Արխիւ
ԱՄՆ կը շարունակէ խրախուսել Հայաստան-Ատրպէյճան համապարփակ խաղաղութեան հաստատումը:
Պետական քարտուղարութեան բանբեր Նետ Փրայս յայտարարեց, որ լարուածութեան աճը ի յայտ բերաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի մնացեալ հարցերու բանակցային ճանապարհով կարգաւորման անհրաժեշտութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իսրայէլի վարչապետ Եաիր Լափիտի հետ։ Հարկ է նշել, որ 4 տարուան ընդհատումէ մը վերջ երկու երկիրները որոշած են փոխադարձաբար դեսպաններ նշանակել։
Ըստ Փաշինեանի, տեսագրութիւններուն մէջ երեւելի են դէպքէն առաջ ծուխ եւ խոյս տուող մարդիկ:
Հայաստանի կառավարութեան անդամները յարգանքի լռութիւն պահեցին «Սուրմալու»ի պայթումի զոհերուն համար:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ցաւակցութիւն յայտնեց Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին համար։
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Սիրելի հայաստանաբնակ հայորդիներ,
Ապրած եմ Լիբանանի պատերազմի արհաւիրքը։ Ապրած եմ «մահուան շուքի ձորի մէջէն» անցնելու փորձառութիւնը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի ընդարձակ համալիրէն ներս շաբաթավերջին պատահած սարսափելի պայթումէն վերջ, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած է երկօրեայ սուգ։ Այսօր եւ վաղը այսպէսով բոլորը կը յարգեն զոհերու յիշատակը՝ մինչ Հայաստանի արտասահմանեան բոլոր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններուն մէջ բացուած են սգոյ տոմարներ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
-Այս ի՞նչ ծուխ է: Մեր տան մօտերը հրդեհ մը բռնկած է: Արեւիկ, չըլլա՞յ դուն տունը հրդեհեցիր, կատակով հարցուց Արին:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Մարդ եթէ ի վիճակի է ողորմութիւն ընելու, պէ՞տք է կատարէ, թէ հաշիւ ընէ սեւ օրուան մասին:
Պատասխան. Երբ ձեռքէդ աղէկութիւն ընել կու գայ, կարօտ եղողէն մի՛ խնայեր զանիկա:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի սարսափելի պայթումին դէպքը խորքին մէջ այն մեծ պատուհանն է, ուրկէ պէտք է նայիլ Հայաստանի այսօրուան մեծ պատկերին:
ՈՈրեւէ երկրի «ոճրային տարր»ը միշտ պատրաստ է նոր արիւնահեղութիւններ իրականացնելու։ Սա շատ բնականոն երեւոյթ մըն է եւ այդ պարագային ոճրային դէպքերու երանգները կամ տեսակները չեն կարեւորը, այլ այդ դէպքերը զսպող գործօնները, քայլերը եւ որոշումները, որոնք մեր մօտ մեծ նահանջ ապրած են ու երեւի դեռ ալ կ՚ապրին։ Ի՜նչ փոյթ որ օրէնքը կը քնանայ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեր նախածնողներուն «անհնազանդութեան նախընտրանք»ը պատճառ եղաւ «չար»ին գոյացման։ Արդարեւ, այս անհնազանդութեան նախընտրութեան ետին՝ կա՛յ Աստուծոյ հակադրող (ԾՆՆԴ. Գ 1-5), աստուածային պատուէրներու հակադրուող «Փորձիչին ձայնը», որ նախանձէ տարուած՝ զանոնք մահուան գիրկը գլորեց (ԻՄՏ. Բ 24)։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անհաւատալի... բայց իրաւ. շաբաթներ առաջ լրատուական միջոցներ յայտնեցին, որ Ափրիկէի երկիրներէն Ուկանտայի մէջ անօթութեան պատճառով մահացած է աւելի քան 600 անձ. բայց որո՞ւ հոգը հարիւրաւոր զոհերը՝ երբ անոնք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներ չեն, երբ Եւրոպայի «զարգացած» երկիրներու մէջ չեն ապրիր:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Պատարագիչ քահանային, սարկաւագներուն եւ դպիրներուն միջեւ փոխն ի փոխ կատարուած փառաբանութենէն ետք, պատարագիչ քահանան բարձրաձայն ու եղանակաւոր կ՚ըսէ.
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Կիներու մէջ օրհնուած» է ան, նազարէթցի «չհարսնացած Մարիամը»։
Եկեղեցին, Աստուածամօր Վերափոխումի յիշատակի տօնը լուսատենչ կը կատարէ անոր՝ որ «լուսածին օթարանը», «արդարութեան Արեգակի նոր խորանը», «Լոյսի մայրն» է հանդիսացած։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Աչքերուս դիմաց բեմականացող անտարբերութեան ներկայացումը կը խանձէ հոգիս ու այսպէս մեռելային անփութութեամբ օր մըն ալ կ՚անցնի, իր հետ տանելով մաս մը ամէ՛ն ինչէն՝ որ կար ժամանակ սրբազան էր մեզմէ իւրաքանչիւրին համար:
Երեւանի կեդրոնի սարսափելի պայթումի զոհերուն համար պիտի հռչակուի սուգի օր մը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին հետեւանքով մահացածներու շարքին կը գտնուին օտարերկրեայ քաղաքացիներ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն անյետաձգելի գործողութիւններով կը ջանայ պարզել ահաւոր դէպքին մանրամասնութիւնները. կան նաեւ հարցաքննուածներ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարը կը բացառէ ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը: Առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուց, որ մասնագէտները բաւարար կը համարեն վիրաւորներու կացութիւնը:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ երէկ Գնալը կղզիին մէջ սկսաւ մարմնամարզական փառատօն մը։ Պատրիարքական Աթոռի երանաշնորհ նախկին գահակալին՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի յիշատակին ձօնուած նախաձեռնութիւն մըն է այս մէկը։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողներու սեղանի գիրքերէն են «Հայոց պարբերական մամուլը» հատորները, որոնց հեղինակին՝ անմահ արուեստաբան, հետազօտող, գեղարուեստագէտ Գարեգին Լեւոնեանին 150-ամեայ յոբելեանը կը լրանայ այս տարի:
ՆՈՐԱ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Նստած եմ Երեւանի Քասքատին յարակից նստարաններէն մէկուն վրայ։ Կը սպասեմ աղջկաս եւ թոռանս գալուստին՝ որոնց հետ պայմանաւորուած եմ օրը անցընելու Երեւանի գունագեղ եւ տարահամ զբօսանքի վայրերուն մէջ։
Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ երէկ պատահած ահաւոր դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ Անգարայի մէջ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։