Արխիւ
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդէս եկաւ՝ երկրէն ներս համաներման մասին օրէնքի մը ընդունման նախաձեռնութեամբ։ «Սահմանադրութեան եւ ինքնիշխանութեան տարուայ» շրջանակներէն ներս տեղի կ՚ունենայ այս նախաձեռնութիւնը, որ աւելի քան քսան հազար հոգիի կրնայ վերաբերիլ։
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան վաղը երկօրեայ աշխատանքային այցելութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Լոնտոն։
ԱՄՆ, Եւրոպա եւ Ուքրայնա կը ջանան յստակեցնել իրենց դիրքորոշումը՝ Ռուսաստանի նկատմամբ:
Զելենսքի տարածք զիջելու պատրաստակամ չէ, բայց, կրնայ հրաժարիլ ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան հեռանկարէն:
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման։ Քննարկումները ծաւալուեցան աշխատանքային նախաճաշի մը ձեւաչափին մէջ։
Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն Միխայիլ Քալուկին յայտարարեց, որ Մոսկուա պատրաստ է Երեւանի հետ խորհրդակցելու TRIPP նախագծին շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, բարձրաստիճան դիւանագէտը հարցազրոյցի մը ընթացքին խօսեցաւ այդ նախաձեռնութեան Ռուսաստանի հաւանական մասնակցութեան մասին։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, մամուլի աշխատակից Անայիս (Եւփրիմէ Աւետիսեան) իր «Յուշերս» գիրքին մէջ երկար պատմելով կը գրէ Հայոց տառերու գիւտին 1500-ամեակին կապակցութեամբ՝ տօնուած Պոլիս։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շամախեցի Յակոբ Կաթողիկոսի (Յակոբ Ե. Շամախեցի. 1759-1763) վախճանումէն յետոյ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները ժողով գումարեցին կաթողիկոս ընտրելու համար. սակայն չկարողացան մէկը ընտրել, քանի որ առաջարկուողներուն բազմաթիւ ներկայութիւնը կը դժուարացնէր ընտրութիւնը. միայն հինգերորդ ժողովին ընտրեցին Սիմէոն Երեւանցի Եպիսկոպոսը՝ որ նոր դարձած էր իր նուիրակութենէն։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարի որպէս վերջին խօսք իր սանուհիներուն շատ բան ունի ըսելիք, սակայն, այդ շատէն կ՚ընտրէ միայն մէկը եւ այդ մէկը կնոջական կեանքի ամենէն կարեւոր առաքինութիւններէն մէկը նկատելով կը յորդորէ. «Պարկե՛շտ եղիք»:
ԱՆՊԱ ՄՈՒՍԱ
Հայացուց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անշուշտ, վերջնական նպատակը խօսքի ծառայութեան այն է, որ երիտասարդներուն համոզումները առօրեայ վարուելակերպերու վերածուին, կեանքի բոլոր ոլորտներուն եւ պարագաներուն մէջ, այդ պատճառով պէտք է մեր նիւթերն ու անհատական նիստերը երիտասարդներուն հետ աւարտին որոշակի գործնական կիրառութիւններով, այդ ալ երկխօսութեան ընդմէջէն եւ ո՛չ թէ քարոզչութեան, առաջնորդութեան եւ կիրառման ընդմէջէն
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին նախաձեռութեամբ կազմակերպուած՝ մշակոյթի եւ գեղարուեստի զրոյցներու շարքը վերջին շրջանին կը ստեղծէ հետաքրքրութիւն։
Մխիթարեան վարժարանի մէջ շաբաթավերջին կազմակերպուած Ամանորի քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Հաստատութեան հիմնադրութեան 200-ամեակի յոբելենական շրջանին զուգադիպած այս ձեռնարկը վաղահաս տօնակատարութեան մը մթնոլորտը ունէր։
Ամանորի քէրմէսը խրախճանքի վերածուեցաւ երաժշտական բացառիկ յայտագրի գործադրութեամբ:
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ աւանդական շարունակութիւն՝ խորհրդանշաններու համադրութեան մէջ:
Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի Փարիզ ուղեւորութիւնը դարձաւ իսկապէս անմոռանալի:
Յակոբ Մամիկոնեան եւ սաները անկրկնելի ապրումներու հարթակի մը վերածեցին Առնուվիլի «Պոլսահայ շաբաթավերջ»ը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ներկայ շաբթուայ սկիզբին մայրաքաղաք Անգարայի մէջ է։ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդիպումներ կ՚ունենայ պետական աւագանիէն կարգ մը դէմքերու եւ բարձրաստիճան դիւանակալներու հետ
Այսօր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց երգչախումբը հերթական նուաճումը արձանագրեց՝ պատիւ բերելով համայնքին:
Անգարայի երեկոյթին նշանաւոր «Քարմինա Պուրանա»ի կատարումը պատկառազդու էր՝ 500 հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի յիշատակութեան տօնը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան՝ Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան արարողութիւններ, որոնց այս տարի նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յարգելի եւ շատ սիրելի պարոն Աւետիքեան,
Կեանքի լաւ կողմերէն մին է, որ երբեմն բացթողումները, ակամայ թերացումները հաւասարակշռելու, դարմանելու կամ նորոգելու առիթներ կը ներկայանան։ Շաբաթավերջի մեր հեռախօսազրոյցը այդօրինակ էր նուաստիս համար։ Մօտաւոր անցեալի Ձեր 80-ամեակը ակամայ մոռցած էի շնորհաւորելու, բայց, կարծես զղջման պատուհան մը բացուեցաւ՝ Ձեր անուանակոչութեան օրով։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Տղայ մը ունի ընկերուհիս։
Հալէպցի եմ ես, «տղայ» կ՚ըսեմ, բայց հոս, Գահիրէի մէջ եւ ուրիշ շատ տեղեր՝ «տղայ» չէ, այլ՝ «մանչ», «մանչուկ» կ՚ըսեն։ Ուրեմն՝ մանչ մը ունի ընկերուհիս։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ բանաստեղծուհի, արձակագիր, մամուլի աշխատակից Անայիսի (Եւփիմէ Աւետիսեան) մահէն ամիս մը առաջ լոյս տեսած են անոր արժէքաւոր յիշողութիւնները «Յուշերս» վերնագրով։