Արխիւ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Օրերս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի՝ Փարիզի մէջ կայացած գլխաւոր համաժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին մահուան 850-րդ տարելիցը եւ Հայաստանի Ազգային շարժանկարային կեդրոնի հիմնադրման 100-ամեայ յոբելեանը ընդգրկուեցան ԻՒՆԷՍՔՕ-ի Հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ՝ 2022-2023 երկամեակին համար:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Տքթ. Երուանդ Զօրեան. «Ճիշդ է՝ դժուար օրերու մէջ ենք, սակայն, շատ աւելի ծանր օրեր ալ ապրած ենք։ Թեքնոլոժիի ոլորտը մեծ ներուժ ունի Հայաստանի մէջ»:
«Պայմաններուն յարմարուիլը վերապրելու մեր կարողութիւնն է, հիմա ալ պիտի ունենանք, բայց որքան շուտ՝ այնքան լաւ։ Մարդիկ պէտք չէ մտահոգուին՝ իրենց ժամանակը աշխատանքի յատկացնելու համար»:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

1947 թուականին «Անահիտ» հանդէսին մէջ հայ գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հանրային գործիչ Արշակ Չօպանեանի տպագրած մէկ յօդուածը՝ արեւմտահայ լեզուի եւ գրականութեան հարցերու շուրջ, այսօր համահունչ է լեզուական մեր մտահոգութիւններուն: Այսօր ալ հայութեան զանազան շրջանակներու մէջ կը քննարկուին արեւմտահայերէնի պահպանման հարցերը եւ ջանքեր կը գործադրուին՝ զայն պահելու ուղղութեամբ:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այն տարիներուն, երբ արհեստական բանականութիւնը նոյնիսկ չէինք կրնար կռահել, միայն երեք հոգի գիտէին համացանցային իրականութեան մասին, ուրեմն կը նշանակէ, թէ «I, Robot» կամ «Neuromancer» գիրքերու հեղինակները իսկապէս եղան կանխատեսներ, գուշակեցին ապագան։ 

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն աւելի քան 4 հազար տարիներ առաջ մարդ արարածը կարիքը զգացած է օրէնքներու եւ կանոններու, աւելի բարեփոխելու համար իր կեանքն ու ապրելաձեւը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է հայկական զանգուածային լրատուութեան աշխարհի նուիրեալներէն՝ վաստակաշատ լրագրող Արա Գալոյեան։ Մասնագիտութեամբ փիլիսոփայ Արա Գալոյեանի անժամանակ կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է՝ մինչ բոլորը կը վկայեն, թէ այդ մասնագիտութեան զուգահեռ՝ ան օժտուած էր կեանքի, մարդոց, ընկերներու եւ շրջանակին նկատմամբ իրեն բնորոշ վերաբերմունքով ու սիրով։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի Սոչիի եռակողմանի գագաթաժողովի արձագանգները կը շարունակուին։  Ընդհանրապէս, միջազգային հանրութիւնը դրական կը համարէ այս հանդիպումը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահները շաբաթավերջին տեսակցեցան Աշխապատի մէջ:
Սոչիի հանդիպումէն անմիջապէս վերջ թէ՛ Էրտողան եւ թէ Ալիեւ խօսեցան Զանգեզուրի միջանցքի մասին:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Գումգաբուի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 29, 2021

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան այսօր անակնկալօրէն ջնջած է Իսթանպուլ ժամանումը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց յայտնի ոսկերիչ Սեւան Պըչաքճըն, որ իրեն նուիրեց «Sevan Bıçakcı, The Timekeeper» գեղատիպ հատորէն օրինակ մը։ Այցելութեան ընթացքին յայտնի վարպետին կ՚ընկերանար գործարար Տողան Էրպէք, որ Զուիցերիոյ Ժընեւ քաղաքին մէջ կը բնակի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Իսթանպուլի Պապական փոխանորդի տեղակալ Մոնս. Լորենցօ Փիրեթթօ Եպիսկոպոսը, որուն կ՚ընկերանային Մոնս. Նիքոլաոս Վիրվոլ եւ Հայր Կուէնոլէ Վարդապետը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Էրկիւն Թուրանը, որուն կ՚ընկերանար քաղաքապետական խորհուրդէն Պիւշրա Ունճու Էօզթէն։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Գումգաբուի իրերայաջորդ խորհրդակցութիւնները համալրուեցան սանուց միութիւններու վարչայիններով:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հաւաքի ընթացքին շեշտը դրաւ երիտասարդութեան համախմբման կարեւորութեան վրայ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վերջերս կազմակերպեց իր տարեկան հանգանակութիւնը։ Հիմնադրամի 24-րդ նուիրահաւաքման արշաւն էր այս մէկը, որու արդիւնքով հանգանակուեցաւ 12 միլիոն 351 հազար ամերիկեան տոլար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

Վլատիմիր Փութին 44-օրեայ պատերազմէն վերջ երկրորդ անգամ մէկտեղեց Նիկոլ Փաշինեանն ու Իլհամ Ալիեւը, որոնց նուիրեց ձիթենիի ճիւղեր՝ ի նշան խաղաղութեան:
Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետները յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ պիտի հաւաքուին՝ ամփոփելու համար որոշ արդիւնքներ եւ յայտարարելու այն որոշումները, որոնց շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է Սոչիի երէկուան գագաթաժողովի ընթացքին: Թէ՛ Երեւան եւ թէ Պաքու դրական ազդանշաններ կու տան Պրիւքսելի ժամադրութեան ընդառաջ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին պատճառաւ՝ շատ մը գործատեղիներ, ճաշարաններ, շարժանկարի սրահներ, մարզական աւաններ եւ այլն ժամանակաւոր կերպով փակուեցան եւ անոնց գործաւորները անգործութեան դատապարտուեցան։ Այդ գործաւորները՝ ըստ ամերիկեան օրէնքի տրամադրութեան, դիմեցին կառավարութեան օգնութեան համար։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Եւ մանաւանդ՝ 16 Նոյեմբեր...:
Արիւնոտ թուական մը եւս աւելցաւ ներկայ մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Կարծես, ասկէ «առաջուանները» չէին բաւեր, հիմա ալ այս մէկն ալ աւելցաւ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Լիբանանի վարչապետ Նաժիպ Միքաթի այսօր շրջապտոյտի մը ելած է։ Վարչապետը նախ կ՚այցելէ Վատիկան, ապա շատ հաւանաբար մեկնի՝ Անգարա եւ Գահիրէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 27, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ղուկասի Աւետարանին 12-րդ գլուխին 13-21 համարներուն մէջ կը կարդանք մեր Տիրոջ պատմած մէկ առակը, որ վերնագրուած է՝ «Անմիտ հարուստին առակը» անունով:
Ժողովուրդէն մէկը դիմելով Տէր Յիսուսի կը խնդրէ, որպէսզի միջնորդ ըլլայ եւ իր եղբօր ըսէ, որպէսզի իր հօրմէն մնացած իր բաժին ժառանգութիւնը տայ իրեն:

Էջեր