Արխիւ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մարդկային բնութեան մէջ գերիշխանութիւնը կը պատկանի հզօրներուն, իսկ տկարները ենթակայ են ստրկութեան. գերակայութեան օրէնք՝ որ անփոփոխ է: Անհասկնալի պայքար մը ուժի եւ հնազանդութեան միջեւ:
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ 2023-2024 կրթական տարեշրջանը եզրափակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտով։ Ուսումնական տարեշրջանի աւարտին դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ արդէն 2024 թուականի ամրան խանդավառութիւնը սկսած է։ Անցեալ կիրակի, Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի տօնին առթիւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ երկրին առջեւ ծառացած են երկու արտաքին կարեւոր մարտահրաւէրներ։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին ելոյթ մը ունեցաւ՝ իր գլխաւորած «Քաղացիական պայմանագիր» կուսակցութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը ընթացքին։
Բնութիւնը լաւատեսութեան հիմնական աղբիւրն է։ Մարդ ներքին անդորրը կը վերականգնէ բնութեան հետ շփումներով՝ տեսարան դիտելէ սկսեալ, մինչեւ մարմնամարզը… Մարդ թէեւ ինքզինք կը վերագտնէ բնութեան մէջ, սակայն, զայն երբեք չի խնայեր։
Պէզճեան Մայր վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ վերջերս մասնակցեցան «Oxford University Press»ի կողմէ կազմակերպուած՝ ծրագիրներու միջազգային մրցակցութեան մը, որու արդիւնքով արձանագրեցին փայլուն յաջողութիւն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Կրետէ կղզի, այս ծիրէն ներս ան երէկ պատարագեց տեղւոյ Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Յաճախ կ՚ըսենք «Եթէ քարերը լեզու ունենային» կամ «Ուշադրութիւն՝ պատերը ականջ ունին»։
Այնպէս կ՚երեւի, որ մեր դասարանին պատերը ո՛չ լեզու ունէին՝ ո՛չ ալ ականջ… Լաւ որ չունէին եւ բան չփսփսացին ինծի, որովհետեւ եթէ ունենային՝ այս բանաստեղծութիւնը պիտի չգրուէր։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ցաւերով, տագնապներով ու պայքարներով հանդերձ, անցեալը միշտ սիրելի է բոլոր առումներով:
Պատերազմի ծայրերէն սահած մանկութիւն. ժամանակները որքան ալ անցնին՝ կարօտը յամենայնդէպս կը պաշարէ հոգիները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Անցեալ դարու սկիզբը բազմաթիւ հայեր, Օսմանեան կայսրութենէն տեղափոխուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ իրենց հարազատներուն հետ կապը, նաեւ՝ իրարու հետ կապը, կը պահէին նամակներով:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
«Ի՞նչ է կեանքին իմաստը». այս հարցումը մարդոց կողմէ կրնայ այլազան կերպերով ընկալուիլ, բայց այս կէտին կը ծագին նաեւ այլ հարցումներ. «ի՞նչ է կեանքին ծագումը», «ի՞նչ է տիեզերքի եւ կեանքին բնոյթը», «կեանքը ինչպէ՞ս աւելի արժէքաւոր կը դառնայ», «ո՞րն է մարդու կեանքին նպատակը»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն արդիւնք անպայման պատճա՛ռ մը ունի, եւ ո՛չ մէկ կասկած այս մասին։ Ապա ուրեմն, կա՛յ ծածուկ «զօրութիւն» մը՝ անտեսանելի պատճառ մը, որ կը ստեղծէ եւ գոյութեան կը կոչէ ամէն ինչ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հայկական մամուլի մէջ կարելի է բազմաթիւ յօդուածներ ու վերլուծականներ գտնել «Հայ կին» խորագրին տակ. այդտեղ սակայն կարելի է գտնել բազմաթիւ հակասութիւններ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թէեւ կ՚ապրինք շուրջ դար մը վերջ, սակայն, մեծն Յակոբ Պարոնեանի շունչը շատ զգալի է մեր մէջ:
Մեր արձանները եւ մեր կռապաշտութիւնը. գործելու ժամանակը անցեալին կը պատկանի՝ մինչ անոնք կը բուսնին ամէնուրեք:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Յովսէփ Փուշման, նշանաւոր հայ գեղանկարիչ: Ծնած է 9 մայիս 1877-ին, Սիլվան, Տիգրանակերտ: 1896-ականներու դէպքերուն հետեւանքով, ընտանիքով հեռացած են հայրենի հողէն ու ապաստան գտած են Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել յատուկ անուններ՝ Սուրբ Գիրքէն, մեր սիրելի՜ ընթերցողներուն։
ԿԵՍԱՐԻԱ. Պաղեստինի մէջ այս անունով կը կոչուէին երկու քաղաք.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ժամանակ մը ետք կը նկատեմ, որ բոլոր բարոյական ազնիւ սկզբունքները, որոնք փորձած են մեզի սորվեցնել, միայն իտէալական կեանքի մը համար պատշաճ է ու վայելուչ. այնպէս ինչպէս սէրը, նոյնպէս բարոյական պատուական սկզբունքները կարծես յատուկ ըլլան լոկ գրականութեան համար:
Մերձաւոր Արեւելքի թէժ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ Հայաստան երէկ հանդէս եկաւ ուշագրաւ նախաձեռնութիւնով մը։ Երեւան պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ կը ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը։
Երբեմն մարդ յառաջ կը քշէ ուղեղը, երբեմն ալ սիրտը։ Իրականութեան մէջ, անոնք զիրար կը լրացնեն, մարդուն մէջ մարմին գտած է անոնց համադրութիւնը։ Մարդ թէ՛ միտք է եւ թէ զգացում, հաւասարապէս։
Հռոմի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու Եւրոպայի նախագահութիւններու (OCE) եւ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Եւրոպայի եպիսկոպոսական քոնֆէրանսներու (CCEE) համատեղ ժողովը։