Արխիւ

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Երեւանի դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով, Մնացականեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած աննախադէպ լայնածաւալ բռնութեան հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին նոյն թափով։
Յարութիւնեան. «Պատերազմի առաջին օրը Ատրպէյճան կը ծրագրէր շրջափակել Արցախը, սակայն այդ ծրագիրը տապալեցաւ»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց. «Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը մեզի համար կարմիր գիծ է, զոր մենք չենք կրնար անցնիլ»։ Մինչ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ լայնածաւալ պատերազմը կը շարունակուի, Նիկոլ Փաշինեան երէկ հարցազրոյց մը տուաւ «Ռասիա Սեկոտնիա»ին։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Յունաստանի Արտաքին գործոց նախարար Նիքոս Տենտիաս այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ տեղի կ՚ունենայ այս այցելութիւնը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Նախագահներու նախընթաց օրուան հեռախօսազրոյցէն վերջ, երէկ ալ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան Արցախի իրավիճակին։
Անգարա եւ Մոսկուա անխափան կապ կը պահեն տարածքաշրջանի կացութեան շուրջ։ Չավուշօղլու եւ Լաւրով կանգ առին հրադադարի խախտումներուն եւ քաղաքային բնակչութեան դէմ յարձակումներուն վրայ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Ամբողջ հայաշխարհը անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած օրհասական կացութեան։ Այս իրավիճակին մէջ, երէկ, Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որու օրակարգին վրայ էր Արցախի պատերազմը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «ՀԱՅՃԱՐ»ի ներկայացուցիչները։ Անոնք, վարժարաններու երկրաշարժի տոկունութեան մասին իրենց յանձնուած պաշտօնին մասին տեղեկագիր յանձնելու համար կը գտնուէին Գումգաբու։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Ծանօթ է թէ, քորոնա համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները, մեր եկեղեցիները վերաբացուած էին հաւաքական պաշտամունքի, նաեւ Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց ու յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն՝ հնազանդ մնալու պայմանաւ նախասահմանուած պաշտօնական եւ առողջապահական պայմաններու տրամադրութիւններուն՝ առողջապահական դնչակապի գործածութեան եւ ընկերային հեռաւորութեան ու հականեխիչներու գործածութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16, 2020

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

- 15 -

Եթէ կը կարծես, որ քամիին խօսքերով զիս կը համոզես,
Ուրեմն՝ փաստերդ գրէ ջուրին վրայ:

- 16 -

Թռչունները ըսին իրենց կոկորդներուն.
Մի՛ յամառիք,
Որոշեցինք երգելէ դադրիլ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Արցախի պատերազմական գործողութիւններու ծանր իրավիճակին մէջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ հանդէս եկաւ հայ ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը։ Վեհափառ Հայրապետը պատգամին մէջ ըսաւ. «Մեր հայրենիքի համար վճռական օրեր են։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Աշունը եկաւ սիրտս Արցախ ուզեց:
Ամէն օր կ՚ըսէի, թէ այս շաբաթ պիտի մեկնիմ: Սակայն ամէն անգամ խօսքերս կը մնային օդի մէջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս օրերուն, երբ կը հայցենք աշխարհի զանազան ազգերու մտաւորականութեան աջակցութիւնը հայ ժողովուրդին, կը փնտռենք մանաւանդ ռուս մտաւորականութեան ձայնն ու նեցուկը աշխարհաքաղաքական այս խժդժութեան մէջ, որուն կեդրոնը դարձան Արցախն ու Հայաստանը: Պատահական չէ ռուսական մտաւորականութեան յառած մեր հայեացքը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

 -Ո՜վ Ռոնտա. աղօթքը չ՚օգնե՞ր միտքի մաքրութեան:
Աղօթքը առանձինն բաւարար չէ: Մարդ եթէ իր աղօթած ժամանակ մէկ քիլօ խունկ վառէ, մինչ իր միտքը վատ մտածումներով լեցուն է՝ պիտի չօգտուի, որովհետեւ հրամանը միտքէն կ՚ուղղուի դէպի սիրտը, որով մարդը հրէշ կը դառնայ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մարդ որքան լեզուներ գիտնայ խօսիլ՝ ա՛յնքան մարդ է», կ՚ըսէ առածը։ Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «լեզու խօսիլ» կամ աւելի լայն առումով, «լեզու գիտնալ»։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի նախագահները հեռախօսազրոյց մը ունեցան՝ Լեռնային Ղարաբաղի իրադրութիւնը քննարկելով պատերազմի վերսկսելէն ի վեր առաջին անգամ: Փութին Էրտողանի հետ խօսակցութեան ժամանակ յոյս յայտնեց, թէ Անգարա՝ որպէս ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի անդամ, դրական դեր կը ստանձնէ հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Միջազգային մետիան խայտաբղէտ համայնապատկերի մը վրայ կը ցոլացնէ Արցախի պատերազմը:
Համաշխարհային հեղինակութիւններ մանրամասնօրէն կը մեկնաբանեն տարածքաշրջանային նոր հաւասարակշռութիւնները:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ պատերազմական գործողութիւնները կը շարունակուին ամբողջ սաստկութեամբ։ Գրեթէ երեք շաբաթէ ի վեր լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները կ՚ընթանան ծանր հետեւանքներով։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան «Հաւատքներու սեղան» բաժանմունքի ներկայացուցիչներ՝ Նիլիւֆէր Թաշքընը, Իսլամ Էօզքանը, Ֆաթմա Եաւուզը եւ Վետաթ Քարան։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի դիւանապետ եւ լուսարարապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մոլորակը կեցած է:
Շունչերնիս պահած կը սպասենք իրադարձութիւններու զարգացման: Գիտենք, վստահ ենք, մեր սիրտը կը վկայէ... սակայն երբեմն անհամբերութիւնը չի ձգեր համբերելու:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շարունակենք խորհրդածել Հայ լեզուի նրբերանգներուն մասին։ Հայ լեզուի նրբերանգները կը յայտնուին մանաւանդ ուղղագրական կանոններու մէջ։ Ուստի այս նրբերանգներէն օրինակներ կ՚ուզենք ներկայացնել Բենիամին Թաշեանի «Լսարան հայ լեզուի» գիրքէն։

Էջեր