Արխիւ
Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր լեզուին տակը ի ծնէ ունի պզտիկ, աննշան, բարակ խլնաթաղանթային մաշկ մը (band), որ կը կոչուի սանձ-սանձիկ (frenulum): Այս կապը ոչ մէկ պաշտօն ունի եւ ոչ մէկ ձեւով արգելք կը հանդիսանայ լեզուի շարժումներուն:
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Գեղեցիկ, զգացականութեամբ լի այս երգը իր երկրորդ ծնունդը առաւ 90-ականներուն, երբ Մայքըլ Պոլթոն վերաերգեց զայն։ Անիկա ամբողջութեամբ լեցուած է քնքշութեամբ եւ սիրով։ Ամէն տողի մէջ կը լսուի տղամարդու սրտի զարկը, երբ կը տեսնէ իր սիրելի էակը, յանուն որուն պատրաստ է փոխել երկրագունդի ուղեծիրն անգամ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հաւատարմութիւնը պարկեշտ քաղաքացիին բնորոշ ամենէն կարեւոր գիծերէն մին է։ Հաւատարմութիւն այն երկրին, ուր կ՚ապրիս եւ հաւատարմութիւն այն հողին, որուն շնորհիւ կ՚ամրապնդես կեանքդ եւ զարկ կու տաս ծրագիրներուդ իրականացման գործին։
Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ կապերուն նկատմամբ նոր մօտեցում:
Վեհափառ Հայրապետն ու Նիկոլ Փաշինեան ելոյթներ ունեցան անդրանիկ ժողովի բացման ժամանակ:
Հերակլիոնի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ 350-ամեակի փառաշուք ու պատմական յոբելեանը:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այս շաբաթավերջին այցելութիւն մը կու տայ Կրետէ կղզի:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ յառաջացեալ տարիքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է մեր կրթական կեանքի նուիրեալ մշակներէն Վահան Աճէմեան։ Այս կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է իր կողմէ դաստիարակուած սերունդներուն՝ մանաւանդ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքին մօտ։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեկնեցաւ Կրետէ։ Այս շաբաթավերջին Կրետէի մէջ կը նշուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 350-ամեայ յոբելեանը։
Ապրիլ 29-30 թուականներուն, Օմանի սուլթանութեան մէջ, Արաբական ծոց, տեղի ունեցաւ գիտաժողով մը՝ նուիրուած կրօններու եւ անոնց մասնակցութիւնը հաւաքական կեանքերու հաշտութիւն եւ համերաշխութիւն ստեղծելու գործընթացին մէջ։ Գիտաժողովը կազմակերպուած էր «Ալ Ամանա» քրիստոնէական կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, եւ որ կը ձգտի ստեղծել կրօններու միչեւ գոյակեցութիւն՝ զիրար հասկնալու միջոցառումներ կազմակերպելով։
«Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնի շրջանակներէն ներս կը կայանան շարք մը միջոցառումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ մայիսի 4-28 թուականներուն միջեւ տեղի կ՚ունենան «Crossroads-2019 ժամանակակից երաժշտութեան օրեր Հայաստանի մէջ» միջազգային փառատօնը:
Հայաստան-Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովին նիստը։
Երկու երկիրները որոշ համաձայնութիւններու հասած են զանազան ոլորտներու մէջ յարաբերութիւնները զարգացնելու համար։
Կրօնական ժողովի ատենապետը երէկ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան կը պարզաբանէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին մէջ որդեգրած դիրքորոշումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ» (ԵԼԻՑ. ԼԱ 17)։ Աստուած «հանգստացաւ» կամ «դադրեցաւ» գործելէ, որովհետեւ երկրիս ստեղծագործութեան նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը «կատարած» էր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանահայ գաղութի թատրոնի անցեալն ու ներկան…
Սփիւռքի հայկական գաղութներու տարեգրութեան մէջ կարեւոր տեղ զբաղեցուցած է թատրոնը։
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
-Այս ի՞նչ ծաղիկ է, տատի՛կ,- կը հարցնեմ մայթեզրին ամէն օր նստող, բանջարեղէն վաճառող տատիկին, որ այսօր արտադրութիւնը գեղեցկացուցած է եասամանի բուրաւէտ փունջերով ու դեղին, դաշտային ծաղիկներով:
-Սարերի ծաղիկ է, էլի, էս օրերին է ծաղկում,- կ՚ըսէ:
Խոր ցաւով տեղեկացանք, որ Նիւ Եորքի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Տիար Արա Միսաքեան, որ երէց եղբայրն է համայնքային երախտաշատ բարերարուհի Մոնիք Երկանեանի։ Սա ցաւալի իրադարձութիւն մըն է եւ բօթը արձագանգ գտած է ամէնուր։
Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Դանիէլ Վարուժանի «Հացին երգը» գիրքի վերհրատարակութիւնը։ Առաջին անգամ 1921 թուականին հրատարակուած այս գործը հայ գրականութեան դասական գլուխգործոցներէն մին է։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ «Մարալ»ի մեծ ընտանիքը արտակարգ խանդավառութիւն կ՚ապրի յոբելենական ներկայ շրջանին։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան, որ այդ չորս տասնամեակներու ականատեսն ու մասնակիցը եղած է, մէկ կողմէ կ՚ապրի այդ ամբողջ յիշողութեան զգացականութիւնն ու հպարտութիւնը, իսկ միւս կողմէ կը ջանայ նոր հորիզոններ ուրուագծել համոյթին առջեւ՝ պատրաստելու համար անոր ապագան։
Facebook ընկերային ցանցի մահացած օգտատէրերը յառաջիկայ յիսուն տարուան ընթացքին կրնան թուաքանակով գերազանցել ողջերը: Այդ մասին, ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»ը, կը հաղորդէ Համացանցի Օքսֆորտի կաճառի, որ մաս կը կազմէ Օքսֆորտի համալսարանին, գիտնականներու հրապարակած հաշուետուութեան մէջ:
Արհեստավարժ բռնցքամարտիկ Արամ Աւագեանի հերթական մենամարտի օրը փոփոխութեան ենթարկուած է: Այսպէս, «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ Արամ Աւագեանի մենամարտը կը կայանայ նախատեսուածէն երկու օր վերջ՝ մայիսի 4-ին, Լաս Վեկասի T-Mobile Arena-ի մէջ:
Հայկական ճատրակի կրոսմայսթըր Լեւոն Արոնեան կրկին աշխարհի տասն լաւագոյն ճատրակ խաղացողներու շարքին մէջ դասուած է:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ ՖԻՏԷ-ն հրապարակած է մայիս ամսուայ լաւագոյն հարիւր ճատրակ խաղացողներու ցուցակը, ուր Լեւոն Արոնեան տասներորդ դիրքը կը զբաղեցնէ: