Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարի Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով տեղակալ Քերըն Տոնֆրիտ յառաջիկայ շաբթուայ սկիզբին ուղեւորութեան մը պիտի ձեռնարկէ դէպի Հարաւային Կովկաս։ Այսպէս, 14-19 յունիսին ան իրերայաջորդ պիտի այցելէ Ատրպէյճան, Վրաստան եւ Հայաստան։
ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ընդունուեցան Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ:
Վարչապետը յիշեցուց, որ 2021-ի մայիսէն ի վեր Ատրպէյճանի զօրքերը ներխուժած են Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը:
«Ինչո՞ւ լուռ ես հոգի՛ս», կը հարցնէ բանաստեղծ Խաչիկ Տէտէեան։
Մարդու հոգին մերթ կ՚ալեկոծի, մերթ կը տխրի, մերթ ովկիանոսի մը նման է, մերթ՝ լճի: Ե՞րբ, ինչպէ՞ս, ինչո՞ւ... Անպատասխան հարցումներու շարան մը պարզապէս։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ 2021-2022 տարեշրջանի աւարտին կը տիրէ ոգեւոր մթնոլորտ։ 4-րդ դասարանի սաներու շրջանաւարտութեան հանդէսը, բնականաբար, կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ անոնց տեսակէտէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խումբ մը սաներ։ Խնամակալութեան անդամուհիներէն Թամար Քարասուի եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի կողմէ գլխաւորուած խումբին այցելութիւնը զուգադիպեցաւ 2021-2022 կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԲՂ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Բնութեամբ եւ հոգեւորով այսքան գիրկընդխառնուած Սեւանի թերակղզին, Հոգեգալստեան տօնին յատուկ ոգեւորութեամբ կը շրջապատուի, քանի Ս. Զատկի յաջորդող յիսուներորդ օրը՝ Հոգեգալուստը այս օրհնեալ համալիրի տարեկան տօնախմբութեան կը զուգադիպի։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Ալֆորվիլի Ս. Մեսրոպ հայկական դպրոցի շուրջ 40 սաները։ Աշակերտական խումբը գլխաւորեց տնօրէնուհի Նորա Թաշճեան։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են Լիբանանի համար։ Խնդիրը այն է, որ խորհրդարանին մէջ կայացած առաջին նիստէն ետք կը սպասուի, որ նախագահ Աուն իր մօտ հրաւիրէ երկրի նորընտիր երեսփոխանները եւ անոնցմէ պահանջէ նոր վարչապետի անունը։
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
«Հետեւաբար, ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք» (Յկ 5.6):
Երբ խօսեցաւ երէցներուն խնդրուածներուն միջոցով ցաւերը բժշկելու մասին, նոյն ատեն յայտնեց նաեւ այդ մեղքերուն թողութեան միջոցով՝ հոգիի փրկութեան մասին:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Թէեւ եկեղեցական օրէնքով արգիլուած է բարձրաձայնել անձնական պահերուն հաւատացեալին եւ հոգեւորականին միջեւ տեղի ունեցող խոստովանանքի պահերը, սակայն կը կարծեմ առանց անունի, պարզապէս որպէս երեւոյթ խօսիլը ո՛չ մէկ անպատեհութիւն կրնայ ստեղծել խոստովանողին համար:
«Կոմիտաս» ազգային քառեակի բացառիկ համերգը խոր տպաւորութիւն գործեց ներկաներուն վրայ թէ՛ գեղարուեստական որակով եւ թէ բարձր տրամադրութեամբ:
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրութեան 20-ամեակը նշուեցաւ փառաշուք հանդիսութիւնով մը:
Սահակ Սարգսեան-Արփինէ Աւդալեան ամոլը CRR-ի երդիքին տակ երէկ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց շուրջ հազար հանդիսատես՝ ներառեալ ՍԾՏՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Լազար Քոմանեսքուն, Արտաքին գործոց նախարարութեան Իսթանպուլի ներկայացուցիչ դեսպան Սալիհ Մուրատ Թամէրը եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը:
Արտաքին գործոց նախարարը երէկ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը եւ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանը:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու հետաքրքրուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու հարցով ու խոստացաւ պատեհ առիթով այցելել Գումգաբու:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Եթէ քալեցիր անդունդ չհասնող փողոցի մը վրայ,
Ըսէ՛ աղբը հաւաքողներուն.
-Շնորհակալութիւն:
Եթէ առողջ, կենդանի տուն վերադարձար,
Ինչպէս կը վերականգնի բանաստեղծութեան
Յանգը առանց խախտումի,
Ըսէ՛ դուն քեզի.
-Շնորհակալութիւն:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Այս պատմութիւնը մեզի կու գայ Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյէն։ Ցարդ ամուսնութիւնները կը կնքուէին այր մարդու եւ կնոջ միջեւ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Or me gouzeyı aysbes hotvadz krel... որովհետեւ նոր սերունդին համար աղաւաղուած հայերէնը շա՜տ աւելի հասկնալի է այսօր՝ քան նոյնինքն հայերէնը:
Տարիներ առաջ երբ Լիբանանի հայկական կազմակերպութիւններէն մէկուն մէջ կ՚աշխատէի, յայտարարութիւն տարածեցի, թէ կարիքը ունինք քարտուղարի՝ պայմանով որ հայերէն գրաշարել գիտնայ:
Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը։ Օրուան տեւողութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալեցին Լաւրովը, որ առաւօտեան ժամերուն ալ բանակցութիւններ վարած էր իր հայ պաշտօնակցին՝ Արարատ Միրզոյեանի հետ։
Մեծն Կոմիտասի խորհուրդով համակուած ենք այս երեկոյեան բոլորս։ Եզակի երեկոյթի մը մասնակիցներն ենք՝ եթէ ոչ պատմական իրադարձութեան մը։
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութիւնը ահա՛ կը նշէ իր հիմնադրութեան 20-ամեակը։
Նախ կ՚ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել կազմակերպիչներուն Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցչութեան հիմնադրման 20-ամեակին նուիրուած մշակութային այս յատուկ ու ողջունելի ձեռնարկին հրաւիրուած ըլլալու համար։
Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ ներկայ գտնուելու եւ սոյն երեկոն մեզի հետ կիսելու համար։ Աւելի քան 20 տարի առաջ Հայաստանը Իսթանպուլի մէջ հիմնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան (ՍԾՏՀ) կազմակերպութեան մօտ իր մշտական ներկայացուցչութիւնը՝ կարեւորելով տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան ամրապնդումն ու յառաջխաղացումը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Կիրակի, մայիս 22-ի Պրիւքսելի եռակողմ հանդիպումէն ետք, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի յայտարարութիւնը ակնյայտ ձեւով կը խուսափի Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին մասին արտայայտուելէ։