Արխիւ
Թաւջութակահար Սեւակ Աւանէսեան դրամահաւաքի սկսած է արցախցի ստեղծագործողներուն աջակցելու նպատակով։
Մեր մեծերէն Զարուհի Տոլուխանեան 2007 թուականի այս օրը, 89 տարեկանին մահացաւ Ռուսաստանի մայրաքաղաքը՝ Մոսկուայի մէջ։ Ան թաղուած է Մոսկուայի հայոց գերեզմանատունը։ Մասնագիտութեամբ օփերայի քոլորաթուրա երգչուհի, երաժշտութեան ուսուցիչ եւ երգչուհի Զարուհի Տոլուխանեան ծնած է 1918 թուականի մարտի 15-ին՝ Մոսկուա։
«Կին» միջազգային շարժանկարի փառատօնը, որ նպատակ ունի վերաիմաստաւորել կնոջ տեղն ու դերը հասարակութեան մէջ, շարժանկարի միջոցով լուսաբանել անոր խնդիրները, այս տարի տեղի կ՚ունենայ առցանց հարթակի մէջ: Շարժապատկերի երկրպագուները ժապաւէնները կրնան դիտել դեկտեմբերի 9-13 թուականներու միջեւ։
Նախկին կուսակալ եւ նախարար Նեւզատ Այազ երէկ 90 տարեկան հասակին մահացաւ Իսթանպուլի մէջ։ Աւելի քան տասն օրէ ի վեր ան կը դարմանուէր հիւանդանոցի մէջ, սակայն իրեն համար ի սպաս դրուած բժշկական խնամքը դժբախտաբար անբաւարար եղած է փրկելու համար կեանքը։
Ֆրանսայի Ազգային ժողովը երէկ հաւանութիւն տուաւ բանաձեւի մը, որով Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումը հրատապ անհրաժեշտութիւն կը համարուի։ Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս երէկ համապատասխան բովանդակութեամբ նախագիծը հաւանութեան արժանացաւ՝ 188 կողմ եւ 3 դէմ քուէով։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները՝ Սերկէյ Լաւրով (Ռուսաստան), Ժան-Իվ լը Տրիան (Ֆրանսա) եւ Սթիվըն Պիկան (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, պետական քարտուղարի տեղակալ) երէկ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը, որով Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին օգտուիլ հրադադարէն եւ համանախագահներու հովանաւորութեան ներքեւ բանակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի պարագային երկարատեւ ու կայուն խաղաղութեան համաձայնագրի մը հասնելու համար։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներուն հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս հանդիպման ընթացքին քննարկուեցաւ այն իրավիճակը, որ ստեղծուած է Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Այս առթիւ երկու ղեկավարները անդրադարձան նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
-Ո՜վ Ռոնտա. ինչպէ՞ս կը պատահի ես՝ որ տկար եմ ինքզինքս արդարացնեմ:
-Տկարութիւնդ չես զգացած՝ այդ պատճառով ալ դուն քեզ կ՚արդարացնես:
Արեւելահայերէնէ վերածեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Վարսենիկը ամսուայ մը շօշափելի երջանկութիւն ունէր Սիսակի հետ բառի իսկական իմաստով՝ ընկերներու մասին պատմութիւնները լսելով, ամուսինի երկար լռութեանը ձայնակցելով, դիրքերու նորութիւններուն անոր հետ ձայնակցելով, երեխաները քնացած ամուսինի թեւատակէն նուրբ քաշել-հանելով, որ հանգիստ քնանայ, յանկարծ ուսը չցաւցնէ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանին յանձնուեցաւ նաեւ Ծիծեռնավանքը՝ 4-րդ դարու եռանաւ պազիլիք եկեղեցին, որ նոյնանման կառոյցներուն մէջ միակ կանգունն է՝ Հայաստանի ու Արցախի տարածքին: Հակարի գետի Աղաւնոյ վտակի աջ ափին՝ Ծիծեռնավանք գիւղին մօտակայքը գտնուող հայկական վանքը սահմանէն անդին առանձին մնաց:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ Յովհաննէս Ոսկեբերան կը թելադրէ նոր ամուսնացեալ երիտասարդներուն այսպէս խօսիլ իրենց հարսին. «Ես առի քեզ իմ թեւերուս մէջ եւ կը սիրեմ քեզ եւ կը նախընտրեմ քեզ կեանքէս աւելի։ Որովհետեւ ներկայ կեանքը ոչինչ է, իսկ իմ ամենավառ երազս է զայն անցընել քեզի հետ, այնպիսի ձեւով որ ապահով ըլլանք իրարմէ չբաժնուիլ նաեւ մեզի վերապահուած միւս կեանքին մէջ։
Հայաստանի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնը Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէին հետ այս շրջանին անմիջական շփման մէջ կը գտնուի:
Յետպատերազմեան պայմաններու ներքեւ Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դիմագրաւած մարդասիրական տագնապի յաղթահարման նպատակով լուծման որոնումներ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները մօտաւոր ապագային աշխատանքի պիտի ձեռնարկեն Ատրպէյճանէ ներս՝ Ռուսաստանի հետ համատեղ դիտարկման կեդրոնին մէջ։
Երեւանի մէջ երէկ երեկոյեան Հայաստանի ընդդիմադիր ուժերը կազմակերպեցին «Արժանապատուութեան երթ» մը՝ միշտ պահանջելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան ծանր պայմանները եւ կորուստի պատմական բնոյթը սարսափելի ալեկոծումի մը ծնունդ տուած են Հայաստանի մէջ։ Քաղաքական ցնցումը կը շարունակուի ժողովրդական պոռթկումով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանը։ Զրոյցի բովանդակութեան մասին պաշտօնական աղբիւրները որեւէ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։
Լուվր թանգարանը աճուրդի կը հանէ «Մոնա Լիզայի»՝ առանց ցուցափեղկի ստուգումը։ Այսպէս, Փարիզի Լուվր թանգարանը աճուրդի կը դնէ ժամանակակից նկարիչներու աւելի քան քսան աշխատանք, ինչպէս նաեւ եզակի ծառայութիւններ՝ «հազուագիւտ փորձը վերապրելու համար», այդ կարգին՝ «Ճոքոնտա» («Մոնա Լիզա») կտաւի ամենամեայ ստուգման ներկայ գտնուելու հնարաւորութիւնը, երբ զայն դուրս կը բերեն յատուկ պաշտպանիչ ապակիի տակէն։
Հայաստանի ֆութսալի դաշնակցութիւնը կը կազմակերպէ կանանց ֆութսալի բաց առաջնութիւն։ Սոյն մրցաշարքը տեղի կ՚ունենայ երեք՝ մինչեւ 12, մինչեւ 15 եւ 15-էն բարձր տարիքային խումբերու համար։
Կեանքէն հեռացաւ Գորիսի տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեան։ Գորիսի «Վ. Վաղարշեան» տրամաթիքական թատրոնի դերասան Սէյրան Մկրտչեանի մահուան մասին կը տեղեկացնէ թատրոնի «Ֆէյսպուք»ի պաշտօնական էջը։
Համերգ-ցուցահանդէս՝ նուիրուած Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներուն։ Այսօր՝ դեկտեմբերի 2-ին, ժամը 16.00-ին, Հայաստանի Արամ Խաչատուրեանի տուն-թանգարանը կը հրաւիրէ մասնակցելու Արամ Խաչատուրեանի զարմիկներու՝ հռչակաւոր երաժիշտներ Կարէն Խաչատուրեանի 100-ամեայ եւ Էմին Խաչատուրեանի 90-ամեայ յոբելեաններուն նուիրուած համերգ-ցուցահանդէսին։