Արխիւ
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ֆրանսացի գրող Փիէռ Պուլի կողմէ 1963 թուականին հրատարակուած գիտաֆանթասթիք գիրքի հիմքին կայ դաժան ճշմարտութիւն մը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ գաղատացիներու ուղարկած նամակին մէջ կ՚ըսէ, թէ՝ այլեւս արուի եւ էգի խտրութիւն չկայ… որովհետեւ Քրիստոսի միանալով բոլորս ալ մէկ եղած ենք. (ԳԱՂԱՏ. Գ 28)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը նկատենք, որ վերջին ժամանակները մարդոց մօտ սկիզբ առած է ողորմութեան հանդէպ արտասովոր սէր մը՝ պայմանաւորուած մարդոց գովասանքներով ու ներբողներով, որոնք կը յաջողին պահ մը իրենց մեղաւոր գոյութիւնը վերափոխել պարկեշտ ու ազնիւ արժանիքներով բեղմնաւորուած անձերու:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ երիտասարդաց յանձնախումբը։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի Արթօ-Դալար Հորոզօղլու ամոլին կողմէ գլխաւորուած կամաւորներու վարչութիւնը, տնօրէնուհի Հերիքնազ Աւագեանը եւ փոխ-տնօրէնուհի Լուսինէ Յարութիւնեանը։
Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբը նախընթաց օր երեկոյեան մասնակցեցաւ՝ Աւստրիոյ մշակոյթի կեդրոնին կողմէ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած համերգին։ Սա աւանդական ձեռնարկ մըն է եւ Մխիթարեան վարժարանի երգչախումբին մասնակցութիւնը նոյնպէս։
Պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ դիմադրունակութեան հրատապ խնդիրը:
Պէյօղլուի երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մասնագէտներ դարձեալ արժեւորեցին առկայ վիճակի կացութիւնը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Ատրպէյճանի նախագահի խորհրդականը «խաղաղասիրական» յայտարարութիւններ կատարած է՝ ընդգծելով, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը գտնուին ամենէն խաղաղ շրջափուլին մէջ: Պաքուէն եւ Անգարայէն հրապարակուած էին համահունչ յայտարարութիւններ՝ փոխանցելու համար, որ պատասխանատուութիւնը կը գտնուի հայկական կողմին մօտ, դէպի խաղաղութեան պայմանագիր հաստատուն քայլեր առնելու առումով:
ՀԱՊԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը Երեւան այցելեց, Մոսկուայէն հերթական յայտարարութիւններ:
«Ռուս խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վերադարձի հնարաւորութեան երաշխաւորն են»:
«Ակադեմիայի փառահեղ ժառանգութիւնը ապագայի համար ռազմավարական ներդրում ընելու առումով անհրաժեշտ ու շատ կարեւոր գործօն է»:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հայաստանի ապագան կը տեսնէ գիտութեան ու կրթութեան մէջ, իսկ ակադեմական քաղաքը կրնայ յեղափոխական նշանակութիւն ունենալ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հիւրընկալեցին Միջազգային ճգնաժամային խումբի նախագահ Քոմֆորտ Էրոն, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։ Երեւանի աղբիւրները հաղորդեցին, որ քննարկուեցան Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերը, նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ երկկողմանի համաձայնութիւններու իրականացման ընթացքին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսիի հետ։ Էրտողան այս առթիւ պաշտօնակիցը շնորհաւորեց վերընտրուելու կապակցութեամբ՝ մաղթելով, որ նոր շրջանը բարեբեր ըլլայ Թուրքիա-Եգիպտոս յարաբերութիւններուն տեսակէտէ։
Պատրիարքական Աթոռը արձագանգեց վերջին օրերուն վախճանած երկու սրբազաններու կորուստին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Օրերս, երբ նախորդ անցնող տարիներուն գրածս գրութիւններէն գրութիւն մը կը փնտռէի, աչքիս զարկաւ «Մարդ ըլլալ…» վերնագիրը կրող գրութիւն մը, որ ստորագրած եմ 24 յունիս 2014-ին, երբ տակաւին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին անդամ չէի դարձած, հակառակ անոր որ յաճախ կը կարդայի զայն համացանցի վրայ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այլաբանութիւնը միշտ ներկայ է մեր կեանքին մէջ: Շատ անգամ, բանաւոր խօսքի մէջ, գեղարուեստական կամ հրապարակային գրութիւններու միջոցով կը փորձենք միտք մը, գաղափար մը կամ զգացում մը արտայայտել անուղղակի ձեւով, առարկայի կամ երեւոյթի մասին պատկերացում տալ ուրիշ առարկայի մը կամ երեւոյթի մը միջոցով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արեւը վաղը առաւօտ պիտի ծագի՞։ Տարօրինակ եւ անիմաստ հարցում. առանց բացառութեան ամէն մարդ պիտի պատասխանէ՝ այո՛։ Ստեղծագործութեան առաջին օրէն իսկ արեւը, անխափան ծագած է եւ օր մը իսկ չէ՛ եղած որ արեւը չծագի։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ամէն ժամանակ կը փորձենք հեռու մնալ կուսակցական խնդիրներու մասին խօսելէ, սակայն միաժամանակ անտարբեր չենք կրնար անցնիլ տեսնելով գործող կուսակցութիւններու անտարբերութիւնն ու աւելի սարսափելին՝ մղած պայքարը ո՛չ թէ հակառակորդին, այլ ինքն իր դէմ:
Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմէթ Հաճիեւ յայտարարեց, որ իր երկիրը այլեւս որեւէ ռազմական նպատակ չունի։