Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան դէպի Ուաշինկթըն պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահ Արմէն Սարգսեան ջերմ ու անմիջական մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցած զրոյցին ընթացքին մատնանշեց, որ Հայաստան կը կարեւորէ ԱՄՆ-ի հետ գործընկերութեան հետեւողական զարգացումը։

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ տեսաուղերձով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռուստակայանէն:
«Մենք կը հաւատանք, թէ մեր ժողովուրդի եւ մեր եկեղեցականաց դասուն հետ միասնաբար մենք պիտի կարողանանք մեր եկեղեցին դարձնել զօրաւոր եւ արդիւնաւոր իր առաքելութեան մէջ»:

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ մինի-ֆութպոլի մրցում մը տեղի ունեցաւ՝ ի յիշատակ անմոռանալի մորթաբան հոգելոյս Փրոֆ. Յակոբ Կոթողեանի։

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

- Ին­չո՞ւ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ Ս. Եր­րոր­դու­թեան օրհ­ներ­գու­թեան ըն­թաց­քին ե­րեք ան­գամ «Ա­մէն» ը­սե­լով կը ձայ­նակ­ցին։
- «Ա­մէն» եբ­րա­յե­րէն բա­ցատ­րու­թիւն մըն է, որ կը նշա­նա­կէ ե­ղի­ցի, այն­պէս ըլ­լայ, ինչ­պէս նաեւ կը նշա­նա­կէ իս­կա­պէս, ստու­գա­պէս, ճշմար­տա­պէս, ի­րա­ւամբ։

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ կը խօսուի Մանուկ Յիսուսի ծննդեան պարագաներուն վրայ, պէտք չէ՛ զանց առնել նաեւ Յովսէփը։ Քանի որ Յովսէփն է, որ հանդէս եկաւ որպէս «պաշտպան» եւ «խնամող» ո՛չ միայն Կոյս Մարիամին, այլ նաեւ՝ Յիսուսին։

Շաբաթ, Յունիս 30, 2018

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Ես չեմ կրնար  հաւատալ, որ մենք տակաւին  ամենէն խոր ճեղքը յառաջացուցած ենք  ապակեայ առաստաղին վրայ… եթէ հոն կան աղջիկներ, որոնք ամբողջ գիշերը արթուն մնացած են դիտելու, ես կրնամ չդառնալ կին յաջորդ նախագահը, բայց ձեզմէ մէկը յաջորդը պիտի ըլլայ»: Ասոնք Հիլըրի Քլինթընի խօսքերն են, 2016 թուականի յուլիսին, դեմոկրատականներու թեկնածուն դառնալու մասին:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ, յաճախ, փոխանակ ճշմարիտի, սուտը եւ խաբէականը կը նախընտրեն, ինչպէս՝ փոխանակ սիրոյ՝ ատելութիւնը եւ նենգամտութիւնը։ Ասիկա մարդկային տկարութեան եւ թերութեան բնական մէկ հետեւանքն է՝ որ սերունդէ՜ սերունդ կը փոխանցուի մարդոց մէջ՝ հետզհետէ զօրանալով, փոխանակ տկարանալու կամ թեթեւնալու, կամ աւելի լա՛ւ է ըսել՝ մեղմանալու։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Ոդիսակա՞ն, թէ՞ արհաւիրք: Նախագահ Տանըլտ Թրամփի անխոհեմ, կարճատես եւ անտրամաբանական գործունէութիւնը օրըստօրէ իր վրայ կը կեդրոնացնէ բոլորին ուշադրութիւնը՝ յաւելեալ քննադատութիւններու դուռ բանալով:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Սրտակից ընկեր մը, որ մօտէն կը ճանչնայ բոլորիս սիրելի երաժիշտ Գէորգ Հաճեանը, առաւօտ մը, ուրախ տրամադրութեամբ լեցուած, սեղանիս վրայ դրաւ գեղատիպ կողքով ձայնասկաւառակ մը, ապա անպաճոյճ բառերով ըսաւ. «Գէորգին նուէրը՝ քեզի»:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան պետ Սասուն Խաչատրեան յայտարարեց, որ կաշկանդող հանգամանք մը չկայ 1 մարտ 1999 թուականի դէպքերու բացայայտման համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Սասուն Խաչատրեան երէկ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ զրուցեց Հայաստանի կառավարութեան նիստէն առաջ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մեծ մայրը կողը բռնած օրն ի բուն կ՚աղօթէ ու փառք կու տայ Բարձրեալին: Միշտ այս կեցուածքը ունի ան, գոհունակութիւն մը կայ անոր դէմքէն ցոլացող, քիչ մըն ալ թաց աչքեր կը պսպղան փայլք մը տալով դէմքին շողին: Կողը: Ի՞նչ կայ հոն:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Ամերիկահայ աշխարհահռչակ երաժիշտ, ռաք երաժշտութեան կենդանի առասպել Սերժ Թանկեան վերջերս այցելեց Երեւան։ Իր կեցութեան օրերուն ան հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեանի կողմէ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հիւրընկալեց ասորի եւ ղպտի պատրիարքները:
Դաւանակից եկեղեցիները կը գործակցին՝ Մերձաւոր Արեւելքի մարտահրաւէրներուն դէմ:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ պաշտօնի փոխանցման հանդիսաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, նորընտիր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Ծ. Վրդ. Իսախանեան առաջնորդական ասան ստացաւ՝ ձեռամբ նախկին առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Նախագահ Արմէն Սարգսեան կը կարեւորէ՝ բարձր մակարդակով այցելութիւններու աշխուժացումը:
Հայաստան-ԱՄՆ տնտեսական համագործակցութեան խթանման համար կարեւոր է պայմանագրային դաշտի ընդլայնումը:

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան դէպի Պերլին պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ խորհրդարանի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, կողմերը գոհունակութիւն յայտնեցին Հայաստան-Գերմանիա խորհրդարանական աշխոյժ համագործակցութեան կապակցութեամբ։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը առիթ հանդիսացաւ՝ համաձայնութեան հասնելու համար գաղթականներու խնդրին շուրջ։ Պրիւքսելի մէջ վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան խորհուրդին ժողովը, որու ընթացքին ապրուեցան բարդ վէճեր։

Ուրբաթ, Յունիս 29, 2018

Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարի պատմական ու սրբազան համալիրէն ներս հանդիսաւոր մեծարանք՝ բարձրաստիճան հիւրի համար:
Իշխան Ուիլիըմզ որպէս յուշանուէր հայկական ինքնուրոյն խաչ մը ստացաւ՝ Հայոց պատրիարքութիւնը ներկայացնող հոգեւորականներուն կողմէ:

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Մինչ այդ, Ուաշինկթընի մէջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի «Տըրքսեն» մասնաշէնքէն ներս իր մասնակցութեամբ տեղի ունեցած հաւաքոյթի արձագանգներն ալ կը շարունակուին։

Հինգշաբթի, Յունիս 28, 2018

Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն ժողովը։ ՍԾՏՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի 38-րդ նիստն էր այս մէկը, որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի տանտիրութեամբ

Էջեր