Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յառաջիկայ շրջանին պիտի իրականացնէ շարք մը արտասահմանեան ուղեւորութիւններ։ Յունիսի 24-ի ընտրութիւններէն վերջ արդէն աստիճանաբար կը յստականայ Էրտողանի արտասահմանեան այցերու ժամանակացոյցը։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018

Էսաեան վարժարանի 2017-2018 թուականի շրջանաւարտները երէկ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը ստացան իրենց վկայականները։ Էսաեանի լիսէի բաժինը այս տարի ունի 27 շրջանաւարտ։ Երէկ երեկոյեան դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ազգային տօնին՝ յուլիսի 4-ի առթիւ երէկ պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքուեցաւ քաղաքիս մէջ։ Պէշիկթաշի «Քոնրատ» պանդոկի սրահներուն մէջ տեղի ունեցաւ այս պաշտօնական ընդունելութիւնը, որու տանտէրներն էին Անգարայի մօտ ԱՄՆ-ի հաւատարմատար Ֆիլիփ Քոսնըթ եւ Իսթանպուլի մօտ ԱՄՆ-ի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 4, 2018

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Հայրապետ. «Եկեղեցին յատկապէս զօրաւոր է, երբ անոր կեանքին աշխուժօրէն ներգրաւուած է երիտասարդութիւնը»:
Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման մեծ նախաձեռնութիւնը. «Դէպի հայրենիք, դէպի Սուրբ Էջմիածին»:

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ուսումնական հաստատութիւններու մանկավարժական ժողովը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց այս նիստին։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ տեղի ունեցած հայագիտական գիտաժողովը մասնակիցները անուանեցին այս տարուան ամենէն մեծ հայագիտական գիտաժողովը, որ իրադարձութեան վերածուեցաւ գիտական աշխարհին մէջ: Գիտաժողովին մասնակցելու համար զանազան երկիրներէ Հայաստան ժամանած էին տասնեակ գիտնականներ, որոնք ներկայացուցին շուրջ եօթանասուն զեկոյց:

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բարոյական գերազանց սկզբունքներ» կան՝ որոնք միջավայր չունին՝ տիեզերական են անոնք, ժամանակ չունին՝ յաւիտենական են անոնք։ Այդ կարգի սկզբունքներէն մին է այն՝ որ քրիստոնէական թուականէն գրեթէ վեց հարիւր տարիներ առաջ՝ Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ՝ Հնդկաստանի մէջ կը քարոզուէր Պուտտայի կողմէ, որով միեւնոյն ուղղութեան կամ առաքինացման կ՚ուզէր առաջնորդել մարդը բացասապէս ըսելով. «Ի՛նչ որ չէք ուզեր որ ընեն ձեզի մարդիկ, դուք ալ մի՛ ընէք մարդոց»։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Սիւնիքի մարզի Քարահունջ գիւղին մէջ, յուլիսի 7-ին, կը տիրէ թութի բոյրը, եւ զբօսաշրջիկները հնարաւորութիւն կ՚ունենան համտեսելու զայն՝ պատրաստուած տարբեր ձեւերով:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, «Արենի փառատօն» հիմնադրամի ծրագիրներու համակարգող Անի Մաւեան ներկայացուցած է Թութի փառատօնին առանձնայատկութիւնը, նպատակը, նորամուծութիւնները:

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Հայաստանի մէջ ուշագրաւ եւ աղմկարար ձերբակալութիւնները կը շարունակուին։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան այս առաւօտեան հաղորդումներով՝ ձերբակալւած է յայտնի գործարար ու երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի թիկնազօրի պետը՝ Էտուարտ Պապայեան։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղին առաջին անգամ օգտագործուեցաւ հացահատիկի փոխադրման նպատակով։ Քոնթէյնըրներու բեռցուած հացահատիկը Ռուսաստանէն դէպի Կարս տեղափոխեց հացահատիկ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Անդրանատոլեան բնական կազի խողովակաշարին (TANAP) միջոցաւ առաջին անգամ Ատրպէյճանի բնական կազը առաքուեցաւ դէպի Թուրքիա։ «Սփութնիկ»ի հաղորդումներով, Հարաւային կազի հոսքի ընդհանուր տնօրէն Իսայեւ տեղեկացուց, որ 30 յունիս 2018 թուականի դրութեամբ դէպի Թուրքիա առեւտրական նպատակով առաջին կազի առաքումը սկսած է։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի երդիքին տակ համախմբուեցան թրքահայ կրթական մշակներ:
Ուսուցչաց հիմնարկի նախաձեռնութեամբ այս տարի երրորդ անգամ կեանքի կոչուեցաւ վերապատրաստութեան նախագիծ մը:

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

Անն­ման իմ ծննդա­վայր,
Բնու­թիւն հրա­շա­լի,
Գե­ղեց­կու­թիւն բաղ­ձա­լի,
Դրախ­տա­վայր իմ Քէ­սապ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 3, 2018

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Տեղեկատուութեան համակարգի տնօրէն Տ. Վահրամ Քհնյ. Մելիքեանի վճռական ու համոզիչ յայտարարութիւնները՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետին դէմ հնչեցուած տխուր զրպարտութիւններուն եւ անհիմն պնդումներուն կապակցութեամբ:
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան աղբիւրները վերջին օրերուն պաշտօնապէս հաղորդեցին, որ նորայայտ աղանդաւորական շարժման խթանիչներէն Տ. Կորիւն Աբեղայ Առաքելեան կը մոլորեցնէ հանրային կարծիքը:
«Բոլոր սրբութիւններն ու մասունքները, թանգարանային առարկաները անձեռնմխելիօրէն եւ ապահով կը պահուին։ Կը յորդորենք, որ յետայսու ազգային-եկեղեցական դարաւոր սրբութիւններն ու արժէքները չդարձուին ստապատիր ու նուաստ խօսքավաճառութեան նիւթ, քանզի անոնց սուրբ զօրութիւնը կը սատակէ նման յանդգնութիւն ունեցող խաչագողները»:

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Անվիճելի իրականութիւն մըն է, որ ճշդապահութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ ճշմարտախօսութիւնը ամենակարեւոր, եւ նոյնիսկ անհրաժե՛շտ առաքինութիւններ են, որ կ՚ազնուացնեն, կը կատարելագործեն մարդը։ Արդարեւ, ճշդապահ եւ ուղղամիտ մարդը վստահութիւն ներշնչող եւ ընկերութեան մէջ աւելի եւս յարգ եւ պատիւ վայելող անձնաւորութիւն մըն է։

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018

Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը շաբաթավերջի երկու օրերուն Նախիջեւանէն կրակ բացին դէպի Հայաստանի սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ երէկ բացատրութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան, որ տեղեկացուց, թէ այս պատճառով տեղի ունեցաւ փոխադարձ հրաձգութիւն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018

Թուրքիա այսօր կը դիմաւորէ կարեւոր շաբաթ մը, որ պիտի բնորոշէ դէպի պետական կառավարման նոր համակարգ անցումը։ Նախագահական կառավարման դրութեան տեսակէտէ անկիւնադարձային կը համարուի անցումի այս փուլը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018

Ս. Երկոտասան Առաքելոց տօնին առթիւ շաբաթավերջին Երեւանի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած արարողութիւնները հաւատացեալներու կողմէ առիթի վերածուեցան՝ որդիական անվերապահ աջակցութիւն արտայայտելու համար Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին նկատմամբ:
«Մենք աստուածապաւինութեամբ պիտի շարունակենք մեր առաքելութիւնը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, պիտի պայծառացնենք մեր եկեղեցին, պիտի շէնացնենք մեր հայրենիքը՝ մեր աղօթքը առատացնելով մեր եկեղեցիներուն եւ մեր հոգիներուն մէջ», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը՝ յորդորելով, որ բարեպաշտ ժողովուրդը անհանգստութիւն չապրի:

Երկուշաբթի, Յուլիս 2, 2018

Լի­բա­նա­նի «Ազ­դակ» օ­րա­թեր­թի «Փիւ­նիկ» սրա­հին մէջ, ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան, տե­ղի ու­նե­ցաւ Տքթ. Հրայր Ճէ­պէ­ճեա­նի «Սփիւռ­քա­հայ կեան­քեր՝ ինչ­պէս որ տե­սայ» գիր­քին շնոր­հան­դէ­սը՝ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ Լի­բա­նա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տ. Շա­հէ Եպսկ. Փա­նո­սեա­նի:
Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Սիլ­վի Ա­բէ­լեան:

Էջեր