Արխիւ

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկար տարիներ հաշմանդամներու դէմ անմարդկային վերաբերմունք ունենալէ ետք մարդկային ընկերութիւնը սկսաւ հասկնալ, որ անոնք եւս մէկ անդամն ու մասնիկն են այս ընկերութեան եւ հետեւաբար ունին իրենց իրաւունքներն ու կարիքները:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 30, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Զարմանալի է կեանքը: Արդէն տասն եւ աւելի տարիներ անցած են քեզի հետ իմ վերջին հանդիպումէս: Անհաւատալի: Ի՜նչ արագավազ է եղեր մեր ապրած այս դարը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբին ուղեւորութիւնը փայլուն յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Քոմոթինիի մէջ խմբավար Սիպիլ Արսէնեանի սաները բացառիկ նուաճում մը արձանագրեցին՝ գրաւելով ունկնդիրներու սիրտը:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան մասին գրելու յանձնառութիւնը շատ մեծ քաջութիւն կը պահանջէ։ Խօսքը միայն անաչառ ըլլալու, հարցերը բոլոր անկիւններէն ներկայացնելու, խնդիրները ճիշդ դատելու եւ աւելին՝ արդար եզրակացութիւններու յանգելու մասին չէ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ «Նայիրի» հարթակին վրայ այժմ հասանելի է Արմենակ Եղիայեանի «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյց»ը՝ թուային եւ բաց ձեւաչափով։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Մամուլը պատասխանատու է հասարակութիւնը առարկայականօրէն լուսաբանելու եւ իրազեկելու՝ մտահոգիչ իրադարձութիւններու, ինչպէս նաեւ ամբողջ մարդկութեան հետաքրքրութեան առարկայ խնդիրներու մասին։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

​Աստուած, անհունօրէն Կատարեալ եւ Երանելի ինքն իր մէջ, զուտ բարութեան ծրագրով մը ազատօրէն ստեղծեց մարդը, որպէսզի զայն մասնակից ընէ Իր երանաւէտ կեանքին։ Այս իսկ պատճառով, Ան ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ Ինքզինք մերձաւոր կ՚ընէ մարդուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Յաճախ կը բողոքենք, որ ժամանակին հետ փոխուած է նաեւ մարդոց մտածելակերպը: Յաճախ անցեալը աւելի աղուոր կը նկատենք, որովհետեւ այդտեղ կը տեսնենք շա՜տ մը մեռած արժէքներու պահպանումը, այսու ամենայնիւ անցեալը եւս իր մէջ կ՚ընդգրկէ շատ մը սխալներ, որոնք որպէս մարդկային ամօթ յաիւտեանս պիտի մնան ու յիշուին պատմութեան էջերուն մէջ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Այս չորեքշաբթի Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը՝ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի միջնորդութեամբ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Yolcu թատերախումբի եւ Լուսաւորիչ դպրաց դաս-երգչախումբի համագործակցութեամբ նոր ձեռքբերում մը:
«Կոմիտաս» ներկայացումներու շարքի շղթային վրայ երկու ոսկէ օղակներ աւելցան Երեւանի ոգեւոր ելոյթներով:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին շաբաթավերջին հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քհնյ. Նազարեանի։ Այս վերջինը պատարագեց կղզիի բարձունքին՝ հանդիսապետութեամբ Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ նշուեցաւ տեղւոյն Ներսէսեան դպրաց դասու հիմնադրութեան տարեդարձը։ Տարեկան տօնախմբութեան առթիւ պատարագեց Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը վշտակցեցաւ նորոգ հանգուցեալ Նուարդ Շահապօղլուի հարազատներուն:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ համայնքային շրջանակներու մասնակցութեամբ յուզումնախառն հրաժեշտ:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 29, 2022

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի հաւաքոյթ մը։ Այսպէս, եղանակի եզրափակիչ փուլին յարգանքով ու կարօտով վերյիշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի երջանկայիշատակ նախկին գահակալ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանը։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի նոր համանախագահ նշանակուիլը եւ Պաքուի կողմէ արտայայտուած բուռն բողոքը կը շարունակեն զբաղեցնել օրակարգը։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Հայաստան երէկ պաշտօնապէս Ատրպէյճանին յանձնեց Բերձոր (Լաչին) քաղաքն ու շրջակայքը՝ Արցախի Քաշաթաղի հատուածը։ Այս կապակցութեամբ Թուրքիա երէկ արտայայտեց իր պաշտօնական տեսակէտը։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ընդունեց Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանն ու գործակից ընկերները։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ պաշտօնական դիմում մը կատարեց ընտրութեան ձեռնարկելու համար։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան հասցէագրուած համապատասխան աղերսագիրը յանձնուած է նոյն տնօրէնութեան Իսթանպուլի Բ. շրջանի մասնաճիւղին։

Շաբաթ, Օգոստոս 27, 2022

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Հայաստանէն ուխտաւորներու խումբ մը՝ առաջնորդութեամբ Հարիճավանքէն Տ. Եղիշէ Քահանայի։

Էջեր