Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Երեւանէն վիպագիր Սամուէլ Մհերեանը, որուն կ՚ընկերանար մեր համայնքէն Նշան Կիւրեղ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին Սամուէլ Մհերեան մեզի յայտնեց, որ մասնագիտութեամբ ճարտարագէտ է, այժմ արհեստով կը զբաղի եւ ժամանակ կը յատկացնէ նաեւ գրական ստեղծագործութիւններու։
Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած կազմը:
Թեկնածուները կը նախատեսեն յառաջիկայ շրջանին կեդրոնանալ դպրոցի մակարդակի բարձրացման նպատակին վրայ:
Համայնքային ընտրութիւններու գործընթացը կը շարունակուի այս շաբաթավերջին։ Վաղը հերթական քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի կազմի վերանորոգման համար։
Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութիւններու կեդրոնին նախաձեռնութիւնը:
«Հայերը Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ» խորագրեալ ծաւալուն աշխատանքին մասնակցեցան հեղինակաւոր դէմքեր:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով արձագանգեց Լաչինի միջանցքի փակման։ Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ ցամաքային կապի խզման հետեւանքով ստեղծուած ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է հետեւեալը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Սանասարեան խանի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանին կողմէ արձակուած վճիռը չափազանց նշանակութիւն ունի թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ Սա մէկ կողմէ իրաւունքի հարց մըն է, իսկ միւս կողմէ ունի նաեւ այլ չափումներ։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Չկայ չարիք, առանց բարիքի:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը անգիտակցաբար մեզի կ՚օգնէ:
Վերջը խնդացողը լաւ կը խնդայ:
Իրականութեան մէջ հակառակորդը ամենալաւ կամ լաւ ուսուցիչ մըն է՝ անխօս:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայագէտ, ազգագրագէտ եւ մեծ գիտնական, հայ բանագիտութեան նահապետ Սարգիս Յարութիւնեան (1928-2019թթ.) երկար տարիներ Հայաստանի զանազան համալսարաններու մէջ դասաւանդած է «Հայ ժողովրդական բանահիւսութիւն», «Հայ առասպելաբանութիւն» եւ «Հայ հին գրականութիւն» առարկաները։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Այս տարի կը լրանայ Վահէ Օշականի ծննդեան հարիւրամեակը:
Այս առթիւ, հայ մամուլը արդէն անդրադարձաւ 20-րդ դարու իւրայատուկ այս մտաւորական-գրող-գրաքննադատ-խմբագիր եւ դասախօսին մասին:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
3. Ճահճոտ եւ մոծակաշատ տեղերուն մէջ պէտք է ցանցեր գործածել դռներուն եւ պատուահաններուն առջեւ: Այս ցանցերը պէտք է մարլիայէ կամ երկաթէ թելերէ շինուին եւ շրջանակի մէջ ամրացուցած, հագցուին պատուհաններէն ու դռներէն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մխիթարական պարագայ մըն է, թէ աշխարհի ամենէն իմաստուններն անգամ երբեմն այնպիսի սխալներ կ՚ընեն, որոնք իրենցմէ նուազ եւ համեստ զարգացում ունեցողները ամօթահար պիտի ընէին։ Ըստ յայտնի առածին՝ «շատ բան գիտցողը շատ ալ կը սխալի»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեծ հաճոյքով կը շարունակեմ կարդալ մեր մոռցուած՝ սակայն իմաստուն մտաւորականներէն Վահան Մալէզեանի յուշերը, որոնք յուշագրութեան մը կողքին օգտակար ու դաստիարակիչ ամէ՛ն բան կը պարունակեն իրենց մէջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Խասգիւղի երբեմնի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չավուշեանն ու իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքը։ Թէ՛ որպէս վարչային, թէ՛ որպէս արհեստաւոր եւ թէ որպէս բարերար ան տասնամեակներէ ի վեր կարեւոր ներդրում կը բերէ մեր հաւաքական կեանքին։
Սիրքէճիի պատմական Սանասարեան խանի սեփանակութեան իրաւունքին շուրջ Սահմանադրական ատեանը արձակեց պատմական վճիռ մը։ Այսպէս, բարձրագոյն դատարանը յանգեցաւ այն եզրակացութեան, թէ սեփականութեան իրաւունքի խախտում տեղի ունեցած է։
Թուրքիա-Ատրպէյճան-Թիւրքմենիստան առանցքին վրայ ուժանիւթի հեռահար նախաձեռնութիւն մը:
Էրտողան, Ալիեւ եւ Պերտիմուհամետով եռակողմանի գագաթաժողով մը իրականացուցին Աւազա քաղաքին մէջ:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին միջեւ տեսակցութիւն:
Փաշիեան. «Լաչինի միջանցքի տագնապը յառաջացած է՝ Պաքուի ստանձնած պարտաւորութիւններու չկատարման հետեւանքով»:
Ամանորի ընդառաջ վերջին օրերուն Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ քէրմէս մը։ Երկօրեայ ծրագիր մըն էր այս մէկը, որ առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ երէկ զարդարուեցաւ Կաղանդի տօնածառը։ Վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացով՝ եկեղեցի այցելեցին թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանէն խումբ մը սաներ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատան եւ վարժարանի մատակարար մարմնի ղեկը ստանձնելու համար թեկնածութիւն առաջադրած Սպիտակ խումբի ներկայացուցիչները՝ Նաթալի Յովհաննէսեանը, Արսէն Գովանն ու Արտա Պաքլաճըօղլուն։