Արխիւ
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Մեր տունին մէջ միշտ շատ գիրք եղած է: Իմ մեծ մայրը մեծ գրադարան մը ունէր: Մեծանուն հայ հեղինակները իրենց ուրոյն տեղը կը զբաղեցնէին այդ գրադարակներու մէջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, Մեծ պահքի երրորդ շաբաթ օրը, աւանդաբար, կը տօնէ Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր աստուածաբան-եկեղեցականներու՝ Սուրբ Յովհան Օձնեցի հայրապետի, Սուրբ Յովհան Որոտնեցի եւ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի վարդապետներու եւ Երուսաղէմի Սուրբ Յովհան հայրապետի յիշատակութեան օրը:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մանրիկներուն ամենէն մեծ թշնամիները՝ մաքրութիւնն ու լոյսն են:
Եւ, իրապէս, անոնք կ՚աճին խոնաւ, մութ եւ աղտոտ տեղերու մէջ, այն ինչ չոր, մաքուր եւ արեւշատ տեղերու մէջ կը կոտորուին, կը փճանան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հեքիաթները, զրոյցներն ու առասպելները ճշմարիտ են թէ ոչ՝ մեր այսօրուան նիւթը չէ, սակայն պարզ է, որ անոնք գրուելու եւ թուղթ լեցնելու սիրոյն գրուածքներ չեն: Թէեւ շատ անգամ անհաւատալի ու չափազանցուած, անոնք գրուած են փոխանցելու գաղափար մը, որ աւելի՛ կարեւոր է քան ճշմարտութեան ստուգումը:
ՀԲԸՄ-ի աշխարհատարած ընտանիքը կը սգայ երէց սերունդէ երախտաշատ ազգային գործիչի մահը:
92-ամեայ Գառնիկ Եագուպեան տասնամեակներու նուիրեալ գործունէութիւնով եղած էր ծառայութեան ախոյեան մը:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։
Թուրքիոյ եւ Հայաստանի մինչեւ 17 տարեկաններու ֆութպոլի կանանց հաւաքականները երէկ հանդիպում մը ունեցան՝ ՈՒԷՖԱ-ի Եւրոպայի կանանց առաջնութեան որակաւորման փուլի շրջանակին մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր պիտի ուղեւորուի Մոսկուա, ուր վաղը շփումներ ունենալէ վերջ պիտի անցնի Քիեւ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ հարցազրոյց՝ «Անատոլու» գործակալութեան:
Արարատ Միրզոյեան. «Նախարար Չավուշօղլուի հետ կարծիքներ փոխանակեցինք կարգ մը զգայուն կէտերու շուրջ»:
«Restart»ի նախաձեռնութեամբ քննարկում մը՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու ապագային շուրջ:
ԱՄՆ-էն ակադեմական Արման Գրիգորեան Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելէ վերջ եկած է քաղաքս:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Ռազմեր եւ ծանր հրետանիով ռմբակոծումներ, մինչ Քիեւի մէջ «պարէտային ժամ» հաստատուած է։ Խերսով արդէն Ռուսաստանի զինեալ ուժերու տիրապետութեան տակ է։ Ուքրայնայի մէջ, թէեւ ռազմական գործողութիւնները մասամբ դանդաղած են, բայց եւ այնպէս, պատերազմը «հաստատակամ» կերպով կը շարունակուի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումը նոր սպասումներու եւ նոր հարցականներու առիթ դարձաւ՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին տեսակէտէ։ Չավուշօղլու-Միրզոյեան հանդիպումը առանցքային էր։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ պահոց 17-րդ օրն է:
Այս օրուան խորհրդածութեան համար ընտրած եմ Ղպտի եկեղեցւոյ նախկին Հայրապետին՝ Շնուտա Գ.-ին մէկ նախադասութիւնը, ուր կ՚ըսէ. «Պահեցողութիւնը մարմինին անօթութիւն չէ, այլ՝ հոգիին յագեցում»:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Գարասուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ակամայ կը թուի, թէ օղակը արցախահայոց շուրջ օր ըստ օրէ կը սեղմուի: Սոյն թուականի մարտի ութէն սկսեալ Արցախի մէջ, անյայտ պատճառներով, վնասուեցաւ կազատար խողովակը, որ կ՚անցնի Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ մնացած տարածքով:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ամէն առաւօտ, իր ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, կը նստիմ համակարգչիս դիմաց, ու կը սկսիմ համացանցին վրայ տեղադրուած հայ մամուլի կայքերը կարգով աչքէ անցընել: Զանազան լուրեր, յօդուածներ, կիզակէտեր, մտորումներ, տեսակէտներ, նկարներ եւ անպայման՝ մահազդներ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
«Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ին մէջ յաճախ էջի սահմաններու մէջ կը ներկայացնենք կեանք մը, որուն մասին կարելի է գրել հատորներ. կեանքեր՝ որոնք երեւցածէն տարբեր անցած են դժուարութեան, չքաւորութեան ու պայքարի մէջ:
ԼԵՒ ԹՈԼՍԹՈՅ
Ռուսերէնէ արեւելահայրէնի թարգմանեց՝
ԷՄՄԱՆՈՒԷԼ ՔԱՀԱՆԱՅ ՆԱԶԱՐԵԱՆՑ
Արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջերս կը կարդայի Լեւ Թոլսթոյի «Աղօթք» վերնագիրով գրութիւնը, որ ռուսերէնէ արեւելահայերէնի թարգմանած է Էմմանուէլ Քահանայ Նազարեանցը, ու որպէս գրքոյկ հրատարակած է զայն 1906-ին Մոսկուայի մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Շաբաթավերջին Երեւանի գրադարաններուն մէկուն մէջ գտայ 1920-ական թուականներուն տպագրուած գիրք մը՝ «Վախերու բառարան» (A Dictionary of Phobia) անունով, որուն մէջ նկարագրուած է աշխարհի երեսին մարդոց դիմագրաւած վախերն ու անոնց բացատրութիւնները: