Արխիւ
Վաքըֆներու շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի յունաց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ ձեռնարկ մը։
Դժուար է բազմութեան մէջ, երբեմն նաեւ տհաճ։ Բարդ է ընթանալ բազմութեան մէջ՝ առանց կողմնորոշումը շուարելու։ Բազմութիւնը նման է հոսանքի մը, որուն դէմ թիավարելը կը թուի ըլլալ անկարելի։ Բազմութիւնը մարդը կը շեղէ ուղղութենէն։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Սովորութեան համաձայն, երբ աչքէ կ՚անցընէի անցեալի մեր մամուլին էջերը, ուշադրութիւնս գրաւեց Երուանդ Տէր-Անդրէասեանի՝ «Հայ լեզուն» գրութիւնը, որ հրապարակուած է «Անդաստան» գրականութեան եւ արուեստի պարբերականին մէջ, Փարիզ, 1964-ին, էջ 75-78: Օրին, «Անդաստան»ի խմբագրութիւնը, տուած է հետեւեալ ծանօթագրութիւնը.
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Անցնող շաբթուան ընթացքին համացանցի ճամբով նամակ ստացայ երեք տարբեր պոլսահայ ընթերցողներէ, որոնք տուին այն ուրախութիւնն ու լաւատեսութիւնը, որ տակաւին այս պայմաններու մէջ նոյնիսկ, թէեւ թիւով քիչ, կը գտնուին անձեր, որոնք կը շարունակեն կարդալ հայկական մամուլը, որոնց համար կ՚աշխատինք ու կը գործենք:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գիւղը կանգնի՝ գերան կը կոտրի:
Ամէն բան մեր ձեռքերուն մէջ է: Մեր ուղին հարթողը մենք ենք՝ ազգերը, ժողովուրդները:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Մարտինի կուսակալ Մահմուտ Տեմիրթաշին։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին դէպի Տիարպաքըր ուխտագնացութիւնը գլխաւորելէ վերջ անցաւ Մարտին, ուր նախ նախագահեց Տերիքի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն, իսկ աւելի վերջ անցաւ Տէյրիւլզաֆարան ասորւոց պատմական վանքը, ուրկէ վաղը պիտի վերադառնայ իր Աթոռը։
Քիեւ կը պնդէ, որ Մոսկուայի դէմ Արեւմուտքի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները կը շրջանցուին Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջոցաւ: Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը աստիճանաբար նոր իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ համաշխարհային տնտեսութեան տեսակէտէ, մարդուժի հարցերով հանդերձ
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Պաքու Երեւանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովը ստեղծել վարչապետի մակարդակով։ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպման ընթացքին որոշուած էր սահմանազատման հարցերով եւ սահմանային անվտանգութեան համար յանձնաժողով մը ստեղծել։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յաճախ խօսած ենք այն մասին, որ սկսած ենք կամաց կամաց հեռանալ մեր արժէքներէն եւ արմատներէն. այս ահազանգը հնչեցնելէ երբեք պիտի չյոգնինք, որովհետեւ անոր դիմաց անտարբեր մնալն է, որ մեր ազգը այսօր հասցուցած է հոն՝ ուր որ է այսօր:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Աթոմական ռումբերը համեմատաբար նոր երեւոյթ կրնանք համարել միջազգային քաղաքականութեան ու ընդհանուր պետութիւններու ռազմական կառուցուածքներուն մէջ: Անոնք Համաշխարհային երկրորդ պատերազմէն վերջ տարբեր երկիրներու զինանոցներուն մէջ դեր խաղացին՝ անոնց ունեցած ուժի, առաւելութիւններու եւ արտաքին քաղաքականութեանց գծագրման մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերնագիրը կարդալով, յարգելի ընթերցողը պիտի հարցնէ.
-Սեւ մածո՞ւն, այս ուրկէ՞ եկաւ:
Արդար եւ իրաւ հարցադրում:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մաշտոցեան մատենադարանի հմայիլներուն ցանկը համալրուեցաւ եւս երկուքով: Անուանի քարտէսագէտ Ռուբէն Գալչեան (Գալիչեան) օրերս Մատենադարանին նուիրեց երկու ժապաւէնաձեւ հմայիլ՝ մէկը ձեռագիր, միւսը՝ հնատիպ:
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութեան վարչութեան ներկայացուցիչները՝ Ալին Շէնճանը, Առլէթ Կիւնթէրը եւ Մաննիկ Ներկիսօղլուն։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին հիւրերը տեղեկութիւններ փոխանցեցին Արամեան սանուց միութենէն ներս վերջին շրջանին ծաւալուած բազմակողմանի գործունէութեան շուրջ։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ներկայիս ունի նոր նախագահ մը՝ յանձին՝ Անթոնիօ Ֆէյժոյի։ 15 դեկտեմբեր 2021 թուականին գումարուած էր այս հիմնարկի հոգաբարձութեան համաժողովը։ Լիագումար նիստի ժամանակ որոշուած էր նախագահի պաշտօնը վստահիլ Անթոնիօ Ֆէյժոյին։ Ուստի, 3 մայիս 2022 թուականի դրութեամբ փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժօ անցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի գլուխը։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի՝ մարդասիրական հարցերու գծով տեղակալ Մարթին Կրիֆիթսը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմով պայմանաւորուած զանազան խնդիրներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Քաղաքական առկայ ձգտումներու եւ ներքին բեւեռացումներու մթնոլորտին մէջ միշտ այժմէական հարցում մը. ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի փրկէ Հայաստանը։
Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ, շաբաթավերջին դէպի Տիարպաքըր կազմակերպուած ուխտագնացութեան արձագանգները կը շարունակուին։ Սա իսկապէս դէպքի մը վերածուած է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս, ուր գաւառի մեր ժառանգութեան վերաբերեալ զգայնութիւնները միշտ կը մնան արծարծուած։
Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժումը ամբողջ թափով կը շարունակուի, շաբաթավերջին հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վանաձորի եւ Կիւմրիի մէջ:
Շիրակի մարզի գերեվարուած զինուորներու ծնողները ճանապարհը միջոց մը փակեցին՝ արտայայտելով ընդվզում. «Ինչո՞ւ վառեցիք Թուրքիոյ դրօշը ու չթողեցիք, որ մեր երեխաները ետ բերեն»:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը շնորհուեցաւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ. «Անատոլուի չորս կողմերու սրբավայրերը յարգանքի եւ եղբայրութեան ազդանշաններ են»։
Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ պատմական մեծահանդէս արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կասկածէ վեր է, որ հայ ժողովուրդին քունը ծանր է քիչ մը... Մսրայ մելիքը քերազանցելու աստիճան: Քուն՝ որուն դիմաց «Զարթի՛ր Լաօ»ն կը մնայ մեռեալ խօսք՝ հրամայական «զարթի՛ր»էն անցնելով աղերսական «զարթիր»ի մը, քիչ մը յուսահատ ու վհատ շեշտով ողողուած: