Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Անձերու կամ մարդկային խումբերու վրայ կատարուող գիտական, բժշկական կամ հոգեբանական փորձարկումները կրնան սատարել հիւանդներուն բուժումին եւ հանրային առողջութեան յառաջդիմութեան։
Գիտական հիմնահետազօտութիւնը, ինչպէս նաեւ գործառնական հետազօտումը, յատկանշական արտայայտութիւն մը կը հանդիսանան մարդուն արարչագործութեան վրայ բանեցուցած տիրութեան։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր եթէ մէկը ձեզի ըսէ, թէ հայրենասէր է, երբե՛ք չհաւատաք, որովհետեւ հայրենասիրութիւնը իսկութեան մէջ ամբողջութեամբ իմաստ ու նշանակութիւն ունի՝ քան այն ինչ որ այսօր կը կարծենք:
Թուրքիոյ Ասորի ուղղափառ համայնքը երէկ ապրեցաւ յատկանշական օր մը։ Եշիլգիւղի նորակառոյց Մոր Էֆրեմ (Ս. Եփրեմ) Ասորի Ուղղափառ եկեղեցւոյ մէջ երէկ մատուցուեցաւ անդրանիկ Ս. Պատարագը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առթիւ արարողութիւններուն նախագահեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ։
Շաբաթավերջի Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը եկաւ միեւնոյն ժամանակ բնորոշել Հայ մշակոյթի շաբթուան սկիզբը։ Երէկ առաւօտ, Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան պատարագեց եւ քարոզեց։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Տաւուշի թեմակալ առաջնորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան երէկ պատմական Մակարավանքին մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց ընթացքին խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ «Ես ձեզի յստակ կ՚ըսեմ՝ հերթը Տաւուշինն է։
Շիշլի մարզակումբի զանազան խումբերը կը շարունակեն փայլուն յաջողութիւններ արձանագրել, ինչ որ մեծ ուրախութիւն կը պարգեւէ ակումբի ընտանիքին։ Շաբաթավերջին շիշլիցիները մասնակցեցան Սիրողական մարմնամարզի շաբթուան ծիրէն ներս կազմակերպուած՝ մինչեւ 10 տարեկաններու ճատրակի մրցաշարքի մը, որ տեղի ունեցաւ Ամասիայի մէջ։
«Փափիրիւս» հրատարակչութիւնը վերջերս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Մահուան նուագախումբ» խորագրեալ գիրքը, որու հեղինակն է Միհրան Շիկահեր։ Շաբաթավերջին «Հրանդ Տինք» հիմնարկի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս գիրքին շնորհանդէսը, որ համախմբեց գրասէրներ։
Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ծագած հրդեհը կը շարունակէ միջազգային օրակարգի կիզակէտին մնալ՝ մինչ համաշխարհային գետնի վրայ մեծ մտահոգութիւն կը տիրէ Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ պատերազմի ողբերգական հետեւանքներուն եւ հաւանական ընդլայնման հեռանկարներուն բերումով։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան շաբաթավերջին համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ համախմբեց հոծ թիւով երաժշտասէրներ, որոնք ջերմօրէն ողջունեցին Արա Մալիքեանը։
Շաբաթավերջին Արցախի մայրաքաղաքը Ստեփանակերտի մէջ պաշտօնապէս ծածանիլ սկսաւ Ատրպէյճանի դրօշը։ Այսպէս, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Լեռնային Ղարաբաղ։ Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, Արցախի նախագահի ապարանքի շէնքին առջեւ ան պաշտօնապէս բարձրացուց իր երկրին դրօշակը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Այժմու բարդ ժամանակաշրջանին, օրեր առաջ տեղի ունեցաւ հիմնարկէքը այն ցամաքուղիին, որ Ատրպէյճանը Իրանի վրայով պիտի կապէ Նախիջեւանի հետ։ Ուստի, ներկայ վիճակը դժուար թէ պատգամ մը ունենայ Պաքուի համար, սակայն Թեհրանի քայլերը կու տան տարածաշրջանին վերաբերեալ որոշ ազդանշաններ։
«Մերձաւոր Արեւելքէ ներս որեւէ կողմ շահագրգռուած չէ լայնածաւալ եւ աւելի տարողունակ պատերազմ մը շղթայազերծելով։ Իսրայէլն ալ երկար պատերազմներու համար ո՛չ ներուժ ունի, ո՛չ ալ կարելիութիւն, իրեն համար ամէն գործողութիւն պէտք է ըլլայ արագ։ Այլ խօսք, որ կրնայ օգտագործել առկայ քաոսը եւ հարուածներ հասցնել Իրանի հիւլէակայաններուն»։
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին երէկ օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ աւանդական արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Բարեկարգման աշխատանքներով ներկայանալի տեսք ստացած եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն։
Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850-րդ տարելիցին առթիւ Հռոմի մէջ նախատեսուած ձեռնարկները յետաձգուեցան անորոշ ժամանակով։ «Աստուածային շնորհաց հայոց առաքեալ» կարգախօսով մշակուած ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուէր Հայաստանեայց Առաքելական եւ Հռոմէական Կաթոլիկ եկեղեցիներու համատեղ նախաձեռնութեամբ, օրհնութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին, Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-պատրիարքին։
Երեւանի մէջ երէկ սկսաւ «Տիճիթեք-2023» տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եռօրեայ տօնավաճառը, որ կազմակերպուած է 18-րդ անգամ։ Սա, ըստ էութեան, մեծ ցուցահանդէս մըն է, որուն կը մասնակցին բազում ընկերութիւններ, որոնք կ՚արտադրեն տրոններ, ելեկտրական մեքենաներ, կը զբաղին գիտահետազօտական ու տիեզերական հետազօտութիւններով, կը կատարեն ծրագրային ապահովման աութսորս ու կ՚իրականացնեն տեղական արտադրութիւն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլ-Պաղեստին առկայ սաստիկ պատերազմի մթնոլորտին մէջ կ՚իրականացնէ տարածաշրջանային ուղեւորութիւն մը։ Շփումներու առաջին փուլին Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիյահուի հետ տեսակցելէ վերջ, Էնթընի Պլինքըն հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Պաղեստինի Ինքնավարութեան ղեկավար Մահմուտ Ապպասի հետ։
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան յայտարարեց, որ եթէ Կազզէի հատուածին վրայ Իսրայէլի յարձակումները չդադրին, ապա հակամարտութիւնը կրնայ ընդլայնուիլ եւ այլ կողմեր եւս կրնան ներգրաւուիլ։ «Եթէ սիոնիստական վարչախումբին կողմէ իրականացուած այս կազմակերպուած պատերազմական յանցագործութիւնները անմիջապէս չդադրին, ապա կրնանք որեւէ հաւանականութիւն պատկերացնել», ըսաւ ան՝ Պէյրութի մէջ ունեցած շփումներուն զուգահեռ սարքած մամլոյ ասուլիսին ժամանակ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ այժմ՝ Ղարաբաղի իրադարձութիւններէն վերջ որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի կնքման համար։ «Համոզուած եմ, թէ սա միանգամայն հնարաւոր է։ Կան զուտ թեքնիք հարցեր՝ կապուած սահմանազատման ու սահմանագծման հետ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թարգմանչաց տօնը հայ մտքի, գիրի եւ մշակոյթի տօնն է. տօնը բոլոր անոնց՝ որոնք աշակերտեցան Մեսրոպ Մաշտոցի եւ գրչով եւ գիրքով, ուսուցանելով եւ վարդապետելով ծառայեցին հայ ժողովուրդին, եւ տօնը անոնց՝ որոնք կը հետաքրքրուին հայ մշակոյթով եւ կը սիրեն զայն, այդ կերպով միայն կատարած ըլլալով իրենց պարտքը եւ պատասխանատուութիւնը այսօրուան գրչի սուրբերուն նկատմամբ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կը տեսնենք, թէ աշխարհի երեսին շատ մը արժէքներ ու իրողութիւններ իրենց ճիշդ որակը կորսնցնելով ամբողջութեամբ յեղաշրջուած են: Այդ յեղաշրջումներուն առաջին տեղը կարելի է տրամադրել քաղաքացի-պետութիւն յարաբերութեան, որովհետեւ թէ՛ քաղաքացիները եւ թէ պետական պաշտօնեաները մոռցած են, որ պետական պաշտօնեայ ըլլալ քաղաքացիին ծառայող ըլլալ կը նշանակէ եւ ո՛չ հակառակը: