Արխիւ
Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան մէջ վերջերս ոգեկոչուեցաւ յայտնի պատմաբան փրոֆ. Վահագն Տատրեան, որ կենդանութեան շրջանին լայն աշխատանք տարած էր հայկական հարցի ծալքերուն վրայ։
Հայաստանի մէջ գեղարուեստասէրները միջոցէ մը ի վեր ուշադրութեամբ կը հետեւին մասնագիտական շրջանակներու կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքին, որու նպատակն է «Փառք աշխատանքին» քանդակի վերանորոգումը։
«Մատենա» առաջնորդութեան ու մասնագիտական զարգացման միջազգային դպրոցի եւ Երեւանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանին միջեւ ստորագրուեցաւ յուշագիր մը։ Այսպէսով յայտարարուեցաւ կրթամշակութային նոր ծրագրի մը սկիզբը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի նորանշանակ Արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոննայի հետ։ Զրոյցի սկիզբին Արարատ Միրզոյեան պաշտօնակցին ցաւակցութիւն յայտնեց Քորսիքայի մէջ վերջին օրերուն ծագած փոթորիկին հետեւանքով զոհուածներուն համար։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն Կովկասի բանակցութիւններու գծով աւագ խորհրդական նշանակեց Ֆիլիփ Ռիքերը, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան փորձառու դէմքերէն մին է։
Պոլսահայութեան երկնակամարէն սահեցաւ մեր երէց սերունդէ պատուական ակադեմականին աստղը:
Ոչ եւս է փրոֆեսէօր Սիլվա Պիւյիւքաշըքօղլու, որ Կեդրոնականը աւարտելէ վերջ նուաճած էր գիտական գագաթներ:
Մեր աշխատակից Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիթէն.-
Շիշլի մարմնամարզական ակումբը Թուրքիան կը ներկայացնէ ՈՒԷՖԱ-ի ֆութսալի Եւրոպայի լիկին մէջ:
Իզմիթի «Կազանֆէր Պիլկէ» մարզադահլիճը այս օրերուն խանդավառ մրցապայքարի մը դատերաբեմը կը հանդիսանայ:
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշնչային ընկերութեան նախագահ Ամին Խուրին եւ Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» համալսարանի վերատեսուչ Հայր Սելիմ Տաքաշը։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Օգոստոսի 23-ին, առանց երկար-բարակ խորհելու Էտկար Ղազարեանի հրաւիրած հանդիպումի արդիւնքներու մասին, երեկոյեան ժամը 5-ին հանդերձ ընտանեօք՝ ես, իմ երկու զաւակներն ու մայրիկս շտապեցինք Հանրապետութեան հրապարակ՝ անգամ մը եւս իմ Հայաստանն ու Արցախը գրկելու, ըսելու, թէ ինչքան շատ կը սիրեմ իմ աստուածատուր հայրենիքները:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Տեսողութենէ զրկուած մարդոց համար գիրքը շատոնց հասանելի է: 1824-ին ստեղծուած Պրէյլի այբուբենը քանի հարիւրամեակէ ի վեր կոյր մարդոց հնարաւորութիւն կու տայ մատներու շօշափումով ընթերցելու գիրքը՝ անոր վրայ կազմուած ուռուցիկ-կէտային համակարգի շնորհիւ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Եթէ կեանքդ կապոյտ երկինքով լեցնեն,
Փուշերուն տեղ, ճամբուդ վարդեր ալ փռեն,
Լեզուդ պահել, ազգդ սիրել խոստացիր։
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1904)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մինչեւ հիմա կը խօսէինք սիֆիլիսոտի ժառանգներուն մասնաւոր արատներուն եւ վատ աճումներուն մասին:
Հիմա տեսնենք, թէ ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց ընդհանուր առողջութիւնը եւ անոնց արտաքինը (տեսքը):
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Իւրաքանչիւր քրիստոնեայ ազգի կրօնական կեանքի արտայայտումը եւ ձեւակերպումը որոշ սկզբունքներու եւ արտաքին նշաններու մէջ՝ նոյն ազգի եկեղեցին կը կազմէ։ Եկեղեցին՝ իբրեւ ժողովուրդի կրօնային կեանքի ամփոփումը, անփոփոխական տարրեր ունենալով հանդերձ՝ զարգացման այլ եւ այլ շրջաններ, պէսպէս անցումներ կը ներկայացնէ։
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած, պասքեթպոլի առասպելներէն Կարօ Գալէնտէրի յիշատակին ձօնուած մրցաշարքը Գնալը կղզիի մէջ հասաւ իր աւարտին։ Շատ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ եզրափակիչ փուլը, որուն մասնակցութիւն բերին նաեւ ակումբի նախկին պասքեթպոլի աստղերը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ մարդիկ հարց կու տան, թէ յօդուածներուս մէջ ինչո՞ւ անցեալէն շատ մէջբերում կը կատարեմ կամ ինչո՞ւ ներկան կը փորձեմ համեմատել անցեալին հետ. չէ՞ որ կարեւորը ներկան եւ ապագան է։ Այս հարցին կ՚ուզեմ պատասխանել ո՛չ թէ իմ, այլ գրող եւ մտաւորական Շահան Շահնուրի բառերով. «Որքան որ մտածումներս ետեւ տանիմ, հայերը կը տեսնեմ միշտ այնպէս, ինչպէս որ են այսօր...»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպիսի՞ն է Աստուծոյ վերաբերմունքը արդարներուն, խոնարհներուն, իմաստուններուն, ծուռ մարդոց, ամբարիշտներուն, ծաղր ընողներուն եւ յիմարներուն հետ:
Պատասխան. Վասն զի ծուռ մարդը Տիրոջը առջեւ պիղծ է, բայց Անոր մտերմութիւնը արդարներուն հետ է:
Եւրոմիութեան եւ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի խրախուսանքով կարեւոր նախաձեռնութիւն մը:
Զարգացման որոնումներ՝ արհեստավարժներու եւ հաստատութիւններու կատարելագործման ուղղեալ քննարկումներով:
Լրագրողներու համահայկական համաժողովներու համակարգման խորհուրդը վերջին օրերուն ժողով մը գումարած է Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Լրագրողներու միութեան կեդրոնատեղիի երդիքին տակ տեղի ունեցած է նիստը, որու աւարտին յայտարարուեցաւ, որ համահայկական լրագրողներու յաջորդ համաժողովը որոշուած է կազմակերպել 2023 թուականի գարնան։
Ուքրայնայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարեց, որ իր երկիրը ինքնուրոյն կ՚որոշէ, թէ ինչ ճանապարհով պիտի վերադարձնէ Խրիմը։ Ան այս առումով բացառեց Ռուսաստանի հետ բանակցութիւններու հաւանականութիւնը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Քրեմլինի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ Փաշինեան եւ Փութին քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։