Արխիւ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարով վաղը հանդիպում մը պիտի ունենան Պրիւքսելի մէջ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ տեսակցութիւնը կազմակերպուած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու նախաձեռնութեամբ։
Իրանի Ուժանիւթի նախարար Ռեզա Արտաքանիան երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Հիւր նախարարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Գաղտնիք մը չէ, որ Նիւ Եորք քաղաքը ապրիլը գրեթէ անհնարին է, սղութեան պատճառաւ։ Ուրեմն Նիւ Եորք աշխատող պաշտօնեաներուն եւ գործաւորներուն մեծամասնութիւնը կը բնակին Նիւ Ճըրզի, որովհետեւ հոն տուներու գիներն ու վարձքերը աւելի նպաստաւոր են։ Իսկ Նիւ Եորքը Նիւ Ճըրզիէն կը բաժնէ Հատսըն գետը։
ՏՔԹ. ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Ձեզի դիմողը սաղիմահայ բանաստեղծուհի Անուշ Նագգաշեանն է։
Վերջին ամիսներու քաղաքական փոփոխութիւնները հետաքրքրեց ոչ միայն մեր երկրին ու ժողովուրդին, այլեւ աշխարհը դաս առաւ, որ առանց արիւնայեղութեան ալ կարելի է յեղափոխութիւն ընել եւ օտարները հիացմունքով արտայայտուեցան այդ մասին։ Ի զուր չկոչուեցաւ ԹԱՒՇԵԱՅ եւ ՍԻՐՈՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ...։
Թանգարաններու եւ արխիւի բաժնի տնօրէնը Ս. Գեղարդի շուրջ ստեղծուած աղմուկը կը համարէ զաւեշտալի եւ անհիմն, սակայն կրօնական առումով նաեւ՝ դատապարտելի:
Տ. Ասողիկ Քահանայ Կարապետեան. «Ես չէի ուզեր առհասարակ անդրադառնալ այդ կասկածներուն։ Մասունքներու, սրբութիւններու դէմ նման յանդգնութիւնը, կասկածներու սերմանումը անընդունելի է։ Մարդիկ իրենց անձնական նուաստ շահերուն համար կ՚ընեն այդ յայտարարութիւնները»:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողով: Ոստիկանները այս առաւօտեան ժամերուն դուրս բերին դիւանատունը գրաւած իբր թէ ցուցարարները:
Թուրքիոյ մէջ երէկ պաշտօնապէս հաստատուեցաւ նախագահական կառավարման համակարգ: Երեկոյեան ժամերուն հրապարակուեցաւ նոր Նախարարաց խորհուրդի կազմը, որ կը բաղկանայ 16 հոգիէ:
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան երդումը կատարեց Ազգային մեծ ժողովի երդիքին տակ, յարգանքի այց մը տուաւ Աթաթիւրքի յուշադամբանը եւ Պեշթեփէի մէջ մասնակցեցաւ պաշտօնակալման արարողութեան: Անգարայի
պատմական հանդիսութեան մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:
Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին շարունակուեցան աղմկայարոյց, գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները, որոնց հիման վրայ ձերբակալուեցաւ նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի եղբայրներէն Լեւոն Սարգսեան։ Հայաստանի յատուկ Քննչական ծառայութիւնը որոշեց Լեւոն Սարգսեանի առընթեր կալանաւորել նաեւ իր դուստրը՝ Անի Սարգսեանը եւ որդին՝ Նարեկ Սարգսեանը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Միջազգային եւ անվտանգութեան հարցերու հայկական կաճառի կողմէ կազմակերպուած երիտասարդական երրորդ ֆորումին։ «Ժողովրդավարութիւն, անվտանգութիւն եւ արտաքին քաղաքականութիւն» խորագրեալ այս ֆորումի ընթացքին Արմէն Սարգսեան անդրադարձաւ Հայաստանէ ներս տեղի ունեցած փոփոխութիւններուն, երկրի զարգացման հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ համալսարանական շրջանաւարտներու հետ բաժնեց իր փորձառութիւնները։
Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մենք սովորաբար կը հաւատանք, որ մեր կարծիքները բացարձակ ճշմարտութիւններ են եւ՝ հաստատ: Սակայն նոր ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, որ մեր տեսակէտները, նոյնիսկ՝ քաղաքականութեան վերաբերեալ, միշտ կը փոխուին, պարզապէս ոչ թէ ձեր ակնկալած պատճառներուն համար:
«Միջերկրականեան Եւրոպայէ ներս քաղաքականութիւն, կրօն եւ սեռ (1840-1930 թուականներուն):
«Կրօնի մեկնակէտով մտածել սեռի մասին» խորագրեալ նիստին ընթացքին զեկուցում մը ներկայացուց Այլին Գօչունեան, որ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի անցեալ դարասկիզբի յօդուածներու լոյսին տակ խորհրդածութիւններ ըրաւ՝ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ վիճակած քաղաքակրթական առաքելութեան շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահը այսօր իր երդումը կը կատարէ Ազգային մեծ ժողովի նիստին ընթացքին:
Պեշթեփէի համալիրի արարողութեան զուգահեռ՝ Էրտողան կը հրապարակէ առաջին որոշմնագիրը եւ իր կառավարութիւնը:
Չորեքշաբթի, 27 յունիս 2018-ին, Հայկազեան համալսարանի «Heritage» պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան համալսարանի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի համատեղ գործակցութեամբ կազմակերպուած «Լիբանանահայ վարժարաններու ուսուցիչներու մասնագիտական մշակումի ծրագիր»ի փակման պաշտօնական հանդիսութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն հետզհետէ աւելի թէժ քննարկումներու նիւթ սկսաւ դառնալ Լիբանանի նոր կառավարութեան կազմութեան հարցը։ Խնդիրը այն է, որ մէկ ամիս առաջ երկրի վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրին ձգձգումներու կ՚ենթարկէ կառավարութիւնը կազմելու այդքան կարեւոր որոշումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք, թէ՝ եթէ անցեալը չըլլար, ներկան գոյութիւն պիտի չունենար։ Այս կը նշանակէ, որ եթէ տարեցներ չըլլային, ներկայ սերունդ մը գոյութիւն չէր ունենար։
Աստուածամուխ Ս. Գեղարդը շաբաթավերջին Սուրբ Էջմիածնի աւանդատուն-թանգարանէն դուրս բերուելով հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան տրամադրուեցաւ։ Նկատի ունենալով, որ Մայր Աթոռի դիւանատունը գրաւած խումբ մը մոլեռանդ ցուցարարներ պնդած էին, որ Ս. Գեղարդը վաճառուած է, ապա Վեհափառ Հայրապետի տնօրինութեամբ շաբաթավերջին Ս. Գեղարդը հերթական անգամ վերաբերուեցաւ հաւատացեալներու օրհնութեան եւ երկրպագութեան համար։
Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդաց հաւաքը, որ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցաւ Ծաղկաձորի մէջ, երէկ հասաւ իր աւարտին։ Եզրափակիչ փուլը նախատեսուած էր Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ։ Պայծառակերպութեան տաղաւարին զուգադիպեցաւ երիտասարդաց հաւաքի եզրափակիչ փուլը։
Երէկ, Երեւանի մէջ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային 15-րդ փառատօնը։ Այս տարուան փառատօնը արդէն կը համարուի յոբելենական՝ հաշուի առնելով, որ կը կազմակերպուի 15-րդ անգամ։
Հայաստանի մէջ ներկայիս զօրակոչի շրջան է։ Հայոց բանակի շարքերը կը համալրուին նոր զինուորներով։ Զօրակոչի ներկայ փուլին կը զինուորագրուի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որդին՝ Աշոտ Փաշինեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Պայծառակերպութիւն» նո՛յնն է «Այլակերպութեան» տօնին եւ անունին։ Աւետարանը կը գործածէ միայն «Այլակերպութիւն» բառը, սակայն «Պայծառակերպութիւն» բառն ալ ընդհանրացած է իբր աւելի յատուկ եւ աւելի փառաւոր բացատրութիւն։ Այլակերպութիւնը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ գլխաւոր տօներէն մին է՝ տաղաւար տօներէն։
ՄԱՐԻԱՆԱ ՊԵՐԹԻԶԼԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Քրիստոս այլակերպեցաւ, որպէսզի ցոյց տայ իր աշակերտներուն անոնց խոստացուած արքայութիւնն ու փառքը: Հանեց զանոնք լերան գագաթը եւ ցոյց տուաւ, թէ Ինք ինչպէս պիտի գայ վերջին օրը՝ աստուածութեան փառքով ու մարմնով եւ ըսելու համար, թէ Ինք ո՛չ Եղիան է, ո՛չ Մովսէսը, ո՛չ ալ մարգարէներէն մին: