Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ճի՞շդ է, որ մարդ երբ ողորմութիւն կու տայ, այդպիսով Աստուծոյ փոխ կու տայ:
Պատասխան.
Այո ճի՛շդ է: Սողոմոն Իմաստուն կը գրէ. «Աղքատին ողորմութիւն ընողը Տիրոջ փոխ կու տայ ու Անիկա անոր հատուցում պիտի ընէ» (Առ 19.17):

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Լոյսը կեանք է, ուստի լոյսին էական նպատակը լուսաւորել է, այսինքն՝ ամէն ինչ երեւան բերել եւ ճշմարտութիւնը ցոյց տալ այնպէս՝ ինչպէս որ է։ Արդարեւ, առանց լոյսի ամէն ինչ ծածուկ, գաղտնի պիտի մնար եւ շատ գաղտնիքներ պիտի չլուծուէին։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր հայկական իրականութենէն ներս «ժամանակակից» բառը արդէն իսկ սկսած է վտանգաւոր տեսք մը ստանալ։ Արդարեւ, այդ դրական հնչող անուան տակ գրեթէ ամէ՛ն արժէք, ամէ՛ն սկզբունք կամաց կամաց սկսած է խեղաթիւրուիլ։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ուշագրաւ ու եզակի հրատարակութիւն մը դրուած է մեր սեղաններուն վրայ: Մխիթարեան միաբան, բանասէր եւ հետազօտող Հայր Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեանի ջանքերով լոյս տեսած է «Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցիչ Ֆերտինանտ Թահթաճեանի փաստաթուղթերը Վատիկանի արխիւին մէջ» խորագրով գիրքը:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Սուրբ Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարին առթիւ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան հովուական այցելութիւն տուաւ Անգարայի հայ համայնքին։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Ռուսաստանի դեսպան Անաթոլի Վիքթորովը։ Սրբոց Յակոբեանց հայոց վանքին մէջ, Երուսաղէմի մօտ Ռուսաստանի դեսպանն ու ընկերակիցները շնորհաւորութիւններ յղեցին Սուրբ Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առթիւ:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Հայկական ֆութպոլի մեծ աստղերէն Հենրիխ Մխիթարեան այս շրջանին թեւակոխած է իր ծննդեան 35-ամեակը։ Ան ներկայիս կը կրէ Իտալիոյ «Ինթեր» ակումբի մարզաշապիկը։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները վերջին օրերուն տեղեկացուցին, որ սպառազինութեան ոլորտէն ներս Ռուսաստանի հետ խնդիրները մեծամասնութեամբ կարգաւորուած են։ Ծանօթ է, որ Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ երկար ատենէ ի վեր կուտակուած խնդիրներու շարքին կ՚առանձնանար այս հարցը։

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը այսօր դարձեալ ժողով մը կը գումարէ Պաղեստինի հարցին շուրջ:
Ամերիկեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցները կը մատնանշեն, որ Իսրայէլ հասած է պատերազմի ամենավտանգաւոր փուլը:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

Նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Սերկէյ Լաւրով Նիւ Եորքի երէկուան հանդիպման ընթացքին կարծիքներ փոխանակեցին Հարաւային Կովկասի առկայ իրավիճակին շուրջ:
Անգարա եւ Մոսկուա անհրաժեշտ կը նկատեն՝ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներու լուծման ճանապարհին անմիջական շփման մէջ ըլլալ: Եւրոպայի կառոյցներէն ալ յայտարարութիւններ:

Երեքշաբթի, Յունուար 23, 2024

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

-Այս ամիս տարեդարձդ է…։
Սենեակին անկիւնը իր նստած տեղէն կինս էր յիշեցնողը, երբ հին տարուայ օրացոյցէն նորին կ՚անցընէր կարեւոր թուականներու իր կատարած նշումները:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին նախագահեց Շիշլիի Ազգային գերեզմանատան՝ վերանորոգեալ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մատրան օծման ու վերաբացման։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին, որու ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Զաւէն Աւ. Քհնյ. Պըչաքճեան:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

Յորդանանի գետի հանդիպակաց ափերուն հնչեցին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ շարականները:
Սուրբ Մկրտութեան եւ Աստուածայայտնութեան աւանդական արարողութիւնները՝ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

Կեդրոնականցիներու հայ կնոջ դերին վերաբերեալ ձեռնարկը կրկնուեցաւ Էսաեան վարժարանի բեմին վրայ:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր ձեռամբ յուշանուէր մը յանձնուեցաւ տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեանին:

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ինչպէս յայտնի է՝ Ռուբէն Սեւակ (Ռուբէն Չիլինկիրեան) 1905-ին կը մեկնի Զուիցերիա, ուր համալսարանական ուսում կը ստանայ Լոզանի համալսարանին մէջ՝ վկայուելով իբրեւ բժիշկ։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Այրած ծառեր, ածուխ դարձած հողեր, փոշիով, ցեխով եւ արիւնով հոսող առուակներ, նաւթով թաթխուած լողափներ, գետեր եւ լիճեր, ուր դիակներ կը քշուին…

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մարդու Որդին, ինքն ալ, չեկա՛ւ ուրիշներու կողմէ սպասաւորութիւն ընդունելու, այլ սպասաւորելու…». (ՄԱՐԿ. Ժ 45)։ «Բայց ես ձեր մէջ սպասաւորի պէս եմ». (ՂՈՒԿ. ԻԲ 27)։

Երկուշաբթի, Յունուար 22, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Քանի մը օր առաջ «Մարդուժի պատրաստութեան կարիքը չունինք» խորագրեալ յօդուածով հրապարակեցինք մարդուժի պատրաստութեան մասին մեր մտածումները՝ ըսելով. «Մեր ազգի դժբախտութեան պատճառը ինչպէս անցեալին, նոյնպէս այսօր մարդուժի պակասը չէ, որովհետեւ մարդուժի պատրաստութեան հիմնական ու կարեւոր նուիրական գործէն առաջ շատ աւելի կարեւոր ու առաջնահերթ խնդիրներու պէտք է լուծում տանք»:

Էջեր