Արխիւ

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023

Կը տեղեկանանք, որ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Թեհրան։ Այսպէս, եօթ տարի վերջ իրանահայ երաժշտասէրները դարձեալ հնարաւորութիւն պիտի ունենան Սիպիլը ողջունելու բեմին վրայ։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023

Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ իր գործակից ընկերները վերջին օրերուն յարգանքի այցելութիւն մը տուին հոգելոյս Նազար Հանչէրի ընտանիքին։ Այս առթիւ անոնք լուսահոգի Նազար Հանչէրի այրիին՝ Էլմոն Հանչէրին յանձնեցին Շիշլի մարզակումբի վարչութեան կողմէ առնուած որոշման հիման վրայ պատրաստուած «Մարմնամարզի դեսպան» կոչման վկայականը։

Շաբաթ, Մայիս 6, 2023

Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ երէկ երեկոյեան բացուեցաւ «Սէր» խորագրեալ ցուցահանդէս մը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ մայիսի 7-ը։ Ինչպէս ծանօթ է, Արամեան սանուց միութեան երդիքին տակ կը կազմակերպուին կանանց համար աշխատանոցներ, որոնց մասնակիցները յախճապակիներ կամ կերպասներ կը բանին։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Էնթընի Պլինքըն մասնակցեցաւ՝ Արլինկթընի մէջ կազմակերպուած Արարատ Միրզոյեան-Ճէյհուն Պայրամով քառօրեայ բանակցութիւններու եզրափակիչ փուլին:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը առանցքային հարցերու շուրջ դիրքորոշումները կը մնան տարամէտ, կողմերը պայմանաւորուած են քննարկումները շարունակելու ուղղութեամբ:
«Յաւելեալ բարի կամքի, ճկունութեան եւ փոխադարձ զիջման պարագային համաձայնութիւնը հասանելի է», կը յայտնէ պետական քարտուղարը եւ կ՚ընդգծէ ԱՄՆ-ի աջակցութեան շարունակականութիւնը:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

«Առանց Անգարայի անկարելի է խաղաղութիւն կառուցել Հարաւային Կովկասէ ներս, Երեւանի հետ բնականոնացումը նոր էջ կը բանայ մեր տարածաշրջանին համար»:
Մուսթաֆա Շենթոփ-Ալէն Սիմոնեան հանդիպումէն վերջ դրական պատգամներ:
ՍԾՏՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի հիմնադրութեան 30-ամեակի յոբելենական գագաթաժողովը յատկանշական իրադարձութեան առիթ դարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն տեսակէտէ:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ ընդունեց Էյուպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ Ռաի Պատրիարքին հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Մարոնիտ եկեղեցւոյ կեդրոնատեղիին՝ Պըքերքէի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհայը։ Վեհափառ Հայրապետը շնորհաւորեց նորանշանակ դեսպանը եւ անոր արդիւնաշատ առաքելութիւն մաղթեց Հայաստանի մէջ։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ պայմաններու ներքեւ յառաջդիմած է ռուսական գրականութիւնը։
Կարելի է ըսել, որ մինչեւ 19-րդ դարը, բացի հանրաճանաչ պատմուածքներէն ու ժողովրդական հեքիաթներէն, ռուսական գրականութիւն գրեթէ չկար։ 

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սուրբ Գիրքի մէջ «Պաղեստին» կոչուած է նախ Քանանու երկիր, քանի որ այն երկրին մէջ բնակեցաւ Նոյի թոռան Քանանու սերունդը. (ԾՆՆԴ. Ժ 15-18)։ Յետոյ Յակոբի սերունդէն «Իսրայէլ» անունով կոչուեցաւ Իսրայէլի երկիր, իսկ գերութենէն ետք սկսաւ կոչուիլ «Յուդայի» երկիր (Յուդայաստան) կամ (Հրէաստան), որովհետեւ Յուդայի ցեղէն էին գրեթէ բոլոր անոնք, որոնք գերութենէն դարձան Պաղեստին։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ձեզմէ ո՞վ գէթ մէկ անգամ զԱստուած չէ մեղադրած եւ իր դժբախտութեան ու ձախորդութեան հեղինակն ու պատճառը Աստուած չէ նկատած: Այս մէկը պէտք չէ ընդունիլ որպէս Աստուծոյ դէմ մեղանչում, որովհետեւ մարդկային նկարագիրը սեփական անյաջողութեան համար յանցաւոր մը կը փնտռէ՝ ձեւով մը մեղմելու համար սեփական թերացումը:

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքար երէկ հանդիպում մը ունեցան Կոայի մէջ։ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովի ծիրէն ներս տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը։

Ուրբաթ, Մայիս 5, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ հայատեացութիւնն ու վրէժը Ատրպէյճանի պաշտօնական քաղաքականութիւնն են։
Փաշինեան, որ երէկ շփումներ ունեցաւ Փրակի մէջ, թէ՛ Չեխիոյ ղեկավարութեան հետ հանդիպումներու եւ թէ տեղւոյն Անդրատլանտեան յարաբերութիւններու կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթին ժամանակ անդրադարձաւ հրատապ օրակարգի հարցերու։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Թուրքիա շաբաթավերջէն ի վեր փակած է իր օդային մարզը՝ Հայաստանէն տարանցիկ թռիչքներու համար:
Ըստ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի յայտարարութիւններուն, Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» յուշարձանին բացումը կը համարուի անընդունելի:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ կը մեկնի Փրակ, ուր շփումներ կ՚ունենայ Չեխիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան հետ։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Ճէյք Սալըվըն երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեսակցեցաւ Արարատ Միրզոյեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, բանակցութիւններու սեղանին վրայ կայ փաստաթուղթ մը եւ այդ մէկը որեւէ անակնկալ չի պարունակեր:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Երէկ, «Հրանդ Տինք» հիմնարկի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ասուլիս մը, որ կը կրէր՝ «Դաւադրութեան տեսութիւններուն ու ապատեղեկատուութեան յարաբերութիւնը» խորագիրը։

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Այսօր մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախատեսուած է Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Մուսթաֆան Շենթոփի եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հանդիպումը։
Երէկ կէսօրուան ժամերուն Ալէն Սիմոնեանի կողմէ գլխաւորուած խորհրդարանական պատուիրակութիւնը ժամանեց Անգարա։ 

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ շարունակեց իր ուղեւորութիւնը դէպի աղէտի գօտի՝ շփումներ ունենալով Էլազըղի մէջ:

Հինգշաբթի, Մայիս 4, 2023

Շիշլի մարզակումբի վարչութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ կեանքի կոչել բազմաբնոյթ ծրագիրներ, որոնց բոլորն ալ կը համախմբեն մեր նոր սերունդը, նաեւ համայնքային շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան կ՚արժանանան։

Էջեր