Արխիւ
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր Հալէպ ճամբորդութեան անպայման պէտք էր կանգ առնէինք Մաարա գիւղը` Հալէպէն առաջ եւ մօտաւորապէս 80 քիլօմեթր հեռու: Եւ ասիկա ձեւով մը անգիր օրէնք եղած էր, կամովի պէտք էր հոն կանգ առնէին` թէ՛ քիչ մը հանգստանալու եւ թէ՛ համտեսելու գիւղին համեղ ճաշերը եւ անուշեղէնները:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
7 Հոկտեմբեր, 2016-ին, Երեւանի Զուարթնոց օդակայանին մէջ վայրէջք կատարեց Fly Dubai օդային ընկերութեան օդանաւը, որ ի թիւս այլ ուղեւորներու, Երեւան կը հասցնէր երեք հալէպահայ ընտանիքներ, որոնք պատերազմի սարսափները շալկած նախ Լիբանան, ապա Հայաստան հասան… Քէհէեան, Գասպարեան եւ Ժամկոչեան ընտանիքներու յուզումը նկատելի էր ոչ միայն զանոնք դիմաւորողներու, այլեւ՝ նոյնիսկ օդակայանի սպասասրահին մէջ կանգնող բոլոր մարդոց համար: Օդակայանին մէջ զանոնք կը դիմաւորէին ծանօթներ ու ազգականներ, «Հալէպ» հայրենասիրական, բարեսիրական, հասարակական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, որոնք ալ հոգացած էին անոնց միակողմանի տոմսի նիւթական ծախսերը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքը եւ ամբողջ բնութիւնը գունաւոր է, աւելի ճիշդ՝ գոյնզգո՛յն է. բայց տիրականը սեւն ու ճերմա՛կն է, քանի որ կեանքը եւ բնութիւնը բոլորովին հակադիր արժէքներու վրայ հաստատուած իրողութիւններ են՝ որոնց գոյապահպանումը եւ գոյատեւումը կախում ունի այդ հակադիր արժէքներուն ներդաշնակութենէն։ Խորհեցէ՛ք, սիրելինե՜ր. մութը եւ լուսաւորը, բարին եւ չարը, ցերեկը եւ գիշերը, սէրը եւ ատելութիւնը, յաջողութիւնը եւ ձախողութիւնը, եւ տակաւին ի՜նչ հակադրութիւններ չե՞ն որ կը տիրեն մարդկային կեանքին եւ բնութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, կեանքի ընթացքին, բնականաբար կը դիմաւորուի զանազան անձերու հետ, այսինքն զանազան բնաւորութիւններու հետ։ Մարդ քանի որ կ՚ապրի հաւաքական-ընկերային կեանք, ուրեմն պարտաւոր է հանդուրժելու այդ տարբեր բնաւորութեան տէր մարդոց, ուզէ կամ չուզէ։
Նորոգ հանգուցեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ, որու անժամանակ կորուստը խոր ցաւ եւ յուզում պատճառած է մեր ամբողջ համայնքին, երէկ վերյիշուեցաւ իր մահուան քառասնից լրման առթիւ։ Ողբացեալ Նատիա Կիւլմէզկիլ ոգեկոչուեցաւ Գումգաբուի մէջ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ երէկուան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն:
Համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձուցին Պէզճեան Մայր վարժարանը՝ իրենց նպաստը բերելով անոր տարեկան պիւտճէի հաւասարակշռութեան:
Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան կեդրոնատեղիին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի, կատարուեցաւ միութեան կազմակերպած ամառնային դասընթացքի եզրափակիչ հանդիսութիւնը:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը դէպի Հիւսիսային Ամերիկա ձեռնարկած իր ուղեւորութեան շրջագծով Մոնրէալի մէջ խորհրդակցութիւն մը ունեցաւ՝ Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասին վերադարձուելու պահանջով բացուած դատին շուրջ։
Հայոց քաղաքամայրին ձօնուած տօնակատարութիւններ՝ բացառիկ հրճուանքով:
Փարիզի քաղաքապետ Իտալկօ եւս մասնակից Երեւանի մէջ ստեղծուած խանդավառութեան:
Թուրքիա շաբաթավերջին խոր ցաւ եւ յուզում ապրեցաւ ահաբեկչական դէպքի մը հետեւանքով։ Երէկ առաւօտեան ժամերուն Հաքքեարիի Շեմտինլի գաւառակէն հասած լուրերը սուգի մատնեցին երկիրը։ Այսպէս, անջատողական ահաբեկչական ՓՔՔ կազմակերպութիւնը Շեմտինլիի մէջ յարձակում մը գործեց ոստիկան զօրաց պահակակէտին վրայ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ։
23-րդ Համաշխարհային ուժանիւթի խորհրդաժողովը տեղի կ՚ունենայ Իսթանպուլի մէջ՝ հնգօրեայ ծրագրով:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին արդէն երրորդ անգամ կը տեսակցին վերջին երկու ամսուան ընթացքին:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջին շրջաններուն եղած քաղաքական շփումները կը մատնեն, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգը դրուած է բաւական «ուժեղ կրակ»ի մը վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց տօնը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան փայլուն տօնակատարութիւններ:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Մեր ըմբռնումով, մասնագիտութիւնները կ՚ըլլան արհեստավարժ ասպարէզներու մէջ՝ ինչպիսին են բժշկութիւնը, երկրաչափութիւնը, իրաւաբանութիւնը եւ այլն։ 21-րդ դարու ճարտարարուեստի արագ թաւալումին մէջ սակայն, կարծես մասնագիտութիւններ կը բուսնին քիչ մը ամէն տեղ։
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Երանի գինովին, որու համար աշխարհը կ՚երերայ բայց չի փլիր. արեւն անհոգ կը ծիծաղի աշխարհի ցաւերուն, ու ի՛ր ժամին կը թաւալի անաղմուկ, ու աղջամուղջն իր կարմիրով կու տայ գոյնը գրաւիչ մայրամուտին: Ճամբաներու ոլոր մոլոր, օձապտոյտ ընթացքն արդէն երանելի ցուցմունք են, ուր տեսանելի եւ թէ անտես թիթեռնիկներ կ՚ելեւէջէն իբրեւ ոգի մեռեալներու, անտառներու գազանները դարձեր են լուռ ու հնազանդ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրերս Գոհար Գալուստեանի գրած նամակը կը ցնցէր հայրենի լրատուական դաշտը: Գոհար կը պատմէր, իր զաւակներուն եւ ամուսնոյն վիրաւորման դէպքին ու անոնց անմխիթար վիճակին մասին: Հալէպի «Զուարթնոց» եկեղեցիին մօտ եղող Գալուստեաններու տունը թիրախ դարձած էր անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակումներուն: Ըստ Գոհարին, ընտանիքը հրաշքով փրկուած էր ու անոր երկու երախաները տան փուլ եկած առաստաղի սալիկներուն տակ մնալէ ետք հրաշքով փրկուած էին:
Երեւանի մէջ սկսաւ Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային չորրորդ փառատօնը:
Բացման հանդիսաւոր երեկոյթին յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Երիտասարդական նուագախումբը:
Յառաջիկայ շաբթուան սկիզբին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ եզակի համերգ մը, որու ծրագրին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ պոլսահայ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ։ Երէկ, Երեւանի մէջ այս նախագծին մասնակից արուեստագէտները սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երգահան-երաժիշտ ու երգիչ Տանիէլ Տեքէր, որ ինքզինքը կոչումով հայ կը համարէ, այս համերգին շրջագծով առաջին անգամ հանդէս պիտի գայ ամբողջովին հայերէն երգացանկով մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
8 ՀՈԿՏԵՄԲԵՐ 2016, Շաբաթ օր, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց յիշատակի օրն է։ Մեծ եւ նոյնքան կարեւոր տօն մըն է, քանի որ երբ կը գրուի այս տողերը, եւ այս տողերու նման բազմաթիւ գրութիւններ, իւրաքանչիւր գրիչ որ կը շարժի հայերէն տող մը գրելու համար, կը պարտի այս օրուան՝ Հայ նշանագրերու գիւտին եւ Թարգմանիչ վարդապետներուն, որոնք իսկապէս «հրա՛շք» մը գործեցին եւ մշակոյթ մը ստեղծեցին։