Արխիւ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին Moderna ընկերութեան կողմէ, որու համահիմնադիրներէն եւ սեփականատէրերէն է ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեան։ Միջազգային աղբիւրներու հաղորդումներով, Moderna-ի փորձարկումները կ՚ընթանան յաջող հունի մը մէջ։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի պայմաններուն ներքեւ երէկ Թուրքիոյ մէջ կատարուած քննութիւններուն թիւը առաջին անգամ գերազանցեց 100 հազարի շեմը։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին վիճակագրական տուեալները։
ԱՄՆ մտահոգուած՝ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ ծագած առկայ լարուածութեան պատճառով: Թրամփ Էրտողանի եւ Միցոթաքիսի հետ հեռախօսազրոյցներով քննարկեց արեւելեան Միջերկրականի իրադրութիւնը:
Ռուսաստան ներկայ լարուած շրջանին կը խտացնէ իր շփումները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ: Սերկէյ Լաւրով երէկ ընդունեց Ճէյհուն Պայրամովը եւ խօսեցաւ Զօհրապ Մնացականեանի հետ. բանակցութիւններու վերսկսման համար խրախուսանք:
Համայնքային շրջականերէ ներս ներկայիս միշտ օրակարգի վրայ է թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ընկերային զօրակցութիւնը խթանելու առաջնահերթութիւնը։ Համաճարակով պայմանաւորուած խնդիրները, տնտեսութեան ծանր կացութիւնը եւ այլ գործօններ ընկերային զօրակցութեան շարժումները կը դարձնեն առաջնահերթ։
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Աղէտը միայն MACRO, բազմապատկուած MICRO: Լիբանանը աղիտալի վիճակի մէջ է, նաւահանգիստին մէջ տեղի ունեցած պայթումը Պէյրութը աւերեց:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Վերջին եօթ-ութ ամիսներու ընթացքին աշխարհի բնականոն հունը կանգ առաւ եւ արդէն իսկ աշխարհը նոր հուն մը սկսած է որդեգրել իրեն համար, շարունակելու իր ընթացքը: Այս փոփոխութեան պատճառը թագաժահր կոչուող վարակն է:
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Հոգերու տակ կքած ծերունի մայրը, աւելի քան տասն տարի առաջ, դեկտեմբերի 13-ին ստացաւ ուղեղի կաթուած: Աւա՜ղ ստոյգ թուականը չեմ յիշեր:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Պոլսահայ նշանաւոր երգիծաբան Նշան Ն. Պէշիկթաշլեանի ստեղծած երեսունէ աւելի հաւաքական գրական դիմանկարները տեղ գտած են հայ երգիծագրութեան վարպետին «Հայ աղբրտիք», «Մեր պարտէզէն», «Մեր դրախտէն» ժողովածոներուն մէջ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ յաճախ կը խորհին եւ իրենք իրենց կը հարցնեն՝ թէ աշխարհի վրայ ի՞նչու ցաւ, վիշտ եւ նեղութիւններ կան, եւ թէ Աստուած, որ Բարի է, ի՞նչու կ՚արտօնէ որ մարդիկ այդ ցաւերուն, վիշտերուն եւ նեղութիւններուն ենթարկուին։
ԹՈՒՄՕ ստեղծարար փորձագիտութիւններու կեդրոնը վերջերս մասնաճիւղ մը հաստատեց Մոսկուայի մէջ։ Այսպէս, 26 օգոստոսին բացուեցաւ երրորդ միջազգային ԹՈՒՄՕ կեդրոնը՝ Փարիզէն եւ Պէյրութէն վերջ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ ներկայացուցած է Սպիտակ տան Վարդերու պարտէզի՝ գրեթէ վաթսուն տարուան ընթացքին առաջին բարեկարգման աշխատանքներու արդիւնքները։ Ան, իր «թուիթըր»ի օգտահաշիւին վրայ ներկայացուցած է Սպիտակ տան Վարդերու պարտէզի՝ գրեթէ 60 տարուան ընթացքին առաջին վերանորոգման աշխատանքներու արդիւնքները։
Գիտնականներ կը զգուշացնեն, որ անլար ականջակալները վտանգաւոր են առողջութեան համար եւ կրնան քաղցկեղ պատճառել։ Անլար՝ Bluetooth-ով աշխատող ականջակալները վնասակար են առողջութեան համար, քանի որ մարդու ուղեղէն շատ փոքր հեռաւորութեան վրայ ճառագայթող ելեկտրամագնիսական ալիքները մեծ վտանգ կը սպառնան մարմինին:
Գիտնականները պարզած են Լէոնարտօ տա Վինչիի՝ 500 տարի առաջ առաջադրած հարցումներու պատասխանները։ Անոնք յաջողած են գտնել Վերածնունդի դարաշրջանի մեծագոյն հանճար Լէոնարտօ տա Վինչիի առաջադրած հարցումներու պատասխանները՝ սրտի աշխատանքի առանձնայատկութեան մասին:
«Հայաստանը սէր է». Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի նոր նախաձեռնութիւնը։
Այսուհետեւ, Հայաստանի եւ Արցախի պատմամշակութային վայրերուն կարելի է աւելի յաճախ հանդիպիլ համացանցի մէջ «Հայաստանը սէր է», «Հանգստացիր Հայաստանի մէջ», «Visit Armenia», «Armenia Love» «հեշտեկ»ներով։
Ֆրանսահայ համայնքէն ներս այս շրջանին յառաջ կը տարուին դպրոցաշինութեան ծրագրեր։ Փարիզի արուարձաններէն Ալֆորվիլի մէջ ալ կը կառուցուի հայկական դպրոց մը եւ ֆրանսահայ շրջանակները մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն այս ծրագրին նկատմամբ։
Երեւանի Ռայնիսի փողոցի թիւ 3 հասցէին մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ սարսափելի պայթում մը, որու հետեւանքով շէնքը գրեթէ քանդուեցաւ։ Զէյթունի վարչական շրջանէն ներս պատահեցաւ դէպքը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ պարզած ընդհանուր պատկերը հետզհետէ աւելի մտահոգիչ կը դառնայ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վիճակագրական վերջին տուեալները։
Հայաստանի Ազգային գրադարանը արդէն ունի նոր տնօրէնուհի մը. յանձինն՝ Աննա Չուլեանի։ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Արայիկ Յարութիւնեան երէկ գրադարանի անձնակազմին ներկայացուց նորընտիր տնօրէնուհին։ Ներկայ էին նաեւ փոխ-նախարար Նարինէ Խաչատուրեան եւ նախարարի օգնական Դաւիթ Դանիէլեան։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանային փախումներու լոյսին տակ Ռուսաստանի նախաձեռնութիւնները:
Սերկէյ Շոյկու երէկ Պաքու այցելելով տեսակցեցաւ Իլհամ Ալիեւի հետ, Ճէյհուն Պայրամով այսօր Մոսկուայի մէջ: