Արխիւ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այսօր կ՚այցելէ Թեհրան, ուր կը հիւրընկալուի Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիանի կողմէ։ Իրանի նոր ղեկավարութեան ձեւաւորումէն վերջ սա Թուրքիայէն կատարուած բարձր մակարդակի վրայ առաջին այցելութիւնն է։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր երկօրեայ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսել։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան կը մասնակցի Եւրոմիութեան Արեւելեան գործընկերութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն, որոնց զուգահեռ նախատեսուած էր թաղի Տատեան վարժարանի տարեկան նուիրահաւաքը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին շատ յատկանշական այցելութիւն մը կատարեց՝ արժեւորելով ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու Հանրապետական շրջանի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն մին։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այցելեց Ասորւոց նորակառոյց եկեղեցւոյ շինարարութիւնը, որ բաւական յառաջացած է։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ մեր նոր սերունդի ներկայացուցիչներուն հետ։ Այսպէս, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած պասքեթպոլի ձմրան դասընթացին։
Անողոք հիւանդութիւն. Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ ողբերգական ու ցաւալի վախճան:
Տ. Թաթուլ Ծայրագոյն Վարդապետ Անուշեան ի տէր հանգաւ՝ խոր սուգի մատնելով մեր համայնքի հաւատացեալները:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Ներսէսեան դպրաց դասու տարեդարձի սիրոյ սեղանն էր։ Կը նախագահէր երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Հայրը իր կողքին ունենալով երիտասարդ աբեղայ մը՝ յանձին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Թաթուլ Աբեղային։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, անցեալ շաբթուայ գրեթէ ողջ տեւողութեան տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի աշխատանքը, որու ծիրէն ներս օրակարգի վրայ եկած է նաեւ «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի փոփոխութեան վերաբերեալ նախագիծը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Նորութիւն մը ըսած պիտի չըլլամ, եթէ շեշտեմ այն միտքը, որ այսօրուան նիւթին ընդհանուր վերնագիրն է։ Այսինքն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու համար այսօրուան գերխնդիրը Իրանի միջուկային ծրագրի իրականացման «վախ»ը չէ, ոչ ալ ուրանիումի չափաքանակի ամէնօրեայ աճը, որ ըստ արեւմուտքին, բայց մասնաւորապէս՝ ԱՄՆ-ին, Իրանը պիտի մօտեցնէ կորիզային զէնք ունենալու։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ առաջ Ամերիկա հաստատուած հայորդի մը իր նամակներէն մէկուն մէջ կը գրէ. «Արեւելքի մեր քաղաքին փողոցները, երեկոյեան զանգակներուն ձայնը, հայերէն երգի փշրանք մը, թաղին մէկ անկիւնը պատի մը տակ լացող մանուկ մը՝ դրին անխուսափելի, անջնջելի իրենց դրոշմը մեր խառնուածքին վրայ: Հեռու, հեռո՜ւ կը թուին այդ բոլորը հիմա:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախընթաց օր Փարիզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պաղեստինի Արտաքին գործոց նախարար Ռիատ Մալքիի հետ։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ժողովներուն մասնակցելու համար։
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար լուծուիլ ուժով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Մհեր Գրիգորեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ԱՊՀ-ի անդամ երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի առցանց նիստին ժամանակ։
Երէկ, Իսթանպուլի մէջ տեղի ունեցաւ Թրքական խորհուրդի 8-րդ գագաթաժողովը։ Հաւաքի տանտէրն էր Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ այս առթիւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին յանձնեց թրքական աշխարհի շքանշանը։
Փարիզ-Մոսկուա բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ժամանակ անդրադարձ՝ Հարաւային Կովկասին:
Ֆրանսա եւ Ռուսաստան անհրաժեշտ կը նկատեն համատեղ աշխատանքով Հայաստան-Ատրպէյճան համաձայնագրի մը հասնիլը:
Ճանապարհներու ապաշրջափակման քօղի ներքեւ՝ բնակավայրերու մեկուսացման քաղաքականութիւն:
Արմէն Սարգսեան գրառումով մը հանդէս եկաւ Գորիս-Կապան մայրուղիի վերջին իրադարձութիւններուն զուգահեռ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու ժրաջան անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէրը։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Աթոռի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի երիտասարդ անդամները։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ ջերմօրէն ողջունեց կամաւոր երիտասարդները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց «Մարալ» երգի-պարի համոյթի ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի եւ վարչութեան ատենապետուհի Վարդուհի Մսըրլեանի։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր արժէքաւոր իրաւաբաններէն Սառա Պարըն փայլուն վերելք կ՚արձանագրէ ասպարէզին մէջ։ Սառա Պարըն, որ կ՚աշխատի Լոնտոնի մէջ, վերջերս արժանի դասուած է մաս կազմելու լաւագոյն փաստաբաններու ցուցակին վրայ։
Մեներգչուհի Սիպիլ այս շրջանին դարձեալ զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին է։ Կը տեղեկանանք, որ վաղը երեկոյեան ժամերուն ալ հանդէս պիտի գայ «Artı» առցանց հեռուստակայանէն։ Ժամը՝ 20.00-ին պիտի սփռուի իր հետ կատարուած հարցազրոյց մը, զոր վարած է Լեւենտ Իւզիւմճիւ։