Արխիւ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շքանշաններ շնորհեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ խումբ մը երախտաշատ աշխարհական սպասաւորներու։ Այսպէս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վերստուգիչ յանձնախումբի անդամներէն Խաչատուր Մութաֆեան եւ Լիուտվիկ Հարոյեան պարգեւատրուեցան «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով։
Կեդրոնական սանուց միութեան մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Սա գիրքի շնորհանդէս մըն էր, սակայն, ըստ էութեան, ներկաներուն տեսակէտէ նշանակեց շատ աւելին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Միտքերու փոխանակութեան ժամանակ յաճախ կը խօսինք օր օրի ընթերցողներու քանակի նուազումի մասին՝ միշտ մենք մեզ հարցադրելով, թէ արդեօք տակաւին կարդացողներ կա՞ն, կամ արդեօք մեր կամ մեր թերթին միւս գրողներուն եւ կամ ընդհանրապէս այսօրուան գրողներուն գրութիւնները կարդացողներ կա՞ն տակաւին, թէ կը գրենք այն յոյսով, որ մեզմէ ետք եկող սերունդներու ներկայացուցիչներէն մի քանի տասնեակ կամ հարիւր «խենթ»եր կարդան, ինչպէս այսօր մենք յաճախ կը թերթատենք մեր նախորդներուն գրութիւնները՝ ընթերցելով զանոնք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատերու նման, ես ալ այս տարի Երեւան եկայ սակայն այս անգամ երկար շաբաթներու համրանքով: Պտոյտ, այցելութիւններ. բարեկամ՝ հին ու նոր ընկեր-ծանօթ-աշակերտ: Հարց չէ: Ու ամէն անգամուան նման եւ աւելին կարօտիս կողքին ունէի սքանչացում մը, որ անպարտելի վկան էր հիացմունքիս:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Մարդկութեան ամենավառ եւ փառաւոր ժամանակաշրջանները, իրականութեան մէջ, ամենաարիւնալի, ամենամութ ժամանակներու նախապատրաստութիւնն էր: Նախայարձակութիւնը բնազդ մըն է՝ ինչպէս սնանիլը ու բազմացումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրէնքներ բոլորովին անօգուտ եւ անիմաստ են, երբ չեն նպաստեր մարդոց բարիքին՝ կատարելութեան եւ յառաջդիմութեան։ Արդարեւ, օրէնքը արգելքներու հաւաքածոյ չէ՛, ինչպէս երբեմն այդպէս կը կարծուի եւ այդպիսի համոզում մը գոյութիւն ունի, այլ ուղեցոյց մը՝ թէ ի՛նչ պէտք է ընել երջանիկ ապրելու համար՝ կատարեալ ըլլալու եւ յառաջդիմելու համար։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տ. Կորիւն Եպսկ. Պաղտասարեան, որ Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան արժէքաւոր տարրերէն մին է, վերականգնուած ուժերով կը շարունակէ իր ծառայութիւնը:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքական Աթոռի կալուածոց տեսուչը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազան դառնալէ եւ ուխտի Ս. Պատարագը մատուցելէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մատթէոս Գ. Կ. Պոլսեցի (Իզմիրլեան) - (Ծնած 12 փետրուար 1845: Վախճանած 11 դեկտեմբեր 1910: Գահակալութեան տարիներ. 1-ին շրջան՝ 26 դեկտեմբեր 1894 - 23 յուլիս 1896 հրաժարած է: 2-րդ շրջան 1908-1909):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մշակոյթի՝ Հայ մշակոյթի շաբաթ է. շաբաթ անվերջանելի՝ մշտնջենաւոր, յաւերժական… քանի որ մշակոյթը, ժողովուրդի մը ինքնութի՛ւնն է, նկարագիրը եւ գոյապահպանման եւ գոյատեւման անհրաժեշտ եւ անյետաձգելի՝ առաջնակարգ ազդա՛կը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկած չունինք, որ մանկավարժութիւնը գիտութեան ամենէն կարեւոր ճիւղերէն մէկն է եւ պէտք է ընդունինք, որ հայ ժողովուրդը գրեթէ նոյն ժամանակ եւ գուցէ աւելի ալ առաջ սկսաւ հետաքրքրուիլ մանկավարժութեամբ՝ քան այսօր որպէս «զարգացած» նկատուող պետութիւնները:
Պաքու կը պնդէ, որ Նիկոլ Փաշինեանի Սթրազպուրկի վերջին ելոյթին հռետորաբանութիւնը կը խաթարէ՝ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հեռանկարները:
Վարչապետին խօսքով՝ Հայաստանի կողմէ Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւններուն թափ տրուիլը ռազմավարական ընտրութիւն է ու ոչ թէ հանգամանքներով թելադրուած պատեհութիւն:
Իսրայէլ-Պաղեստին պատերազմը կը շարունակուի սարսափելի դրուագներով։ Կազզէի սահմռկեցուցիչ իրադարձութիւնները կ՚արիւնեն համայն մարդկութեան խիղճը։
Երեւանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ օդագնացութեան միջազգային փառատօն մը, որ մեծ խանդավառութեան առիթ հանդիսացաւ։ Օդապարիկներով կազմակերպուած ձեռնարկ մըն էր այս մէկը, որու շրջանակէն ներս թռիչքներ տեղի ունեցան թէ՛ մայրաքաղաք Երեւանի եւ թէ շրջաններու երկինքին։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ Սահակեան-Նունեան վարժարանէն ներս Թարգմանչաց տօնին առթիւ կազմակերպուած ձեռնարկին ժամանակ։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին ու Մշակոյթի շաբթուան առթիւ ձեռնարկ մը։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցան խնամակալութեան ատենապետ Ազատ Տեմիրճիի եւ գործակիցներուն, նաեւ տնօրէն Սերքան Քըյըճըի կողմէ։
Մարմնամարզի ու երիտասարդութեան նախարար Օսման Աշքըն Պաք երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքն ու գործակից ընկերները։ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որուն ներկայ էր նաեւ Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլու։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց՝ տեղեկատուութեան թեքնոլոժիներու ոլորտէն ներս Հայաստանի Հանրապետութեան պետական մրցանակին արժանացած դափնեկիրները։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու գործակից ընկերները։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Պէզճեան Մայր վարժարանի ի նպաստ տարեկան սիրոյ սեղանը, որուն ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղականները խմբագրատունս այցելեցին՝ հանրային կարծիքը լուսաբանելու համար։
Արեւմտեան Եւրոպայէն ներս նոր համայնքներու ձեւաւորման գործընթացը կը շարունակուի՝ վերջին տարիներուն՝ մասնաւորապէս Պելժիոյ եւ Հոլանտայի մէջ հաստատուած հայերու վերակազմակերպումով։ Այսպէս, Պելժիայէն ներս, Կերարտսպերկենի եւ շրջակայքի հայութիւնը արդէն նոր համայնք մը ստեղծած է։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ եպիսկոպոս ձեռնադրուած Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան անդամները վերադարձան Սուրբ Քաղաք։ Նորաօծ եպիսկոպոսները մեծ խանդավառութեամբ ու աւանդական շուքով դիմաւորուեցան հայոց վանքէն ներս։