Արխիւ

Երեքշաբթի, Յունուար 30, 2024

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս, Կլենտէյլէն երիտասարդ Արեգ Բոյներեան եզակի զօրակցութեան ծրագիր մը կեանքի կոչած է՝ ի նպաստ Արցախէն տեղահանուած հայերուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Իպրահիմ Քալըն անցեալ շաբթուան Պաղտատի շփումներէն վերջ այցելութիւն մըն ալ տուաւ Էրպիլ:
Թուրքիա բոլոր հարթութիւններու վրայ նոր նախաձեռնութիւններով յամառ պայքար կը մղէ ՓՔՔ-ի ահաբեկչութեան դէմ:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգերու պետական քարտուղարի տեղակալ Վիքթորիա Նուլանտ շաբաթավերջին այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի կողմէ։ Այս այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ ստեղծուած նոր իրավիճակին, ինչ որ պայմանաւորուած է Շուէտի ՆԱԹՕ-ի անդամակցութեան եւ «Ֆ-16»ներու գործարքին նման կնճռոտ հարցերու յաղթահարումով։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Հայկական երաժշտութեան կենդանի առասպել մաէսթրօ Տիգրան Մանսուրեանի ծննդեան 85-ամեակին առթիւ շաբաթավերջին յոբելենական համերգ մը տեղի ունեցաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Մեծանուն վարպետը թէեւ պատուոյ օթեակէն հետեւեցաւ ձեռնարկին, սակայն լեփլեցուն դահլիճի արուեստասէրներուն իրեն նկատմամբ համակրանքն ու յարգանքը կը թեւածէր ամէնուրեք եւ ան արդար հպարտութեամբ հաղորդ դարձաւ այդ բոլորին։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Պիւյիւքտէրէի Սանթա Մարիա իտալական եկեղեցւոյ մէջ հաւատացեալ մը զոհ զինեալ յարձակման:
ԻՇԻՊ-ի երկու ահաբեկիչները ձերբակալուեցան գիշերուան ժամերուն: Նախագահ Էրտողան կապ հաստատեց հովիւին հետ:

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հիւրընկալեց Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը, որ Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի կամաւոր հոգաբարձութիւնը կը գլխաւորէ։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Գաւառի հոգեւոր տեսուչ եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան վերջերս տարեմուտի առթիւ շարք մը այցելութիւններ տուաւ՝ իրեն վստահուած շրջանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդներուն։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Շիշլի մարզակումբը հետեւողական ջանքեր կը գործադրէ նոր սերունդէ մարզիկներ հասցնելու ուղղութեամբ եւ այդ ջանքերուն պտուղներն ալ աստիճանաբար կը քաղէ։ Շիշլիցիները վերջին օրերուն այս առումով մեծ ուրախութիւն ապրեցան՝ ականատես ըլլալով այդ հետեւողական ջանքերու արդարացման հերթական դրսեւորման։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Պոլսահայ գեղարուեստասէր շրջանակները երէկ երեկոյեան Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ համախմբուեցան եզակի ձեռնարկի մը առթիւ։ Այսպէս, ժողովրդական պարերու եւ ժողովրդական արուեստի երախտաշատ վարպետ Ժուլիա Մութլու նշեց իր գեղարուեստական գործունէութեան 50-ամեակը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Այս տարեմուտին եւս Իսթանպուլի մէջ զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ կ՚աղօթեն քրիստոնէից միութեան համար։ Ամէն տարի քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւնները այս ուղղութեամբ կը թարմացնեն իրենց աղօթքը։ Քրիստոնէից միութեան շաբթուան ծիրէն ներս, շաբաթավերջին Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանները շաբաթավերջին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ուր Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ աղօթեցին նահատակ զինուորներու յիշատակին եւ անոնց հոգիներու հանգստութեան համար։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն եւ տուաւ օրուան պատգամը։ Ս. Սարգիսի տօնի շաբաթավերջին, Ս. Պատարագին յաջորդեց երիտասարդաց օրհնութեան կարգը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի պատերազմին զուգահեռ կարեւոր իրադարձութիւններ երեւելի կը դառնան Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Ճիշդ է, որ հիմնական առանցքը կը շարունակէ մնալ Կազզէի ճակատը, բայց եւ այնպէս, բոլորին համար յստակ է, թէ այդ տագնապը զանազան հագուստներ հագուելով արդէն դուրս եկած է իր հիմնական հունէն։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Շատ բան կայ ըսելիք առանձնութեան մասին։ Ինչպէ՞ս կրնանք առանձին մնալ աշխարհի մը մէջ, ուր կը բնակի մօտաւորապէս 9 միլիառ մարդ: Առանձնութիւնը այնքան վատ է, որ մինակ ես՝ բազմամարդ աշխարհի մը մէջ։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մեղքերուն խոստովանութիւնը՝ որ կը նշանակէ յանցանքը ընդունիլ, նոյնիսկ լոկ մարդկային տեսանկիւնէն մարդը կը ձերբազատէ՝ դիւրացնելով ուրիշներուն հետ իր հաշտութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ձմեռնային իր նստաշրջանին չէ վաւերացուցած Ատրպէյճանի պատուիրակութեան հաւատարմագրերը։ Պատճառները, հիմնականին մէջ, երկու հատ են՝ Լաչինի միջանցքի փակումը եւ Արցախի հայ բնակչութեան փաստացի վտարումը։

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ձեր կարծիքով 150 տարուան ընթացքին հայ ժողովուրդը քանի՞ հայկական թերթեր ունեցած կրնայ ըլլալ։ Այս հարցումին պատասխանը գտնելու լաւագոյն ձեւը գուցէ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանի արխիւները ուսումնասիրելն է (թէեւ վստահ ենք, որ կրնան գոյութիւն ունեցած ըլլալ բազմաթիւ այլ թերթեր եւս, որոնք տարբեր պատճառներով հասած չեն այս օրերուն):

Երկուշաբթի, Յունուար 29, 2024

Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կրթութեան ոլորտէն ներս այս շրջանին կը դիմէ շարք մը նոր քայլերու, որոնք հանրային կարծիքին մօտ կ՚ընկալուին լուրջ տարակուսանքով։ Այսպէս, դպրոցներու մէջ «Հայոց պատմութիւն» դասը կը վերածուի «Հայաստանի պատմութեան»։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024

Հայաստան յառաջիկայ գարնան մէկ ամսով պիտի դառնայ Մարսի հետազօտական կեդրոնը։ Այս նախագիծը կեանքի պիտի կոչուի Երեւանի եւ Վիեննայի համագործակցութեամբ։

Շաբաթ, Յունուար 27, 2024

Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ կարեւոր բանակցութիւններ՝ Իսթինիէի ապառանքի երդիքին տակ:
Նախագահ Էրտողան եւ Հաքան Ֆիտան Տէյվիտ Քեմրընին հետ Իսթանպուլի մէջ արժեւորեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ բոլոր հարցերը:

Էջեր