Արխիւ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Հայաստան պարտաւոր է լաւ ընկեր ըլլալ Արեւմուտքի հետ։ Պէտք է յատկապէս շեշտել, որ սա Ռուսաստանի դէմ չէ։ Հայաստան միշտ պէտք է աշխատի զգալ Ռուսաստանի բազկերակը, իր դիւանագիտական գիծը պէտք է ըլլայ չափել Ռուսաստանի զայրոյթի կէտը։ Ո՞ւր է ռուսերուն զայրոյթի կէտը։ Սա պէտք է շատ լաւ չափել եւ այդ կէտը ո՛ւր որ է՝ մինչեւ այնտեղ պէտք է երթալ Եւրոմիութեան հետ։ Հայաստանն ալ կրնայ որոշ բաներ ըսել Ռուսաստանին ու պէտք է ընէ այդ բանը։ Երբ որ հարցը մեր ապագան է, մեր ժողովուրդի բարօրութիւնն է եւ մեր մշակոյթը, ապա մենք ձեզմէ կ՚ակնկալենք, որ Հայաստան առանձնայատուկ կարգավիճակ մը ունենայ Կովկասի մէջ։ Սա պէտք է ընել, պէտք է ըսել այս բանը»:
Տեսակցութիւն՝ L՚EXPRESS շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագրի տեղակալ Քրիստիան Մաքարեանի հետ, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակի յոբելեանին շարժառիթով:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դեսպաններուն եւ դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ «Դեսպաններ առանց սահմաններու» ծրագրին շրջագծով տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը։ Հարկ է նշել, որ այս ծրագրին նախաձեռնած է՝ Երեւանի մօտ Լիբանանի դեսպան Ժան Մաքարոն։ Նորին Սրբութիւնը դիւանագէտներուն հետ տեսակցեցաւ Լիբանանի դեսպանի կեցավայրին մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել Տքթ. Գ. Ամատեանի «Գերզգայուն Խառնուածք»ի մասին բժշկա-հոգեբանական-մասնագիտական ուսումնասիրութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իր բնատիպին։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ռամկավար ազատական կուսակցութեան (ՌԱԿ) զանազան թեւերը վերջին օրերուն Երեւանի մէջ վերստին ժողովներ գումարեցին՝ վերամիաւորման որոնումներով:
Սփիւռքահայ բազմամեայ կուսակցական գործիչ, երէց սերունդի յայտնի մտաւորական Երուանդ Ազատեան հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «IEEE EWDTS՚ 2016՝ Արեւելք-Արեւմուտք. նախագծում եւ թեսթ» միջազգային համաժողովի մասնակիցները։ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը գերմարդկային ջանքեր ի գործ կը դնէ Մէրամէթճեան վարժարանի երթը կայուն պահելու համար։
Սուրիոյ ներքին պատերազմի մթնոլորտին մէջ օր չ՚անցնիր, որ նոր ողբերգութիւն մը չպատահի Հալէպի մէջ։ Աւելորդ է ըսել, որ այս երեւոյթը ամէն օր նոր ու ջլատիչ ողբերգութեան մը ծնունդ կու տայ նաեւ հալէպահայութեան տեսակէտէ։
Թոմաս Տը Վաալ յոռետես կանխատեսումներ ունի Ատրպէյճանի պարագային:
Իլհամ Ալիեւի միակ փափաքն է՝ իր ստեղծած քաղաքական համակարգի պահպանումը:
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Լիբանանի նախագահական պալատի շուրջի բոլոր ճանապարհները նախընթաց օր փակուած էին:
«Անցեալի պահպանութիւն՝ յանուն ապագայի»խորագրեալ գիտական կարեւոր հաւաք մը:
Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեան Պատրիարքարանի անունով ներկայ է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Ըստ Փենթակոնի, Մուսուլի գործողութեան առաջին օրուան արդիւնքը նախատեսուածէն աւելի լաւ է:
ԻՇԻՊ ծանր վնասներ կը կրէ - Տասներկու գիւղ ազատագրուած: Միջազգային գետնի վրայ բուռն իրադարձութիւններ: Իւմիտ Եալչըն շփումներ ունեցաւ Պաղտատի, իսկ զօր. Հուլուսի Աքար՝ Ուաշինկթընի մէջ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի օրերս Երեւան կատարած այցը մի քանի առումներով կարեւոր պատգամներ կը փոխանցէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այս առաւօտ կանուխ սկիզբ առաւ իրաքեան Մուսուլ նահանգի ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ճակատամարտը: Այս մասին յայտնող աղբիւրներ հաւաստեցին, որ ամերիկեան կործանիչներ ԻՇԻՊ-ի դիրքերու ուղղութեամբ «խելացի» հրթիռներ արձակելով ազդանշանը տուին այդ պատերազմին:
Հայաստանի համալսարաններուն մէջ Հոկտեմբերի 1-էն սկսեալ ուսումառութիւն սկսած է 550 սփիւռքահայ եւ 420 օտար ուսանող: Ըստ «Արմէնփրէս»ի, այս մասին յայտնած է Հայաստանի Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Արթուր Ղազարեան՝ նշելով, որ Հայաստանի միջին մասնագիտական հաստատութիւններ դիմած է 70 սփիւռքահայ:
Անյիշելի ժամանակներէ գինին եղած է մարդկային կեանքի եւ մշակոյթի մէկ մասը: Հին Յունաստանի մէջ գինին գովերգած են պատմիչները, բանաստեղծները եւ այլք: Գինիի մասին իրենց աշխատութիւններուն մէջ անդրադարձած են նաեւ Եզովփոսը եւ Հոմերոսը:
Փութինի խօսքերով, ՀԱՊԿ-ի Երեւանի գագաթաժողովին ընթացքին քննարկուած է նաեւ ղարաբաղեան հարցը:
Ըստ ռուս նախագահի, շօշափուած են նախկին Սովետական միութեան երկիրներուն միջեւ առկայ լարուածութիւնները եւ իրենց համար կարեւոր չէ, թէ այս կամ այն նախկին խորհրդային հանրապետութիւնը ՀԱՊԿ-ի անդամ է կամ ոչ:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ յառաջիկայ ամսուան սկիզբին քաղաքիս մէջ տեղի պիտի ունենայ պատմաբան ու կրթական մշակ Արմաւենի Միրօղլուի ուսումնասիրական երկին շնորհանդէսը։
Մուսուլը ԻՇԻՊ-էն ազատագրելու ուղղեալ լայնածաւալ գործողութիւնը սկսաւ կէս գիշերին
Իրաքի Վարչապետ Իպատի յայտարարութիւններով հանդէս եկաւ բարձրաստիճան հրամանատարներու հետ: Առաջին թիրախները քաղաքի յարակից կարգ մը գաւառակները կը հանդիսանան: Ահաբեկիչները կը դիմադրեն ծանր զէնքերով եւ տեսադաշտի սահմանափակման համար անիւներ այրելով:
Ռումանահայ քաղաքական գործիչ եւ գրող Վարուժան Ոսկանեան արժանացաւ Angelus գրական մրցանակին, որ կը տրուի Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ։
Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ երէկ յանձնուեցան Փալաքաշեան կտակին շրջագծով նախատեսուած կրթաթոշակները։ Այս տարի 87 աշակերտ ստացած է կրթաթոշակ։ Այդ 87 աշակերտին 27-ը համալսարանական է։ Մնացեալ 60-ը կը յաճախէ նախակրթարանէն մինչեւ լիսէ՝ զանազան դասարաններ։