Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միսաք Մեծարենց (1886-1908) իր մտերմական նամակները ընդհանրապէս ստորագրած է «Շաւասպ», որ իր գրական սկզբնաւորութեան շրջանի ծածկանունն է. Շաւասպ Ծիածան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր թուականէն մօտաւորապէս 150 տարիներ առաջ՝ 1880-ական թուականներուն Հայաստանի մէջ մեծահարուստ աղաներու կողմէ կը հիմնուի որբանոց մը. այդ որբանոցին շուրջ կը հաւաքուին զարգացած դասակարգէ մարդիկ եւ բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ուսուցիչներ, սակայն հակառակ նիւթական լայն հնարաւորութեան՝ որբանոցը կը յաջողի գործել ընդամէնը երեք տարի. սրբազան այդ առաքելութիւնը կը ստանձնէ աղքատ ու կոյր ուսուցիչ մը, որ հակառակ աչազուրկ չքաւոր ըլլալուն, կը յաջողի կանգուն պահել որբանոցը աւելի քան քսան տարի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արիւնակցութիւն» consanguinitas կը կոչուի այն ազգակցութիւնը՝ որուն անդամները իրարու կապուած են համարիւնութեան կապով, այսինքն՝ ծնունդի միջոցով սերած են անոնք կամ յաջորդաբար մէկը միւսէն եւ կա՛մ զանազան ճիւղերով ընդհանուր նախահօրէ կամ բունէ. truncus։ Ուրեմն բոլոր արիւնակիցները իրարու հետ ունեցած կապով կը կազմեն «շարք» կամ «գիծ». Linea։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անյագ ծարաւով մը կը շարունակեմ ընթերցել Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ Հայու մը ճակատագիրը» աշխատութիւնը. մէկ մէկ կ՚ուզեմ գոցել գիրքը եւ չշարունակել, աւելիով ականատես չըլլալու հայ ժողովուրդի դժբախտութեան, որ փաստօրէն վերջին տասնամեակներուն յատուկ չէ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Իսթանպուլի համալսարանէն խումբ մը երիտասարդներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատն ու գործակից ընկերները։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Սարգիս Աւ. Քհնյ. Գույումճեան։
Գումգաբուի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի այս տարուայ հունձքին։ Նախընթաց օր Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը, որով այս տարուան 13 շրջանաւարտները հրաժեշտ առին դպրոցէն։
Թոփգաբուի ընտանիքը նախընթաց օր խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն։ Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսի ընթացքին ստեղծուեցաւ աննախընթաց ոգեւորութիւն։
Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ-Քենթ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Առաջնորդ» պարախումբին ելոյթը, որ առիթ դարձաւ մեծ ոգեւորութեան։ Նաթալին Պոզ-Եըլմազի կողմէ գլխաւորուած «Առաջնորդ»ը յաջողեցաւ համախմբել բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։
Էսաեան վարժարանի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած շրջանաւարտութեան հանդէսը բացառիկ հրճուանքի առիթ դարձաւ՝ շուրջ 400 մասնակիցներով։ Վարժարանի լիսէի բաժնի հունձքը հրաժեշտ տուաւ դպրոցին, մինչ միջնակարգի շրջանաւարտներն ալ ստացան իրենց վկայականները։
Երէկ, Կեդրոնականի ընտանիքը կատարեց իր տարեկան աւանդական պտոյտը։ Ըստ վերջին տասնամեակներուն ձեւաւորուած նախընթացին՝ Կեդրոնականի ընտանիքը իւրաքանչիւր կրթական շրջանի աւարտին՝ մեծ խումբի մը ձեւաչափով կ՚իրականացնէ դէպի Քիլիոս շրջապտոյտ մը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Մատրիտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սպանիոյ Ֆէլիփէ Զ. թագաւորին հետ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կարելի է համոզուիլ, թէ Հայաստանի մէջ քաղաքական տրամաբանութեան հիմնարար կանոնները չեն գործեր:
Ըստ բազմաթիւ մեկնաբաններու՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութեան հակաթոյնն է՝ ներքին համերաշխութիւնը:
Յաճախ կ՚ըսուի, որ ջուրը կեանք է. ընդ որում, երկուքն ալ կը հոսին։ Այդ հոսքը շատ խորհրդաւոր է, որովհետեւ այնպիսի տպաւորութիւն մը կը ստեղծուի, որ կարծես ոչինչ կը փոխուի։
Երէկ, Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկսը Վատիկանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Երեք տարի առաջ էր հեռախօսազանգ մը ամբողջովին փոխեց տրամադրութիւնս դէպի լաւը։ Դեռ թագաժահրին սարսափին մէջ էինք, երբ մեր աշխարհը, հայուն աշխարհը աւելի սարսափելին ալ տեսաւ՝ 2020-ի նոյեմբերը, պահ մը կարծեցի որ վերջն է աշխարհին, հիւանդութիւն, պատերազմ պիտի ջնջեն, տանին ամէն բան…
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ունեցած սովորութեանս համաձայն, հայկական մամուլի հին պարբերականները կը թերթատէի: Հետաքրքրական գրութեան մը հանդիպեցայ Պոլիս տպուած «Իգնատ Աղա» շաբաթաթերթին մէջ, «Ինչո՞ւ կը գրէք» վերնագիրը կրող, որ լոյս տեսած է 27 դեկտեմբեր 1919-ին:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Եւորպական համալսարանները թափառող արաբ դասախօսը, որ երկար տարիներէ ի վեր գաղթած էր իր երկրէն՝ սովէն ու ահաբեկչութենէն փախչելով, գիշեր մը եւրոպական քաղաքներէն մէկուն մէջ կը պտտէր, մինչ իր շուրջ եղող քաղաքակրթութիւնը, արդարութիւնն ու կանոնաւորութիւնը կը փայլէին ու ներդաշնակ էին տօնածառի նման:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ սէր կայ, ապա ինչո՞ւ ատելութիւն, երբ հաշտութիւն կայ, ապա ինչո՞ւ խռովութիւն, եւ երբ կայ խաղաղութիւն, ապա ինչո՞ւ քէն, ոխ եւ գժտութիւն…
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամօ՜թ է...
Մարդկութեան մէջ գոյութիւն ունեցող մեծագոյն ամօթը նոյնինքն ամօթն է, որ մարդուս ներքին աշխարհը կրծելով որոշ բարոյական «պատնէշ»ներ կը փորձէ ստեղծել մեր շուրջ: