Արխիւ
«Փարոս» ամսաթերթը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 15-ամեակը։ Երէկ, այս յոբելեանին առթիւ քաղաքիս մէջ բացուեցաւ յայտնի նկարիչ Տիգրան Պետրոսեանի ցուցահանդէսը։ «Կեանքը թատերաբեմ մըն է» անուան ներքեւ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը բացուեցաւ Բանկալթիի «Պերզէ» գեղարուեստասրահին մէջ։
«Mellon Blue» հազուագիւտ երկնագոյն ադամանդը՝ 9,51 քարաթ քաշով, Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, վաճառուած է 20,5 միլիոն զուիցերական ֆրանքով (25,6 միլիոն ամերիկեան տոլար)։ Ադամանդը աւելի առաջ պատկանած է ամերիկացի բարերար Ռէյչըլ Մելոնին, որ նաեւ ԱՄՆ-ի նախկին առաջին տիկին Ժագլին Քենետիի մտերիմ ընկերուհին էր։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ TRIPP-ի շինարարական աշխատանքներու սկիզբը կը նախատեսուի 2026 թուականի երկրորդ կէսին։
Անգարա-Գահիրէ առանցքին վրայ այս շրջանին աշխուժութիւն կը նկատուի, երբ տարածաշրջանային իրադարձութիւնները բաւական բեղուն կ՚ընթանան։ Երէկ, Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատըր Ապտիւլաթի այցելեց Թուրքիա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւնները՝ համաշխարհային նոր կարգի գլխաւոր առանցքը կը կազմեն (1)
Ուաշինկթընի մեծ օրակարգի անվիճելիօրէն ամենակարեւոր խնդիրը դարձած է Փեքինը՝ չըսելու համար ամենաբարդը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
30 հոկտեմբեր, հինգշաբթի առաւօտեան, Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան դարաւոր Աթոռին շունչն ու ոգին ըմբոշխնելէ ետք իւրայատուկ պոլսեցիի մը հետ, մեր քայլերը բաժնուեցան, մէկունը՝ դէպի Պատրիարքարան, իսկ միւսինը՝ դէպի ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատուն:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Մեր առաջին հանդիպման Անժելինան նոր կորսնցուցած էր ամուսինը։
Անժելինա… Այնքա՜ն գեղեցիկ հնչեց, այնպիսի քնքշութեամբ տուաւ իր անունը, այդ ձայնին տակ թաքնուած հեքիաթ մը կար… Այո՛ հեքիաթ… Հեքիաթ մը, որ ուզեց անպայման պատմել։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Ոգիի սով է…
Դարեր շարունակ մեծ մտածողները ահազանգած են այս տեսակ սովի մասին՝ ըսելով, թէ օր մը պիտի գայ, երբ մարդը պիտի ունենայ ամէն բան, բացի հոգեկան հանգստութենէ եւ ուրախութենէ։ Ահազանգած են, որ պիտի գայ այն օրը, երբ աշխարհը լեցուի ճոխութեամբ, լոյսերով, բայց պիտի դատարկուի հոգեկան հրճուանքէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ղուկաս Աւետարանիչ, որպէս բժիշկ, բազմաթիւ հրաշքներ արձանագրած է իր Աւետարանին մէջ։ Զոր օրինակ, «Հաշմանդամ կնոջ բժշկութիւնը». (ՂՈՒԿ. ԺԳ 10-13), ուր կը հանդիպինք կնոջ մը՝ որ 18 տարիէ կը տանջուէր եւ Տէր Յիսուս զայն բժշկեց։
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր պատմութիւնը: Հայուն պարագային, մեր պատմութիւնը ունի իր իւրայատկութիւնները, որոնց մէջ տիրական են ցեղասպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը:
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
Դժբախտ մանկութիւն, դժբախտ երիտասարդութիւն՝ երջանիկ մահ…
Մարդուս սիրտն ու արցունքը միայն զԱստուած կրնայ կարդալ…
Որքա՜ն դժբախտութիւն կար իր ժպիտին, բարեացակամութեան, օգտակար ըլլալուն ետին՝ միայն Տէրը գիտէր։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամիսը անգամ մը, նոյն տարիքի, ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ, մէկու մը տան մէջ, քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը, թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն էր, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յովիկ Շէհիրեանի ասպարէզի ոդիսականը հարցաքննութեան կը բանայ հայկական լրատուութեան աշխարհի իրերու դրուածքը:
Հալէպահայ լրագրողը, որ վերադարձած է ՍԱՆԱ-ի շարքերը, իրերամերժ վիճակներու կամ հակադիր սպասումներու պայմաններուն ներքեւ միշտ հետամուտ ճշմարտութեան՝ առանց նահանջելու իր անվիճելի վարպետութենէն ու ամբողջութեամբ նուիրուած մնալով ասպարէզին:
ՂԱՍԱՆ ՔԱՆԱՖԱՆԻ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սիրելի՛ Ահմատ,
Տակաւին հիւանդանոցէն դուրս չեմ ելած. առողջութիւնս գլորուելով դէպի բարելաւում կ՚ընթանայ եւ իմ ձեւս այդ մէկը յայտնաբերելու շա՜տ զաւեշտալի է…:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ճիշդ այդպէս պիտի ըլլայ նաեւ մեռելներու յարութիւնը։ Մարմինը հող կը դրուի եղծանելի վիճակով, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ անե՛ղծ. հող կը դրուի անարգ, եւ յարութիւն կ՚առնէ՝ փառաւո՛ր. հող կը դրուի տկար, եւ յարութիւն կ՚առնէ զօրաւոր. հող կը դրուի իբրեւ շնչաւոր մարմին, եւ յարութիւն կ՚առնէ իբրեւ հոգեւոր մարմին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հաւատացէ՛ք, որ այս աշխարհի վրայ կարելի չէ՛ գտնել ուրիշ ազգ մը՝ որ յաջողի այնքան լաւ թաղել՝ ինչքան մեր ազգը: Թաղելը մեզի համար ի վերուստ տրուած շնորհք մըն է, Աստուածային պարգեւ մը պարզապէս:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Մեր հայեր» խմբաւորման ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ միութեան մը ձեւաչափին մէջ՝ այս խմբաւորումը թրքահայ իրականութենէ ներս հետամուտ է ընկերային զօրակցութիւնը ամրապնդելու։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Երուանդ Սվաճըօղլուն եւ Արթօ Մխճեանը։
Հայ երաժշտական աշխարհի համակրելի աստղերէն Սիպիլ արդէն պատրաստած է նոր երգ մը, որ առաջին անգամ այս ուրբաթ պիտի ներկայացուի իր «YouTube»ի ալիքին միջոցաւ։ Սիպիլի բոլոր երգերը եւ անոնց առթիւ պատրաստուած տեսահոլովակները վերջին տարիներուն կը մագնիսացնեն երաժշտասէրներուն ուշադրութիւնը։
Անկլիքան եկեղեցիէն բարձրաստիճան ներկայացուցիչ մը՝ Եորքի Արքեպիսկոպոս եւ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսի տեղապահ Տ. Սթիվըն Քոթրըլ այս օրերուն կ՚այցելէ Սուրբ Երկիր, ուր երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երուսաղէմի քրիստոնեայ հոգեւոր կեդրոններու ներկայացուցիչներուն հետ։