Արխիւ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս բեկումնային իրադարձութիւն. Էրտողան եւ Փաշինեան զրուցեցին հեռաձայնով:
Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ ստեղծուած մթնոլորտը յոյս կը ներշնչէ՝ յատուկ ներկայացուցիչներու ցարդ տեղի ունեցած իրերայաջորդ չորս բանակցութիւններուն զուգահեռ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մի քանի օրեր առաջ հանդիպեցայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն արձակուրդի համար Հայաստան ժամանած բարեկամի մը հետ. երկար տարիներ չէինք տեսնուած:
Առաջին հարցումը հետեւեալը եղաւ. «ուրա՞խ ես հոս, կրցա՞ր յարմարիլ Հայաստանի պայմաններուն». ընդհանրապէս սփիւռքի մէջ ապրողները նման հարցումներ նողկանքի շեշտով մը կ՚ընեն, կարծես ըսել ուզելով «ինչպէ՞ս կ՚ապրիս այստեղ... հոս ալ ապրելիք տե՞ղ է»:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ի՞նչն է իմաստութեան սկիզբը:
Պատասխան. Իմաստութեան սկիզբը Տիրոջ վախն է, բայց յիմարները իմաստութիւնն ու կրթութիւնը կ՚անարգեն (Առ 1.7):
«ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-սփիւռք կամուրջ» նախաձեռնութիւնը պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ: Մասնակցեցան նաեւ Պատրիարքական Աթոռի ներկայացուցիչները:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Շամխանիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան բանակցութիւններ վարեց Շամխանիի հետ, որ օրուան տեւողութեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Էնտոնեզիոյ Պալի կղզիին մէջ, ուր անոնք կը գտնուէին Մեծն քսանեակի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին առթիւ։
Երեւանի Պետական համալսարանէն ներս երէկ պատուոյ տոքթորի կոչում շնորհուեցաւ ամերիկահայ յայտնի գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանին, որ համահիմնադիրն է՝ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ արտադրած «Moderna» ընկերութեան։
«Հայաստանը փակուղիէն կը վերածուի խաչմերուկի՝ բոլոր առումներով շատ մեծ ազդեցութիւններով»:
Նիկոլ Փաշինեան կառավարութեան երէկուան նիստին անդրադարձաւ Թուրքիոյ հետ գոյացած վերջին համաձայնութիւններուն:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի աջակցութեամբ Երեւանի «Յովհաննիսեան» կաճառէն ներս «Մշակոյթ եւ արդիականացում» ծրագրի շրջանակին մէջ առցանց դասախօսութիւն մը:
Ֆրանսահայ մտաւորական Ժիրայր Մալխասեան շահեկան զեկուցում մը ներկայացուց «Զաւէն Պիպեռեան՝ մեծամասնական հասարակութեան եւ ճնշուած փոքրամասնութեան մտաւորականը» նիւթին շուրջ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնախմբութեան։ Օրուան Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Արտա Սրկ. Փընարճեան եւ Էրքան Սրկ. Կարապետեան, նաեւ այլ դպիրներ։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց ամերիկահայ խումբ մը երիտասարդ ուխտաւորներ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Կէտիկփաշայի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուն, որուն կ՚ընկերանային Թուզլայի երբեմնի Քամփ Արմէնի վերականգնման յանձնախումբի անդամները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց լիսէներու մտից քննութեան՝ LGS-ի այս տարուան Թուրքիոյ առաջիններէն Այգուն Անդրանիկ Ներսէսեանը, որ իրաւունք շահած է արձանագրուելու Ռոպերթ քոլէճ։
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Անոնք այդ անկոչ «չափորոշիչներով» չզբաղեցան, այլ իրական արժէքներով։ Հայրենիքի մեր նոր սերունդին կը մնայ արժէքը գիտնալ այդ աշխատանքին ու գործքով ցոյց տալ անոնց աւանդին յարատեւ պահպանումին՝ հետեւելով Ոսկեդարեան ուղիին ու Պետական համալսարանի սկզբնական ոգիին։
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Մարդիկ երբ ներկայիս կորսնցնելու վրայ են արժէքները ճանչնալու, գնահատելու այնքան անհրաժեշտ ունակութիւնը, անշուշտ կը ստորագնահատեն անցեալի նուաճումները, ստեղծագործութիւնները, գիւտերը եւ անոնց հեղինակները, որոնք կրնան ապրած ըլլալ հազարաւոր տարիներ առաջ:
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Պատահելիքի մը քով
Լսեցինք դեղձանիկին խօսքը:
Ինծի եւ քեզի:
-Երգը կարելի է վանդակին մէջ,
Երջանկութիւնը՝ նոյնպէս...
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քաղաքական ու տնտեսական դիտանկիւնէն Հայաստանի տարածքին տակաւին կը գտնուին մարդիկ (թիւով մեծ), որոնք երանի՜ կու տան Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, համոզուած ըլլալով, որ այդ ժամանակ կեանքը շա՜տ աւելի խաղաղ ու բարեբեր էր՝ քան հիմա:

Գերմանիոյ նախկին վարչապետ Անկելա Մերքել պիտի գլխաւորէ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի մարդասիրական մրցանակի դատակազմը։ 2020 թուականին հաստատուած է այս մրցանակը, որու դափնեկիրին կը տրուի 1 միլիոն եւրօ։
Թրքական դիւանագիտութեան երիցագոյն տիրական դէմքերէն Իլթէր Թիւրքմէն երէկ կնքեց իր մահկանացուն՝ 95 տարեկան հասակին։ Շուրջ չորս տասնամեակ Թուրքիան միջազգային բեմահարթակի վրայ տիրաբար ներկայացուցած հեղինակաւոր դիւանագէտ մըն էր Իլթէր Թիւրքմէն, որու յուղարկաւորութիւնը վաղը նախատեսուած է Թէշվիքիյէի մզկիթին մէջ։
Ցաւով տեղեկացանք, որ սփիւռքահայ մտաւորական Գէորգ Պետիկեան վերջերս ենթարկուած է գործողութեան մը։ Պետիկեանի հիւթեղ գրիչին արտադրութիւնը ուշադրութեան կ՚արժանանայ զանազան հարթակներու վրայ, սփիւռքեան լսարանի ամենահամակրելի անուններէն մին է ան։