Արխիւ
Արամ Խաչատուրեանի յիշատակին ձօնուած միջազգային մրցոյթը այս տարի տեղի կ՚ունենայ 20-րդ անգամ:
Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս համախմբուած երաժշտասէրները երէկ երեկոյեան անմոռանալի ապրումներ ունեցան:
Հայաստանի հեղեղներու պատճառով կառավարութիւնը կ՚ակնկալէ միջազգային աջակցութիւն:
Նախարար Գնել Սանոսեան. «Ենթակառուցուածքներու պարագային այլեւս գոյութիւն չունին խոշոր վնասներ»:
Սամաթիոյ ընտանիքը ներկայ շաբաթը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորեց՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանի մանկապարտէզի տարեվերջի հանդէսին շնորհիւ, որ տեղի ունեցաւ թաղի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահին մէջ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատիրարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային տօնին (4 յուլիս) առթիւ քաղաքիս մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութեան։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
1929 թուականին Սելանիկի մէջ լոյս կը տեսնէ հայ աշուղ Ախթէրիի մասին գիրք մը՝ «Սազերգութիւն (Աշուղական ինքներգութիւններ)» խորագրով: Գիրքը տպագրութեան պատրաստած է օսմանահայ բանաստեղծ Գէորգ Կառվարենցը (երաժշտահան Ժորժ Կառվարենցի հայրը):
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
28 մայիս 2024 թուականը մեր նոր պատմութեան ամենէն սեւ էջերէն մէկը դարձաւ, շնորհիւ փողոցէն մեր պետութեան ղեկին գլուխը անցնող խումբ մը չկայացած անհատներու, որոնք անցնող վեց տարիներու ընթացքին, ջանք չեն խնայեր մեր պետութեան հիմքերը արմատէն կազմաքանդելու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Միակ գիտցածս ո՛չինչ գիտնալս է»։ Բոլորիս ծանօթ է Սոկրատէսի այս խօսքը։ Արդարեւ, այս խօսքերը յայտնի համեստութեան մը արտայայտութիւնը չէ՛, այլ՝ ճշմարտութեան դրսեւորո՛ւմը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն մարդ իր բողոքը բարձրացնելու տարբեր ձեւերը ունի. մին կը դիմէ քննադատութեան, ուրիշ մը երգիծանքի. մին տրամաբանութեամբ իր «դատ»ը պաշտպանել կը փորձէ, իսկ ուրիշ մը փողոցային կռիւով. գտնուած են սակայն ուրիշներ, որոնք հաւատացած են, որ բողոք մը բարձրացնելու եւ կարծիք մը տարածելու լաւագոյն ձեւը գիր-գրականութիւնն է, որ հակառակ հրապարակախօսութեան ունի աւելի երկար ապրելու յատկութիւն՝ մանաւանդ եթէ գրի առնուած ըլլայ սրամիտ լեզուով մը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարին մասին, որոշ անյստակ բաժին ունի: Նախագահը կ՚արձանագրէ, որ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը կը վերափոխէ Հարաւային Կովկասը եւ արմատապէս կը փոխէ Ատրպէյճանի դերը տարածաշրջանին մէջ:
Հայաստան եւ Վրաստան որոշած են միասնաբար դիմել ՖԻՖԱ-ին՝ 2029 թուականին նախատեսուած ֆութպոլի համաշխարհային երիտասարդաց առաջնութիւնը կազմակերպելու համար։ Եթէ այս նախաձեռնութիւնը յաջողութեամբ պսակուի, ապա այս երկու հարեւան երկիրները միասնաբար պիտի հիւրընկալեն յիշեալ կարեւոր մրցաշարքը։
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի հետ ենթադրեալ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ առկայ չլուծուած հարցերու թիւը նուազած է։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ, Անգարա։
Հեղեղներէն վերջ առաջին անգամ Վրաստանէն երկաթուղիով Հայաստան պենզին եւ տիզել վառելանիւթ փոխադրուեցան:
Բազմաշերտ վնասներու պայմաններուն ներքեւ աղէտի գօտիէն ներս համաճարակի վտանգ՝ տիղմի եւ սատկած անասուններու պատճառով:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան շաբաթավերջին նախագահեց Հոլանտայի Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ չորրորդ դասարաններու շրջանաւարտութեան հանդէսը։ Դպրոցի նախակրթարանէն վկայեալ սաները ծափողջոյններու ներքեւ առարկայ դարձան Թոփգաբուի ընտանիքի պատասխանատուներու ջերմ վերաբերմունքին։
Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան երէկ յայտարարեց, որ Իրան դաշտի վրայ ներգրաւուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի կեանքի կոչման։
Երեւանի ղեկավարութիւնը Պրիւքսէլի հետ միշտ կը շօշափէ տարածաշրջանային անվտանգութեան հարցեր:
Եւրոմիութիւնը միշտ ուշադիր Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին նկատմամբ:
Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի յայտնի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներ աշխատած է «Քարնեկի» հիմնարկին մէջ, «Foreign Affairs»ի հրապարակած յօդուածին մէջ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը պիտի նշանակէ Հայաստանի հարաւային սահմանի Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ համակարգուած զաւթում։
Պէզճեան Մայր վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ երէկ տեղի ունեցաւ STEM մրցոյթը, որ երկրորդն էր իր տեսակին մէջ։ Միջվարժարանային այս նախաձեռնութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սաները վերջերս փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած են միջվարժարանային գիտական մրցոյթի մը ծիրէն ներս։ Այսպէս, դպրոցի գիտական ակումբի սաները մասնակցեցան Համաշխարհային բնապահպանական հիմնարկի (WWF) Թուրքիոյ մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած՝ Բնութեան յառաջատարներու երիտասարդական խորհրդաժողովին։