Արխիւ

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023

Թուրքիոյ հարաւի, արեւելքի եւ հարաւ-արեւելքի 10 քաղաքները աւերած երկրաշարժին պատճառած ցնցումը կը շարունակուի ամբողջ երկրին մէջ։ Արդէն այսօր շաբաթ մը անցած է երկրաշարժէն ի վեր եւ, դժբախտաբար, զոհերու թիւը կը մօտենայ 30 հազարի սահմանին։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մարոնիտներու Ռաի Պատրիարքին հետ։ Նորին Սրբութեան ընկերացաւ Լիբանանի խորհրդարանի հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի։

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ամէն ինչ մէկ կողմ դնելով Հայաստանէն Թուրքիա օժանդակութիւն. խուսանաւութեան, լլկումի, քէնի եւ կղզիացած վիճակէ դուրս գալու այլընտրանք ճանապարհը:
Ցաւն ու հողը, մեծ հաշուով պատկանելիութիւն մը չունին՝ անկախ այն հանգամանքէն, թէ մարդկութիւնը այսօր ալ կը հնարէ տարբերութիւններ, որպէսզի բզիկ-բզիկ ընէ այդ խորհրդաւոր մէկութիւնը:

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Դաժան են երկրաշարժերը՝ մանաւանդ ձմրան: Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ կարգ մը բնակավայրեր աւերած եւ մարդկային տասնեակ հազարաւոր զոհեր պատճառած երկրաշարժը՝ ձմրան պաղուն ալ աւելի տաժանելի կ՚երեւնի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 13, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ինքնամփոփ (ներքնամէտ=introvert) մարդիկ յաճախ սխալ կը հասկցուին եւ ներքնամէտ ըլլալը կը ներկայացուի այնպէս, կարծէք անոնք ինքնահաւան, պարծենկոտ կամ գոռոզ են: Բայց այդ մարդիկ յաճախ կ՚ըլլան հիանալի ընկերներ եւ անզուգական գործընկերներ:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սկիւտարի Սուրբ Կարապետ եւ Գուզկունճուքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիներու նորընտիր թաղային խորհուրդներու անդամները։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

Կը տեղեկանանք, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը որոշած է կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ՝ պոլսահայ համայնքային վարժարաններու ֆիզիքական անվտանգութիւնը երաշխաւորելու նպատակով։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան երէկ Մալաթիոյ մէջ կատարեց երկրաշարժի զոհ գացած Թապաշ ընտանիքի անդամներուն յուղարկաւորութեան կարգը։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Անձրեւէն փախանք, կարկուտի բռնուեցանք». Սուրիոյ հայութիւնը կը դիմագրաւէ պատերազմ, կորուստներ եւ պատիժներ:
Հայաբնակ թաղամասերու ենթարկուած վնասները յարաբերաբար տանելի:
«Ներկայիս քաղաքական վերլուծութիւններու ժամանակը չէ։ Յուսանք՝ բոլորը խելքի գան եւ ի վերջոյ մարդութիւնն ու մարդասիրութիւնը յաղթեն»:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղուան Ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.
Եսայիի մարգարէութենէն 63.18-64.12:
Պօղոս առաքեալին Տիտոսին ուղղած նամակէն 1.1-11:
Յովհաննէսի Աւետարանէն 7.37-52:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չհասութիւն՝ չհաս ըլլալ կը նշանակէ՝ պետական կամ եկեղեցիի օրէնքով մերձաւոր ազգականութեան պատճառով արգիլուա՛ծ ամուսնութիւն։ Այս իմաստով, ամուսնութեան օրինաւորութեան գլխաւոր արգելքներէն մին է նաեւ չհասութիւնը։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գաղափարախօսութիւն բառէն ետք մեր հայրենասիրութեան բառարանին վրայ ունինք պայքար բառը, որ առաջինին հակառակ իր խորհրդաւորութենէն դուրս գալով հպարտութեան եւ յաղթանակի հոտ մը կը ձգէ:

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

Թուրքիա կը շարունակէ մնալ երկրաշարժին պատճառած ահաւոր ցնցման ազդեցութեան տակ։ Ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է աղէտի գօտիէն հասած տուեալներուն վրայ։

Շաբաթ, Փետրուար 11, 2023

Հայաստան կը շարունակէ զօրակցիլ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ՝ երկրաշարժով պայմանաւորուած ծանր իրավիճակի ողբերգական կացութեան ներքեւ։ Այսօր Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Թուրքիա։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մինաս Մեծատուրի։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Այս շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ տեղի պիտի ունենայ Գալֆաեան Տան ի նպաստ տարեկան հանգանակութիւնը։ Այսպէս, Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն պիտի նախագահէ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Պէյօղլուի ս. եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի բնականոն հունին մէջ:
Ընտրական մարմինը այսօր ընտրողներու եւ թեկնածուներու ցուցակները կը ներկայացնէ պատկան մարմիններու հաստատման:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անձամբ կը հետեւի աղէտեալներու համար սկսած օժանդակութեան արշաւին:
Նորին Ամենապատուութիւնը տեղւոյն վրայ քննեց մեր աղքատախնամ մարմիններու կամաւորներուն կողմէ տարուած աշխատանքը:

Ուրբաթ, Փետրուար 10, 2023

Արժանթինահայ յայտնի գործարար ու ազգային բարերար Էտուարտօ Էօրնէքեան վերջին օրերուն մեծ պատիւի մը արժանացաւ Իտալիոյ մէջ։ Այսպէս, ան հռչակուեցաւ Ֆլորանսա քաղաքի պատուոյ քաղաքացի։

Էջեր