ամբողջ կը մնայ յարատեւօրէն հաւատարիմ առաքեալներուն ուսուցումին եւ հոգեւոր հաղորդութեան, հացին բեկանումին, աղօթքներուն, այնպէս որ, փոխանցուած հաւատքին պահպանումով. գործադրութեամբ եւ դաւանութեամբ, հովիւներուն եւ հաւատացեալներուն միջեւ կը հաստատուի ոգիի եզական միութիւն մը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած Հայ մամլոյ համահայկական համագումարի աւարտին ամփոփիչ պատգամով մը հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը։ Ստորեւ հրատարակուած յօդուածը խտացումն է իր խօսքին ու համագումարի փակման նիստին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ

Նախորդ շաբթուայ սեբաստական ընդմիջումէս ետք, ահա կը վերադառնամ համշէնցիներու նուիրուած շարքիս, վերջին յօդուածով մը եզրափակելու համար զայն։
Նախապէս գրեցի համշէնցիներու բազմատեսակ ըլլալուն մասին, ներկայացուցի անոնցմէ ոմանք, որոնք զիրենք հայ չեն զգար, եւ ուրիշներ, որոնք հայ կը համարեն զիրենք։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

21-րդ դար։
Դար՝ մրցակցութեան, առատութեան ու ճոխութեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է՝ ֆրանսերէն բնագիրէ թարգմանուած «Վարդօ» գիրքի հայերէն եւ թրքերէն տարբերակները։ Գործի հեղինակներն են՝ Կորիւն Ափրիկեան, Ստեփան Թորոսեան եւ Ժան-Պլեզ Ճիան։ Սա կը վերաբերի երկու պատանիներու ոդիսականին 1915-ի սեւ օրերուն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած Հայ մամլոյ համահայկական համաժողովի օրակարգը բաւական ծանրաբեռնուած էր։ Համահայկական հարթութեան խնդիրներու առընթեր, միասնական մթնոլորտի մէջ շօշափուեցան նաեւ այն հարցերը, որոնք Հայաստանի կամ սփիւռքի լրատուամիջոցներու առանձնայատկութիւններուն հետ կապ ունին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիսաւոր հաւաքոյթ՝ Վեհափառ Հայրապետի գլխաւորութեամբ:
«Ոսկէ ծիրան»ի ծիրէն ներս այս տարի «Եղիցի լոյս»ը շնորհուեցաւ ռուս յայտնի բեմադրիչ Ալեքսանտր Մինտածէին:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 10, 2019

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիավ Պելոցերքովսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դեսպանի նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։

Էջեր