Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

«Արաս» հրատարակչութիւնը հրատարակած է վերջին տարիներու ամենահետաքրքրական գործերէն մին:
Շուրջ երեքհազարամեայ պատմութեան մը սղագրութիւնը՝ չափազանց մատչելի եւ հրապուրիչ ներկայացմամբ:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 16, 2016

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն մնալ Թուր­քիոյ ու­շադ­րու­թեան կի­զա­կէ­տին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կը բնո­րո­շեն Ան­գա­րա-Ո­ւա­շինկ­թըն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը։ Մեմ­պիչ քա­ղա­քը վեր­ջերս ա­զա­տագ­րուե­ցաւ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րու­մէն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան վեր­ջերս Գում­գա­բուի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց «Ի­թի­մատ պիւ­րօ»ի բազ­մա­մեայ պա­տաս­խա­նա­տու Սար­գիս Գրի­գո­րեա­նը։ Հան­դիպ­ման ներ­կայ էին Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­շուա­պահ­նե­րէն Հեր­ման Կիւր­ճիեան եւ Պետ­րոս Մար­զուան։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն Սե­լի­նա Մա­նան փայ­լուն նուա­ճում մը ար­ձա­նագ­րած է հա­մալ­սա­րա­նա­կան մտից քննու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին։ Այս­պէս, ան յա­ջո­ղած է մուտք գոր­ծել Իս­թան­պու­լի հա­մալ­սա­րա­նի Ճեր­րահ­փա­շա­յի բժշկու­թեան բա­ժի­նը։ Ծա­նօթ է, որ հա­մալ­սա­րա­նի մտից քննու­թիւն­նե­րու դժուարին դրու­թեան մէջ այս ար­դիւն­քին հաս­նիլ կը նշա­նա­կէ գե­րա­զանց մա­կար­դա­կի մը վրայ գտնուիլ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

«Մանկական Եւրոտեսիլ-2016» մրցոյթին Հայաս­տան այս տարի կը մասնակցի զուգերգով մը։ Այս­պէս, «Ման­կա­կան եւ­րո­տե­սիլ-2016» եր­գի մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր մրցոյ­թին այս տա­րի Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նեն Մե­րի Վար­դա­նեանն ու Ա­նա­հիտ Ա­դա­մեա­նը: Ա­նոնց թեկ­նա­ծու­թիւ­նը հաս­տա­տած է Հան­րա­յին հե­ռուս­տաըն­կե­րու­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան խում­բը՝ ներ­քին ընտ­րու­թեան իբ­րեւ ար­դիւնք:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Խաղողօրհնէքի աւանդութիւնը այս տարի եւս հաւատացեալները միացուց բերկրանքի սրտաբուխ մաղթանքով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Ա­մե­րի­կա­հայ գրող Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի «Մարդ­կա­յին կա­տա­կեր­գու­թիւն» վէ­պի հի­ման վրայ նկա­րա­հա­նուած «Ի­թա­քա» շար­ժա­պատ­կե­րին ա­ռա­ջին ծա­նու­ցու­մը ար­դէն իսկ պատ­րաս-տուած է ու կարելի է դիտել կայքէջի վրայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՊՕ­ՂՈՍ ՇԱՀ­ՄԵ­ԼԻ­ՔԵԱՆ

Բա­րե­կա­մի մը տու­նը այ­ցե­լու­թեան գա­ցած էինք: Սո­վո­րու­թիւն դար­ձած ի­րա­րու որ­պի­սու­թիւն­նե­րը հարց­նե­լէ ետք, բնա­կա­նա­բար մեր խօ­սակ­ցու­թեան նիւ­թը հա­սաւ Ար­ցա­խի քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին, Սարգ­սեան-Ա­լիեւ հան­դիպ­ման, Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան, Հա­լէ­պի դա­ժան օ­րե­րուն, ա­պա վե­րա­դար­ձանք Լոս Ան­ճե­լը­սի տե­ղա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րաս­տեց՝ ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Թե­րեւս քիչ մը ան­հե­թեթ թուի «նոր նո­րա­րա­րու­թիւն» եզ­րը, սա­կայն ներ­կա­յիս գիւ­տերն ու ար­հես­տա­գի­տա­կան հնարք­նե­րը գլխապ­տոյտ պատ­ճա­ռող ա­րա­գու­թեամբ կը յայտ­նուին եւ կը տա­րա­ծուին, մա­նա­ւանդ՝ պա­տա­նի­նե­րու եւ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու շրջա­նակ­նե­րուն մէջ, ո­րոնք նաեւ ա­կա­մայ կը դառ­նան այդ նո­րու­թիւն­ներն ու սար­քե­րը հրա­պա­րակ, շու­կայ հա­նող ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու «կթան կո­վե­րը»:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Ղա­րա­բա­ղեան հիմ­նախնդ­րին շուրջ վեր­ջին զար­գա­ցում­նե­րուն ա­ռըն­թեր նշա­նա­կա­լից ա­ռիթ մը պէտք է հա­մա­րել Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գա­հ Վ­լա­տի­միր Փու­թի­նի հրա­ւէ­րով Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի Մոս­կուա կա­տա­րած այ­ցը: Այս այ­ցե­լու­թեան ար­դիւնք­նե­րուն մա­սին մա­մու­լին մէջ թէեւ տա­կա­ւին ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ չկան, սա­կայն յստակ է, որ խնդրին կար­գա­ւոր­ման վե­րա­բե­րեալ ե­րե­ւե­լի տե­ղա­շարժ մը չկայ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Կոյս Մա­րիա­մի ստա­ցած ա­ւե­տա­բեր պա­տուէ­րով կի­ներ վերս­տա­ցան մարդ­կա­յին ցե­ղի նա­խա­մօր՝ Ե­ւա­յի մեղ­քի պատ­ճա­ռով կորսն­ցու­ցած յարգն ու պա­տի­ւը, եւ ան­շուշտ ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Մի­շըն Հիլ­զի «Ա­րա­րատ-Էս­քի­ճեան» թան­գա­րա­նի եւ Հայ­կա­կան գոր­գի ըն­կե­րակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Շա­բաթ, Օ­գոս­տո­սի 20-ին, տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ հայ­կա­կան գծագ­րուած եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կտաւ­նե­րու նուի­րուած դա­սա­խօ­սու­թիւն մը, որ պի­տի հարս­տա­ցուի լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ «Ա­րա­րատ» հայ­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեան նա­խա­գահ Գէորգ Գրի­գո­րեա­նի, Սո­ֆիա­յի ազ­գա­յին պատ­կե­րաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ «Կա­ռա­մա­տոյց» նա­խա­գի­ծին բա­ցու­մը, որ մաս կը կազ­մէ «Եր­կիր՝ գե­տին եւ ծո­վուն մի­ջեւ» շրջիկ ցու­ցա­հան­դէ­սին եւ կը ներ­կա­յաց­նէ 20-րդ դա­րու ա­նուա­նի գե­ղան­կա­րիչ Պե­տիկ Պետ­րո­սեա­նի մեծ ա­րուես­տը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հա­լէ­պի Նոր Գիւղ շրջա­նին մէջ գլու­խէն ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րուած Սա­գօ Գու­յում­ճեան կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն: «Ալ Ռա­զի» հի­ւան­դա­նո­ցէն ներս դար­մա­նուող Գու­յում­ճեան վի­րա­ւո­րուե­լէն ետք մտած էր մա­հա­քու­նի եւ ա­նոր ստա­ցած ու­ղե­կո­րոյս փամ­փուշ­տը կը գտնուէր դէմ­քին մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի ներ­քին քա­ղա­քա­կան լա­րուած մթնո­լոր­տի պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ պա­տա­հած վեր­ջին բա­խում­նե­րուն ըն­թաց­քին վի­րա­ւո­րուած ոս­տի­կա­նու­թեան ա­ւագ են­թաս­պայ Գա­գիկ Մկրտչեան դժբախ­տա­բար մա­հա­ցաւ շա­բա­թա­վեր­ջին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան, որ աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թիւն մը կու տայ Պրա­զիլ, շա­բա­թա­վեր­ջին Ռիո­յի մէջ այ­ցե­լեց ո­ղիմ­պիա­կան ա­ւան։ Այս առ­թիւ ան հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ այն մար­զիկ­նե­րուն հետ, ո­րոնք 31-րդ ա­մառ­նա­յին ո­ղիմ­պիա­կան խա­ղե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Հա­յաս­տա­նը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Անց­նող ժա­մե­րէն սկսեալ վե­րա­բա­ցուած են դէ­պի Հա­լէպ տա­նող ցա­մա­քա­յին հիմ­նա­կան ճա­նա­պարհ­նե­րը: Այս­պէս, սկսած է գոր­ծել Քաս­թել­լո շրջա­նի ճա­նա­պար­հը, մինչ Դա­մաս­կո­սը Հա­լէ­պի կա­պող Խա­նա­սէ­ր ճա­նա­պար­հը, որ բաց էր, սա­կայն ա­պա­հո­վա­կան պատ­ճառ­նե­րով դար­ձած էր ա­մա­յի, սկսած են բնա­կա­նոն հու­նի մէջ մտնել:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Միացեալ Նահանգներու փոխ-նախագահը յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Թուրքիա:
Քննարկումներու օրակարգի հիմնական խնդիրը պիտի ըլլայ Ֆեթհուլլահ Կիւլէնի վերադարձը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ ե­րա­նաշ­նորհ Շնորհք Պատ­րիար­քի ծննդեան 100-ա­մեա­կին առ­թիւ հաս­տա­տուած «Շնորհք Պատ­րիարք 100» մա­տե­նա­շա­րէն լոյս տե­սաւ «Գու­նա­գեղ Կի­րա­կի­ներ եւ Հո­գե­գա­լուստ» հա­տո­րը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 15, 2016

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նը։ Կղզեաց հո­գե­ւոր հո­վիւ Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան կող­քին էր Նո­րին Սրբազ­նու­թեան։ Այ­ցե­լու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ Կղզեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Լե­ւոն Շա­տեան, Կազ­դուր­ման կա­յա­նի խնա­մա­տար մարմ­նէն Նաժ­տա Շա­տեան եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Էջեր