Արխիւ

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 14, 2023

Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Բարեկարգման աշխատանքներով ներկայանալի տեսք ստացած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ձեր հոգերը Աստուծոյ ձգեցէ՛ք, որովհետեւ Ինքը կը հոգայ ձեր մասին». (Ա ՊԵՏՐ. Ե 7)։
Պրահման սապէս կ՚ըսէ. «Ուրիշին մի՛ ըներ ի՛նչ որ ցաւ եւ վիշտ կը պատճառէ քեզի, եթէ քեզի ընէին»։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մի քանի օրեր առաջ Հայաստանի վարժարաններէն մէկուն ազգասէր ուսուցչուհիներէն մին իր աշակերտներուն խօսած ու պատմած էր Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրողութիւններուն մասին եւ այդ բոլոր եղելութիւնը համեմատած էր մեր թուականէն 108 տարիներ առաջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան հետ:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Անգլիացի յայտնի գրող Ակաթա Քրիստի, որ յայտնի է իր քրէական վէպերով, 1926 թուականի դեկտեմբերին ապրեցաւ իր պատմուածքներու նման իրադարձութիւն մը։
Ակաթա Քրիսթի՝ գրականութեան անմոռանալի անունը եւ «սպանութիւններու թագուհին», կը շարունակէ առեղծուածային կերպար մնալ իր ստեղծագործութիւններով եւ կեանքով՝ կենդանութեան օրօք։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Անդրկովկասէ ներս Վատիկանի Սուրբ Աթոռի առաքելական նուիրակ Ժոզէ Աւելինօ Պեթանքուր Արքեպիսկոպոսը, որ իր առաքելութեան ժամկէտի աւարտին հասած է։ Հրաժեշտի հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ջերմօրէն ողջունեց պապական նուիրակը եւ իր բարձր գնահատանքը յայտնեց անոր կողմէ երկու աթոռներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման ուղղեալ ջանքերուն համար։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգուած ու համակրելի անդամուհիներէն Ովսաննա Մուրատեան կնքած է իր մահկանացուն։
Իր կորուստը խոր ցաւ յառաջացուցած է իր սիրելիներու շրջանակին մէջ՝ մանաւանդ, որ հանգուցեալը հեզահամբոյր նկարագրով, համեստ ու հաղորդական անձնաւորութիւն մըն էր, իր բնաւորութեամբ բոլորին սիրտը գրաւել կը յաջողէր։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Արցախի նորընտիր նախագահ Շահրամանեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 1 յունուար 2024-ին պաշտօնապէս կը դադրի գոյութիւն ունենալէ։ Սարսափելի ծանրակշիռ յայտարարութիւն մըն է իր ուսերուն վրայ առածը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Երեւանի մէջ բացուած «Հոգու հայելի» ցուցահանդէսին արձագանգները կը շարունակուին։ Անմոռանալի նկարիչ ու քանդակագործ Յակոբ Յակոբեանի ծննդեան 100-ամեակին ձօնուած այս ցուցահանդէսը լայնօրէն լուսաբանուած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներուն կողմէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Փութին-Ալիեւ երէկուան հանդիպման օրակարգի թիւ մէկ հարցն էր՝ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը:
Երեւանի ղեկավարութիւնը Թոյվօ Քլաարի հետ անդրադարձաւ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Տիգրան Աւինեան երդուելով կոչուեցաւ՝ Երեւանի քաղաքապետի պաշտօնին:
Մայրաքաղաքի համաչափ զարգացման համար մշակուած է բարեփոխումներու ծրագիր մը:

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2023

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ Թել Աւիւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ։ Պատերազմական ծանր իրավիճակի մէջ տեղի ունեցաւ պետական քարտուղարին ուղեւորութիւնը, որու շրջանակներէն ներս ան անցաւ նաեւ Յորդանան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Չեմ յիշեր ո՞ր տարին էր, երբ քաղաքական եւ զանազան հարցերու կողքին, այդ օրերու իր երկրին նախագահին գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ֆրանսախօս երկիրներու համագումարը, իբրեւ մեծ մտահոգութիւն եւ ահազանգ, օրակարգի գլխաւոր նիւթը դարձուցած էր երկրէն ներս ֆրանսերէն լեզուի նուազ գործածութեան հարցը: Լեզուին ՆԱՀԱՆՋԸ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Դո՛ւն ես իմ ապաւէնս եւ իմ բաժինս ապրողներու երկրին մէջ», կ՚ըսէ Դաւիթ. (ՍԱՂՄ. ՃԽԲ 5)։
Մարդ արարածը ըստ էութեան, բնաւորութեամբ տկար է եւ անկատար։ Եւ բնական է այս, քանի որ ան «արարած» է եւ ունի կատարեալ Արարիչ մը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ այն իրողութեան, որ կուսակցական հակումներով տարբեր անձեր էին Համազգայինի ժողովի մասնակիցները, ժողովը զուսպ էր. շատ անգամ բանավէճեր եւ հակառակութիւններ տեղի կ՚ունենային, սակայն ո՛չ այն անմակարդակ աստիճանի, որ այսօր կը տեսնենք մեր Ազգային ժողովին մէջ, ուր հայհոյութիւնն ու վարկաբեկումը անպակաս են:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յարութիւն Եգիպտացի (Վեհապետեան) - (Ծնած 1820: Վախճանած 4 հոկտեմբեր 1910: Գահակալութեան տարիներ 25 յունուար 1885 - յունիս 1888): Պոլսոյ պատրիարք ընտրուած տարին, ընտրուած է նաեւ Երուսաղէմի պատրաիրք:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տ. Մեսրոպ Եպսկ. Պարսամեան, որ իր սերունդի շատ լաւ պատրաստուած, փայլուն ներկայացուցիչներէն մին է, ծառայութեան ասպարէզէն ներս նոր խաչմերուկի մը վրայ:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սրբազան դառնալէ վերջ առաջին հարցազրոյցը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մարի Եանճըի։  Ներկայ էր նաեւ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երուսաղէմի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Շահան Սրկ. Քէօսէեան։ Ան նախկին պոլսահայ մըն էր, որ երկար տասնամեակներէ առաջ մեկնած էր Սուրբ Քաղաք։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ցաւակից՝ Մանուէլ Չըթաքի անժամանակ կորուստին համար:
Յայտնի լուսանկարչին յուղարկաւորութիւնը երէկ տեղի ունեցաւ Ֆէրիգիւղի եկեղեցւոյ մէջ:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 12, 2023

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

«Մենք այժմ կը գտնուինք Ատրպէյճանի՝ Հայաստան ներխուժման անմիջական սպառնալիքի տակ»: Սա կ՚ըսէ ո՛չ թէ որեւէ քաղաքագէտ կամ վերլուծաբան: Սա մէջբերում մըն է ԵՄ-ի մօտ Հայաստանի առաքելութեան ղեկավար Տիգրան Բալայեանի հարցազրոյցէն:

Էջեր